ՏՈՑ. ՏՈՔԹ. ԷՐՍՈՅ ՍՈՅՏԱՆ
11Սեպտեմբեր 2001-ին ԱՄՆ-ի մէջ քաղաքացիական ինքնաթիռներով կատարուած ահաբեկչական յարձակումէն ետք սկսած էր Աֆղանստանը արշաւելու ոդիսականը։ Այդ արշաւանքը նախորդ շաբաթ աւարտին հասաւ երկրէն խոյզս տալու համար ինքնաթիռներուն խուժած մարդկանց այդ նոյն ինքնաթիռներէն իյնալու պատկերներով։ Թալիպները գրաւեցին երկիրը եւ հաստատեցին իրենց վարչութիւնը։ Բացի Բենշիրի հովիտէն ամբողջ երկիրը թալիպներուն հնազանդած կ՚երեւի։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն բանակի մատնուած անճարակութեան գլխաւոր պատճառը զինուորներու սնունդի պաշարի անբաւարարութիւնն է։ Նաեւ կ՚ըսուի թէ բազմաթիւ զինուորներ մերժած են Թալիպանի դէմ կռուիլ, քանի որ անոնց մէջ ունին արիւնակից ազգականներ։ Մեծ յոյսեր ակնկալուած մարշալ Ռաշիտ Տոսթումի որդին, երբ կ՚այցելէր զօրամասեր զինուորները լման երկու օր ոչ ըմպելի ջուր ունէին, ոչ ալ ուտելու հաց։ Նաեւ կը նշուի թէ թալիպներու յաջողութեան մէջ կարեւոր բաժին ունեցած է Փաքիստանի զօրակցութիւնը։
40 միլիոն բնակչութիւնով Աֆղանստանի ժողովուրդի կէսը կը բաղկանայ փեշտուններէ, որոնք ազգականներ են Փաքիստանի ուրտուներուն։ Երկրի վարչութիւնը փեշտուներու ձեռքն է։ Նախորդ բոլոր նախագահները փեշտուն էին։ Երկրի տնտեսութիւնն ալ իրենք է որ կը հսկեն։ Փեշտուններու միջոցաւ կը ձեւաւորուի Փաքիստանի ազդեցութիւնը Աֆղանստանի վրայ։ Գահընկեց կառավարութեան համակիրները ամիսէ մը ի վեր սոցցանցերու վրայ հակափաքիստանեան արշաւներ կը կազմակերպեն։ Ինք եւս փեշտուն Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խան ողջունած է Թալիպանի յառաջընթացը վերջին զարգացումները մեկնաբանելով ստրկութեան շղթաներու փառատումը 1994 թուին Մոլլա Էօմերի կողմէ հիմնուած եւ 2002 թուականէն ի վեր դաշտային պատերազմի ձեռնարկած թալիպներու շարժումին կարեւորագոյն աջակիցն է Փաքիստանի լրաքաղութեան ծառայութիւնը։ Այդ պատճառաւ ալ տեղացիներ «Պատերազմը ե՞րբ կ՚աւարտի» հարցումին կը պատասխանեն «Փաքիստան երբ որ ուզէ» ըսելով։
Երբ Թալիպան սկսաւ ամերիկացի զինուորները սպաննել, լարուածութիւն տիրեց ԱՄՆ-Փաքիստան յարաբերութիւններու մէջ։ Այդ լարուածութեան իբր հետեւանք Փաքիստան մերձեցաւ Չինաստանին։ Այսպէս վերջին զարգացումները կը դիտուին նաեւ որպէս Չինաստանի ազդեցութեան տարածքին Աֆղանստանն ալ ներառելու երեւոյթ։ Վերջապէս Չինաստան աշխարհի վրայ թալիպներու իշխանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնն է։ Չինաստան եւ Փաքիստան Աֆղանստանին Իրանէ ետք ամենամեծ ծաւալով ներդրում ըրած երկիրներ են։ Անուրանալի իրողութիւն է նաեւ թալիպներու վայելած ժողովրդականութիւնը։ Այդ իրողութեան ետին կարելի է տեսնել տապալած իշխանութեան զեղծարարութիւնները եւ երկրի ընկերային յատկութիւնները։ Երկու ամիս առաջ զրուցած էի հակաթալիպ աֆղան երիտասարդի մը հետ՝ որ ինք ալ կը հաստատէր թէ թալիպները վատ են, բայց ժողովուրդի կողմէ կը գնահատուին գողութեան արգելք ըլլալուն պատճառաւ։ ԱՄՆ-ի գրաւման տարիներուն պաշտօն ստանձնող բոլոր գործիչները մինչեւ իրենց ծուծը մատնուած էին կաշառակերութեան։ Նոյնիսկ կը գողանային օտար երկիրներէ եկած օգնութիւնները։ Այդ միջոցին ամերիկացիք իրենց ամրոցներէն բացարձակապէս դուրս չէին ելլեր։ Մէկ եռիլիոն Ամերիկան տոլարը ծախսեցին անվտանգութեան համար։ Երբեք չնպաստեցին երկրի զարգացման ընդհակառակ, թանգարանները թալանելով պատմամշակութային հարստութիւնը փոխադրեցին ԱՄՆ։ Ամերիկացի զինուորները ահաբեկչական արարքներ ալ կատարեցին նախնական եւ ահաբեկիչ համարած տեղացի ժողովուրդին դէմ։ Դարձեալ տեղացի աղբիւրներ կը վկայեն թէ Թուրքիոյ զինուորները համակրանք կը վայելէին եւ տեղացիները ընդմիշտ կը խուսափէին անոնց հետ բախում ունենալէ։ Աֆղանստանի մէջ վերջին քառասուն տարիներուն արդի ուսում չի կիրարկուիր։ Աշակերտները կը հետեւին երկշերտ ուսման ծրագրի մը։ Այսպէս եթէ մինչեւ ցերեկ կը յաճախեն դպրոց, յետմիջօրէին ալ դասաւանդութիւն կը ստանան կրօնական մետրեսէներու մէջ։ Գրաճանաչութիւնը երկրէ ներս կիներու մօտ մէկ տոկոս է, իսկ տղամարդկանց մօտ 18։ Այս պայմաններու մէջ անաստուածներու դէմ կռուող Թալիպանը դիւրաւ համակիրներ գտաւ հասարակութեան մօտ։ Պատահական չէ որ ան այս վերջերս ժողովուրդին կը ներկայանայ զարմանալիօրէն մեղմ պատգամներով։ Անշուշտ այս պատգամներու հաւաստիութիւնը միայն ժամանակի ընթացքին պիտի պարզուի։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն Քապուլի մէջ ամենօրեայ կեանքը բացի օդակայանի խառնակութիւններէն բնականոն է։ Այս պահուն երկրի լրատու գործակալութիւնները հեռուստաէքրաններու վրայ կը հիւրընկալեն Թալիպանի ներկայացուցիչները եւ տեսանիւթեր կը սփռեն անոնց լունափարքի մէջ զուարճանալու պահերէն։ Կարելի է ըսել թէ այս բոլորը որոշ նախապատրաստութեան մը հետեւանքներն են։ Օրինակ Շիշնկան քաղաքի մէջ 15 շրջանային ռատիոկայան կամ հեռուստակայան իրենց հաղորդումները դադրեցուցած էին նախքան իշխանափոխութիւն։ Որոշ է որ այդ հաղորդումները դադրեցան սպառնալիքներու հետեւանքով։ Աֆղանստանի մէջ Թալիպանի ուղղուած մեծագոյն մեղադրանքը կանանց իրաւունքներու բռնաբարումն է։ Անցեալին կիներու աշխատանքը, աղջիկներու դպրոց յաճախելը խստիւ արգիլուած էին։ Պահանջուած պատշաճութեամբ չծածկուած կիները հրապարակաւ կը մտրակուէին։ Այսօր թալիպները թէեւ կը խոստանան նման արգելքներու վերացումը, բայց անմիջապէս կ՚աւելցնեն որ երկիրը պիտի ղեկավարեն շարիաթի կանոններու համաձայն։