Քաղաքականութիւնը յաճախակի կերպով մեր առջեւ կը պարզէ այնպիսի պատկերներ, որոնք արդէն քանդակուած են մեր յիշողութեան մէջ, բայց չենք անդարդառնար թէ ի՞նչ նմանութիւններ կան անցեալի ու ներկայի միջեւ։ Վերջին երկու օրերու ընթացքին հետեւելով Աֆղանստանի մայրաքաղաքէն փախչիլ ուզողներու նկարներուն ակամայ կը յիշեմ Վիեթնամի պատերազմի աւարտման դրուագներ։ Հոն եւս ամերիկացիկ խուճապի մէջ կը հեռանային Սայկոնէն ետին թողելով բազմաթիւ տեղացիներ, որոնք անցեալին ծառայած էին իրենց։ Ապա յիշողութեանս մէջ կը ձեւաւորուի այլ պատկերներ։ 1920 թուականի 9 Սեպտեմբերին Զմիւռնիոյ նաւահանգիստը կը պարզէր այն տեսարանը, ինչ որ այսօրուայ Քապուլի օդակայանը։ Եթէ մի քիչ եւս շարունակենք վերյիշել անցեալը կրկին տարբեր թուականներուն, բայց նոյն բովանդակութեամբ պատկերներ պիտի պարզուի մեր յիշողութեան մէջ։ Իրաւ ալ, արցախեան առաջին պատերազմին Շուշիի բնակիչները ինչպէ՞ս լքեցին իրենց քաղաքը։ Շուրջ 30 տարի անց այս անգամ նոյն Շուշիի հայ բնակիչները ինչպէ՞ս հեռացան «ազատագրուած» Շուշիէն։
Մուսա Լերան եօթը գիւղերու մօտ 5 հազար բնակիչներ օրհասական պահուն ինչպէ՞ս հասան Ֆրանսական նաւատորմի փրկարար ռազմանաւերուն։ Լիբանանի կամ Յորդանանի մէջ ինչպէ՞ս կազմուեցան Պաղեստինցիներու բնակած ճամբարները։ Հապա հայեր եւ յոյներ, երբ զանգուածային կերպով կը լքէին իրենց բնակած կամ ապաստանած Տրապիզոն քաղաքը, ի՞նչ տեսարան կը տիրեր այդ վայրի վրայ։
Կարելի է այս օրինակները բազմացնել եւ թերեւս երկրագունդի բոլոր երկիրներէ ներս նման ապրումներու վկայութիւններ բերել։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է հաշտուիլ այդ բոլորէն ետք նման մղձաւանջի մատնուած մարդկանց հանդէպ անհաղորդութիւնով։ Վերտառութեան մը մէջ կարդացած էի կը յիշեմ. «Ամէն ոք օր մը կրնայ գաղթական դառնալ» գրուած էր։ Պատմութեան փորձը դիտելով կարելի է իրաւացի դատել այդ հաստատումը։ Բայց ըստ երեւոյթի այդ հաստատումը դոյզն իսկ չէ փոխած մարդկանց մէջ տիրող այլամերժութիւնը։ Հայերս՝ որ ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուելով ապաստանած էին Եւորպական երկիրներ տասնամեակներ շարունակ ենթարկուեցան «Սալ Արմենիէն» (կեղտոտ հայ) նախատինքին։ Նոյնիսկ հայրենի երկիր հասնողները «աղբար» կոչումով արհամարհուեցան իրենց ազգակիցներուն կողմէ։ Նոյնը պատահեցաւ Թուրքիա բնակ յոյներուն համար, ուր անոնք ալ Յունաստանի մէջ։ Հանդիպեցան ստորնացնող «թրքածին» կոչումին։
Եկէք հաստատենք, խաղաղութեան պայմաններուն մէջ ոչ ոք կը լքէ իր սեփական տունը, ծննդավայր գիւղը կամ քաղաքը եւ վերջապէս հարազատ երկիրը։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ համատարած դժկամութիւն մը կը տիրէ Սուրիայէն փախած գաղթականներու հանդէպ։ Իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն միաձայնութեամբ կը պահանջեն գաղթականներու ետդարձը։ Այստեղ միայն Ժողոժուրդներու Ժողովրդավակարան Կուսակցութիւնն է, որ խնդրին կը մերձենայ մարդասիրական սկզբունքներով եւ կը պաշտպանէ գաղթականներու շահը։
Այս թոհ ու բոհի մէջ ոչ ոք կը փորձէ առաջարկել թէ նախքան Սուրիացիներու տուն դարձը, Թրքական բանակը թող հեռանայ Սուրիայէն, որպէսզի օտար միջամտութիւններով աւերուած երկիրը վերագտնէ իր վէրքերը սպիացնելու միջոցները։
Թէկուզ մեր տուներու մէջ մեր հանգստութեան պայմաններուն բոլորս մեղսակից ենք գործուած անարդարութիւններէ։ Ամէն ինչ իր լուծումը պիտի գտնէ երբ պարզ դատողութիւնով ու անկաշկանդ լսենք մեր խղճի ձայնը։
pakrates@yahoo.com