ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի զինուորներուն Աֆղանստանը լքելէն ետք «Թալիպան» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը դիւրաւ գրաւեց երկրի վարչութիւնը։ Այդ խառնաշփոթի մէջ բազմահազար աֆղանստանցիներ կը փորձեն տարբեր միջոցներով երկրէն հեռանալ։ «Աֆղան Զօրակցութեան եւ Իրե րօգնութեան Միութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Տոքթոր Զաքիրա Հեքմաթ պատասխանեց «Ակօս»ի հարցումներուն։
ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Իշխան Էրտինչ- «Թալիպան» երկրի ղեկավարութիւնը ձեռք անցնելէ ետք կը փորձէ համայն աշխարհին մեղմ պատգամներ փոխանցել։ Այդ պատգամները իրաւացի չեն գտնուիր տեղացի ժողովուրդի կողմէ։ Միւս կողմէ Թուրքիա կը ցանկայ յարաբերութիւն կազմել «Թալիպան»ի հետ։ Արդեօք «Թալիպան» իսկապէս փոխուա՞ծ է։
Տոքթոր Զաքիրա Հեքմաթ- «Թալիպան» կ՚ուզէ կառավարութիւն կազմել։ Այդ գործընթացի համար կը կարօտի այլ երկիրներու աջակցութեան։ Ճիշդ է, որ մեղմ պատգամներ կը փոխանցէ, բայց կը շարունակէ մարդկանց մտրակել։ Երեկ տեսանիւթ մը դիտեցի, ուր ինքնաշարժին վրայ Աֆղանստանի դրօշ պարզած մէկը նախ մտրակեցին եւ ապա ձեռնակապերով տարին։
Ի.Է.- Կանայք սարսափի մատնուած են «Թալիպան»ի իշխանութեան գալէն։ Անոնց դժգոհութիւնը եւ զօրակցութեան ջանքերը թալիպներու համար սպառնալիք մը կրնա՞յ ըլլալ։
Տ.Զ.Հ.-Կանայք կը կարօտին համաշխարհային զօրակցութեան։ Թալիպիները կիներու ամենափոքր առարկութեան համար կը պատասխանեն մտրակով, ծեծով ու տանջանքով։ Կիները վախի մէջ տուներ քաշուած են։ Ի զուր գացին 20 տարուայ ջանքերը։ Եթէ համաշխարհային մարդկութիւնը զօրակցի Աֆղան կանանց, անշուշտ որ դրական ազդեցութիւն մը կրնայ գոյանալ։ Կարգ մը երկիրներէ ներս նման փորձեր կը նկատուին, բայց եթէ համաշխարհային զօրակցութիւն մը կարելի չըլլայ կանանց դիմադրութիւնը դատապարտուած է անյ աջողութեան։
Ի.Է.- Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը փորձէ «Թալիպան»ի արարքները ընդունելի ձեւացնել։ Երկրէ ներս անոնց յառաջընթացը յաղթանակ մը ըլլալով ողջունողներ ալ կան։ Իբրեւ Թուրքիա բնակող աֆղանստանցի ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս բոլորը։
Տ.Զ.Հ.- Երբ «Թալիպան» Քապուլ մտաւ հարցազրոյց մը տուած էի գերմանական «Deutsche Welle» թերթին։ Այդ հարցազրոյցէն ետք քննադատական բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ լսեցի։ Այդ քննադատութիւններու հեղինակները այս անցուդարձերուն կը հետեւէին իրենց տուներէն։ Իսկ մենք ապրեցանք այդ սարսափը։ Այդ անունը մեզի բռնութիւն, տանջանք ու մահ կը յուշէ։ Այսօր անոնց մեղմ պատգամները պարզ խաբկանքներ են։ Պէտք է տեսնել թէ իրենց կրօնքի ընկալումը բացարձակապէս կապ չունի Ղուրանի թելադրանքներուն հետ։ Մեր սուրբ գիրքի ո՞ր հատուածին մէջ արգիլուած է աղջիկներու ուսումը։ Մենք կը խրատենք տեսնել թալիպներու իրողութիւնը, այլ ոչ թէ անոնց խաբկանքները։
Ի.Է.- Վերջին դէպքերէն ետք Թուրքիա ապաստանաց կամ վիզայի դիմում կատարած Աֆղան գաղթականներու թիւը ի՞նչ է։ Այս երկրի մէջ ինչպէ՞ս կ՚ապրին։
Տ.Զ.Հ.- Թուրքիան վիզա չի տար։ Այդ իսկ պատճառաւ մարդիկ ապօրէն ճամբաներով կու գան։ Օրինակ կ՚ուզեմ եղբայրս բերել, բայց հաւանաբար անկարելի է։ Շատ դժուար շրջան մը կ՚ապրինք։ Թուրքիան միայն իր քաղաքացիները կը փոխադրէ։ Գաղթի վարչութեան արձանագրութիւններու համաձայն Թուրքիոյ մէջ միջազգային պաշտպանութիւն ստացած աֆղան գաղթականներու թիւը 180 հազար է։ Ապօրէն եկածներու մասին յստակ տուեալ մը չունինք, բայց կ՚ենթադրենք որ անոնք ալ 120 հազարի շուրջ են։
Անշուշտ որ հանգիստ կեանք մը չեն ապրիր Թուրքիոյ մէջ։ Որե ւէ հաստատութենէ նպաստ չեն ստանար։ Միայն որոշ ընտանիքներ, ամուրի կանայք, անչափահաս զաւակ ունեցող ընտանիքներ Եւրոմիութեան կողմէ «Կարմիր Քարտ» կրնան ունենալ։ Նպաստ չստացողները աշխատանքի իրաւունք չունենալով շատ ցածր աշխատավարձերով գործ կը ճարեն։ Աֆղան գաղթականներու վիճակը շատ ծանր են Թուրքիոյ մէջ եւ ամէն օր արտաքսուելու վախով կ՚ապրին։ Ընկերային ցանցերու վրայ աֆղաններու դէմ ատելութիւն պարունակող գրութիւններու կը հանդիպիմ։
Ի.Է.- Աֆղանստանէն աւելի ծաւալուն գաղթի հոսանք մը կը սպասուի՞։
Տ.Զ.Հ.- Ամէն ոք կ՚ուզէ երկրէն հեռանալ։ Յատկապէս ուսանած զանգուածը։ Քապուլի օդակայանը թալիպիներու հսկողութեան տակ է։ Օրինական միջոցներով ոչ ոք կրնայ հեռանալ երկրէն։ Շատեր ճարահատ կերպով կը սպասեն ապագայի զարգացումները։
Իմ երկիրը 20 տարի առաջ ալ ենթարկուած էր թալիպներու իշխանութեան։ Յատկապէս կանայք եւ աղջիկներ մեծ փորձ ունին այդ իշխանութեան չարիքներէն։ Քաղաքակիրթ աշխարհ պէտք չէ որ անտեսէ Աֆղանստանի կանանց ձայնը։