Աֆղանստան ահաբեկչութեան պետութիւնը

Համայն աշ­խարհի աչ­քե­րուն առ­ջեւ կա­յացաւ ար­դէն 45 տա­րինե­րէ ի վեր բռնա­բարո­ւած երկրի մը ան­կումը։ Կը յի­շենք թէ ԱՄՆ նա­խագահ Պայ­տըն վերջ դրած էր Ճորճ Պուրշ աւա­գի 2001 թո­ւակա­նի 11 Սեպ­տեմբե­րի յար­ձա­կումնե­րէն ետք մեկ­նարկած ար­շա­ւին։ Այդ տա­րի ԱՄՆ-ի վար­չութիւ­նը քիչ մըն ալ երկրի մէջ տի­րող ափ­սո­սան­քը յա­գեց­նե­լու հա­մար զօրք ու­ղարկած էր Աֆ­ղանստան։ Պայ­տըն այս ապար­դիւն ար­շա­ւան­քը աւար­տին հասցնե­լու հա­մար նախ յայ­տա­րարեց 11 Սեպ­տեմբեր խորհրդան­շա­կան թո­ւակա­նը, որ ապա փո­խեց 30 Օգոս­տո­սի։ Սա­կայն երկրի մէջ հետզհե­տէ զօ­րացող իս­լամ ար­մա­տական ահա­բեկ­չութիւ­նը այդքան ալ չհամ­բե­րեց եւ 16 Օգոս­տո­սին գրա­ւեց մայ­րա­քաղաք Քա­պու­լը եւ աշ­խարհին յայ­տա­րարեց երկրի նոր անո­ւանու­մը Աֆ­ղանստա­նի Իս­լամ Էմի­րու­թիւնը։ Դար­ձեալ արար աշ­խարհ հե­ռուստաէկ­րաննե­րու դի­մաց սար­սա­փով դի­մեց նախ դէ­պի օդա­կայան տա­նող ճամ­բա­ներու թնճու­կի նմա­նող հոս­քը եւ ապա օդա­կայա­նի մէջ երկրէն փախ­չե­լու ճա­րահատ փոր­ձե­րը։

21-րդ դա­րու սկիզ­բին կայ­սե­րապաշ­տութիւ­նը ան­գամ մը եւս կը պար­զէր իր կեղ­տոտ արար­քը։ Պատ­կեր մը՝ որ կը յի­շեց­նէր նոյն ԱՄՆ-ի տա­րիներ առաջ Սայ­կո­նէն հե­ռանա­լու դրո­ւագ­նե­րը։

Այս պա­հուն երբ Գա­նատա­յի նման եր­կիրներ յստա­կօրէն կը մեր­ժեն նոր պե­տու­թեան հետ որե­ւէ շփում, ան­դին Չի­նաս­տան եւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը պատ­րաստա­կամու­թիւն կը յայտնեն նոր պե­տու­թեան հետ հա­մագոր­ծակցե­լու հա­մար։

Երկրի իշ­խա­նու­թիւնը զաւ­թած Թա­լիպան շար­ժումի ներ­կա­յացու­ցիչներ ալ մամ­լոյ ժո­ղով մը գու­մա­րելով խոս­տա­ցան կի­ներու որոշ իրա­ւունքնե­րը ճանչնալ եւ ըն­դունիլ։ Ան­շուշտ այդ ընե­լու պա­հուն ներ­կա­յացու­ցին պայ­ման մը եւս։ «Շե­րիաթի թոյ­լատրած սահ­մաննե­րուն մէջ»։ Թա­լիպան նաեւ խոս­տա­ցաւ հա­մատա­րած նե­րում շնոր­հել եւ վե­րադար­ձի կոչ ըրաւ երկրէն փախ­չողնե­րուն։

Այս յայ­տա­րարու­թիւննե­րը վե­րապա­հու­թեամբ դի­մաւո­րուե­ցաւ զա­նազան­նե­րու կող­մէ, քա­նի որ այդ մամ­լոյ ժո­ղովէն ժա­մեր առաջ երկրի երկրորդ մեծ քա­ղաք Քան­տա­հարի մէջ գրի­քեթի մար­զա­դաշ­տի մը վրայ բազ­մա­հազար­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ կը կա­տարո­ւէր բա­նակի հրա­մանա­տար­նե­րու մա­հավ­ճիռնե­րը գլխատ­ման եղա­նակով։

Այս զար­գա­ցումնե­րով ցնդած եղաւ նաեւ Թուրքիոյ Բա­նակին Քա­պու­լի օդա­կայա­նը հսկե­լու որո­շու­մը։ Ինչպէս ծա­նօթ է նա­խագահ Էր­տո­ղան Պայ­տը­նի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թացքին կա­մաւոր կեր­պով առա­ջար­կած էր այդ առա­քելու­թիւնը եւ խօ­սակիցն ալ ցնծու­թեամբ ըն­դունած։ Երբ ընդդի­մու­թիւնը կ՚առար­կէր Էր­տո­ղանի այդ որո­շու­մին դէմ նա­խագա­հը կ՚ըսէր թէ Թուրքիա Թա­լիպա­նի հետ նոյն ար­ժա­նիք­նե­րը կը պաշտպա­նէ, հե­տեւա­բար բա­նակ­ցե­լու դժո­ւարու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ