ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ
Մարմարա ծովու Իսթանպուլի մերձաւոր Իշխանաց Կղզիներու մէջ անմարդաբնակ վայր մը ըլլալով ծանօթ Եասսըատան (Տափակ Կղզի) վերջին շինութիւններէ ետք սկսած է այցելուներ ընդունիլ։ Մենք ալ առիթէն օգտուելով ուզեցինք տեղուոյն վրայ հաստատել կատարուած աշխատութիւնը։ Քանի կը մօտենայինք փոքր ու տափակ կղզիին վրայ հետզհետէ կը յստականար պեթոնապատ հսկայ կոյտեր։
Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան, Արեւտրական Կաճառներու Միութեան նախաձեռնութեամբ 2015 թուին մեկնարկած էր 125 տեղանոց հիւրանոցի մը, 500 ժողովականներ ընդունելու յարմար համագումարներու կեդրոնի մը եւ 200 հաւատացեալներ ընդունելու կարող մզկիթի մը կառուցման նախագիծը։
Առաջին հերթին աչքի կ՚իյնայ կղզիի բնութեան հետ անկապակից ծառատունկ մը։ Անոնց մէջ գոյութիւնը դժուարաւ պահած քանի մը կարմրաւուն եղեւնի կարծես թէ փաստել կ՚ուզեն թէ իրենք տեղացիներ են եւ մնացեալը եկուոր։ Կը յիշենք թէ շինութիւններու ընթացքին մեծ քանակութեամբ թափօն կղզիի շուրջ բոլորը դէպի ծով թափած էր վնասելով այն տեղի ծովի յատակի բնական պաշարները։
Այնպէս տպաւորուեցանք թէ թանգարանը եւ այլ մանր կառոյցներ հսկայ հիւրանոցը օրինականացնելու ջանքեր են։ Եասսըատան հանրային յիշողութեան մէջ դրոշմուած է 1960 թուականի զինուորական յեղափոխութենէ ետք գահավիժած կառավարութեան անդամներու դատավարութիւնով։ Այդ դատավարութեան աւարտին է, որ վարչապետ Ատնան Մենտերեսի եւ երկու նախարարներուն մահապատիժ վճռուեցաւ։ Կղզիի ներկայ շինութիւնները եւ վերանուանումը այդ յիշատակը չէզոքացնելու կողքին զբօսաշրջութեան հետեւաբար շահի ակնկալութիւնով եղած է։
Սակայն ինչպէս մարդիկ, նոյնպէս տարածքներ ալ ունին իրենց ճակատագիրը։ Եասսըատա ամբողջ պատմութեան ընթացքին անիծեալ համարուած վայր մը ըլլալով կը յիշուի։ Բիւզանդական Կայսրութեան շրջանին այդ ժամանակուայ անուանումով Փլաթի Կղզին աքսորավայր մըն էր։ Հոն աքսորուածներու մէջ կարելի է յիշել Յունաց Իգնատիոս եւ Հայոց Ներսէս Ա. Կաթողիկոսները։ Իգնատիոս աքսորի շրջանին կառուցած էր վանք մը, որուն նկուղային նրբանցքները եւ խուցերը աւելի ետք օգտագործուեցան իբրեւ մենաստաններ։
Փոխանակ նման հսկայ պեթոնապատ շինութիւններու կարելի էր հին վանքի աւերակները, զինանոցը եւ վերջապէս Ծովային Գիտութիւններու Ֆակուլտետի բաժինները ներկայացնող շինութիւնով մը գոհանալ եւ բաւարարուիլ շրջօրեայ զբօսաշրջութեան այցելութիւններով։