Հմայիչ համերգ Գնալը Կղզիի մէջ

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

«Պո­ղազի­­դի Երի­­տասար­­դա­­­կան Երգչա­­խումբ»ը բա­­ւական եր­­կար ընդհա­­տու­­մէ ետք առա­­ջին ան­­գամ 22 Օգոս­­տոս Կի­­րակի երե­­կոյ բեմ բարձրա­­ցաւ Գնա­­լը կղզիի Կազ­­դուրման Կա­­յանի պար­­տէ­­­զին մէջ։ Հա­­մեր­­գը ձօ­­նուած էր այս կա­­յանի հիմ­­նադրու­­թեան 55 ամեակին։ Երգչա­­խումբի հա­­մեր­­գով աւար­­տած եղաւ այս տա­­րեշրջա­­նը։ Խմբա­­վար Մա­­սիս Արամ Կէօզ­­պե­­­քի մա­­կանին ներ­­քեւ բազ­­մա­­­ձայն կա­­տարումնե­­րով ծա­­նօթ խումբի համ­­բա­­­ւը ար­­դէն դուրս եկած է երկրի սահ­­մաննե­­րէն։ Ար­­դա­­­րեւ կի­­րակի գի­­շերո­­ւայ հա­­մերգն ալ իր բազ­­մա­­­լեզու կատարումներով եւ երաժշտու­­թեան տար­­բեր ոճե­­րէ ընտրո­­ւած եր­­գա­­­ցան­­կով հմա­­յեց ունկնդիր­­նե­­­րը։

Հա­­մեր­­գին ներ­­կայ էին Յա­­րու­­թիւն Վար­­դա­­­պետ Տա­­մատեան, Կղզիաց Քա­­ղաքա­­պետ Էր­­տեմ Կիւլ, Գա­­րակէօզեան Որ­­բա­­­նոցի Խնա­­մակա­­լու­­թեան Ատե­­նապետ Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կիլ, Կազ­­դուրման Կա­­յանի վար­­չութեան ան­­դամներ եւ քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ։

Խմբա­­վար Մա­­սիս Արամ Կէօզ­­պեք ալ կարճ ելոյթ մը ու­­նե­­­նալով յայտնեց մէ­­կու­­կէս տա­­րուայ ընդհա­­տու­­մէ ետք հան­­դի­­­սատես­­նե­­­րու եւ ունկնդիր­­նե­­­րու հետ ըլ­­լա­­­լու առ­­թած ու­­րա­­­խու­­թիւնը։ Հա­­մեր­­գի ըն­­թացքին կարճ ելոյթնե­­րով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւեցան քա­­ղաքա­­պետ Էր­­տեմ Կիւլ, ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում Կու­­սակցու­­թեան Կղզիաց գա­­ւառա­­պետ Ու­­ղուր Սի­­նան Շեն։

Յա­­րու­­թիւն Վար­­դա­­­պետ Տա­­մատեան կա­­տարեց հուսկ բան­­քը եւ յա­­րատեւ յա­­ջողու­­թիւն մաղ­­թեց երգչա­­խումբին իր երաժշտա­­կան ճա­­նապար­­հին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ