ԿՈՐԻՒՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
(cercle armenien)
Ամերիկացիներն Աֆղանստանէն փախան ճիշդ այնպէս, ինչպէս անցեալին Վիետնամէն։ Այսինքն՝ խայտառակ ձեւով։ Պարտուած։
Վիետնամէն ամերիկացիները մազապուրծ փախան։ Այդ փախուստի խորհրդանիշը դէպի ուղղաթիռ մագլցող մարդիկ էին։ Վիետնամական Սայկոնէն առուած այդ լուսանկարը մնաց պատմութեան մէջ որպէս ամերիկեան պարտութեան վկայութիւն։ Համանման լուսանկար գոյացաւ նաեւ Աֆղանստան, ուր ԱՄՆ դեսպանը Քապուլէն կը փախցնէին դեսպանատան շէնքի վրայ իջած ուղղաթիռով։ Ամերիկեան դիւանագէտները ոչ թէ հեռանային, այլ կը տարհանուէին տարածքէն։
ԱՄՆ 20 տարի մտած էր Աֆղանստան, զինած ու կառուցած էր, այսպէս կոչուած, աֆղանական ազգային բանակը, սակայն այն փլուեց թղթէ տնակի պէս։ Թալիպներու մոտիվացիան հազարապատիկ աւելի էր ու անոնք յաղթեցին։
ԱՄՆ–ը ժողովրդավարութիւն տարածելու անուան տակ 20 տարուայ մէջ մօտ 500 հազար քաղաքացիական բնակիչ է սպանուած Աֆղանստանի մէջ ու բնական է, որ պէտք է փախչի թալիպներէն։
Ի՞նչ պէտք է սորվին հայերը
ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը փորձած է կերպով մը փրկել ԱՄՆ դէմքը։ Ան հիմնաւորած է իրենց փախուստը՝ յայտարարելով, որ եթէ աֆղանական բանակը չուզեր կռուի ինքն իր համար, ապա այդ չեն ըներ ամերիկացիները։
Ճօ Պայտընի ըսածները ուղղակի պատգամ են հայ ժողովրդին։
Պատգամ 1–ին
Սեփական երկրի անվտանգութիւնն ապահովելու համար նախ եւ առաջ պէտք է ապաւինել սեփական բանակին։
Պատգամ 2–րդ
Եթէ պետութիւնը չ՚ուզեր պաշտպանել իր սահմաններն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար կը դիմէ այլ երկիրներու օգնութեան, ապա ան կրնայ ողբերգական աւարտ ունենալ տուեալ պետութեան համար։
Պատգամ 3–րդ
Դաշնակիցներն կ՚օգնեն քեզ այն ժամանակ, երբ ինքդ քեզ կ՚օգնես։
Պատգամ 4–րդ
«Արեւմուտքը մեզ կը փրկէ» տեսութիւնը դատարկ է, քանզի Արեւմուտքը ոչ մէկուն չի փրկեր, բացի իրմէ, այն ալ՝ կասկածելի յաջողութեամբ։
Արեւմուտքը կրնայ մինակ թողնել իր կողմէ «փրկուող» ժողովուրդը կամ պետութիւնը, ինչպէս որ ըրաւ, օրինակ՝ Սուրիոյ քրտերու պահով կամ Աֆղանստան։
Հայերս պէտք է հետեւութիւններ ընենք այս ամենէն։ Բոլոր անոնք, որոնք ներքին կեանքի խնդիրները ու մեր անվտանգութեան հարցերը կը պայմանաւորեն բացառապէս արտաքին կողմնորոշումներով՝ կա՛մ հակահայկական դիվերսանտներ են, կա՛մ ապուշներ։
Մեր տարածքաշրջանի առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելով ալ կարող ենք ըսել, որ բոլոր անոնք, որոնք հանդէս կու գան հայ–ռուսական յարաբերութիւններու դէմ ու կը յայտարարեն, թէ Արեւմուտքը մեզ կ՚օգնէ՝ որպէս կանոն թուրքական գործակալներ են։ Գործակալներ, որոնք կը փորձեն քօղածածկուել արեւմտամէտի անուան տակ, թէեւ 2018–ի «թաւշեայ» թիւրիմացութիւնէն յետոյ արդէն չեն ալ փորձեր քօղածածկուել։
Իդէպ, ՌԴ–ի մասով ալ պէտք է միշտ հաշուի առնել, որ այդ երկիրն ունի իր շահերը եւ իր հնարաւորութիւնները։ Եթէ ՀՀ–ն իր սուպյեկտայնութիւնը չվերականգնէ, ապա Մոսկուան չ՚ուզեր ու չի ալ ցանկանար դաշնակցիլ եւ մեր անվտանգութեան հարցերուն կը միջամտէ այնքանով, որքանով որ իր կարմիր գիծերը թոյլատրեն։ Այնպէս որ ՌԴ–ի հետ մեր ռազմավարական կապերը ամրապնդելու համար պէտք է ոտքի կանգնել ու գտնել սեփական «ես»ը։ Հակառակ դէպքին Հայաստանն ու Արցախը կը խժռուեն Թուրք–Ատրպէյճանական տանդէմի կողմից։
Ամփոփում
Եւ այսպէս, մենք նախ պէտք է մեր ուժերուն ապակինենք, մեր բանակը կառուցենք, յետոյ նոր ակնկալենք դաշնակիցներու յարգալից վերաբերմունքը։
Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ սահմաններու պաշտպանութեան հարցը հանել է աճուրդի ու խաղաղութիւն կը մուրայ թշնամիէն։ Դա կը հանգեցնէ նոր կորուստներու, նոր աւերուածութիւններու, նոր ողբերգութեան։ Հետեւաբար՝ քանի դեռ Նիկոլը չի վռնտուած պետութեան կառավարման ղեկէն, Հայաստանն ապագայ չ՚ունենար։ Աւելի ճիշդ կ՚ունենայ դաժան ապագայ։ Գրեթէ ամէն օր արձանագրուող զոհերը վկայ։