Քըրշեհիրցի Կարապետն ու որդին՝ «Ալաթուրքաճը» Յակոբը

Արիս Պոտոտողանի «Ակօս»ի նախկին թիւերուն մէջ լոյս տեսած եւ քըրշեհիրցի իր ընտանիքին մասին վկայութիւնները լայն արձագանգ գտան զանազան սոցցանցերու մէջ։ «Ակունք նեթ» կայքէջն ալ այդ պատումները իր ընթերցողներուն ներկայացուց Տիգրան Չանդոյեանի արեւելահայերէն թարգմանութեամբ։ Ստորեւ կ՚արտատպենք Չանդոյեանի թարգմանութիւնը արեւմտահայերէնի վերածուած ձեւով։

ԱՐԻՍ ՊՈՏՈՏՈՂԱՆ

Երբեւէ հան­­դի­­­պա՞ծ էք քըր­­շե­­­հիր­­ցի հա­­յու։ Ես եր­­կար փնտռե­­ցի, սա­­կայն չգտայ։ Չնա­­յած որ Կա­­րապետ պապս երե­­խայ ժա­­մանակ Իս­­թանպուլ եկած էր, այ­­նուհան­­դերձ իրեն քըր­­շե­­­հիր­­ցի կը հա­­մարէր, այնքան որ շիր­­մա­­­քարին, անու­­նէն առաջ «Քըր­­շե­­­հիր­­ցի» գրո­­ւած էր։

Իր­­մէ մեզ ժա­­ռան­­գութիւն ան­­ցած այդ առանձնա­­յատ­­կութիւնն է պատ­­ճա­­­ռը, որ ան­­գամ գա­­ցած-տե­­սած չ՚ըլ­­լա­­­լով՝ այն հար­­ցումին, թէ «Որ­­տե­­­ղացի ենք», մեր պա­­տաս­­խա­­­նը «Քրրշե­­հիր» կ՚ըլ­­լայ։

Պապս լոյս աշ­­խարհ եկած է 1913 թո­­ւին, Քըր­­շե­­­հիր։ Մօր անու­­նը Կիւ­­լի­­­րենգ էր, հօր անու­­նը՝ Վար­­դան։ Անա­­տոլիայի հա­­յու­­թեան գլխուն իջած սու­­րը Քըր­­շե­­­հիրի գլխուն ալ ճօ­­ճուած էր։ Հայ­­րը՝ փաս­­տա­­­բան Վար­­դան էֆեն­­տին, ջրա­­ղացէն ալիւր գնե­­լու ժա­­մանակ, ջաղաց­­պա­­­նի օգ­­նութեամբ թաք­­նո­­­ւած էր գիւղ եկած ժան­­տարմնե­­րէն։ Սա­­կայն ան կը յանձնո­­ւի՝ ըսե­­լով. «Ազգս կ՚եր­­թայ, արիւնս միւսնե­­րու արիւ­­նէն աւե­­լի կար­­միր չէ, յե­­տոյ ալ չեմ կա­­րողա­­նար նա­­յիլ մնա­­ցած կա­­նանց երե­­սին»։ Ըստ Ռայ­­մոնտ Գէոր­­գեանի «Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն» գրքի, քըր­­շե­­­հիր­­ցի տղա­­մարդկանց, քա­­ղաքէն դուրս հա­­նելով, սպան­­նել են։ Եր­­կու տա­­րեկա­­նին որբ մնա­­ցած Կա­­րապե­­տը 1915 թո­­ւակա­­նին ար­­դէն իսկ «սրի մնա­­ցոր­­դածնե­­րէն» մէկն էր։

Այ­­րիացած մայ­­րը, չդի­­մանա­­լով ցա­­ւին, կարճ ժա­­մանակ անց մա­­հացեր է, եւ Կա­­րապե­­տը երկկող­­մա­­­նի որբ դար­­ձեր է։

Երբ տա­­նել չկա­­րողա­­նալով իրենց բնա­­կավայ­­րին գոր­­ծադրո­­ւող ճնշումնե­­րը՝ 1927 թ. մօ­­րաք­­րոջ հետ միասին, միայն մէկ փայ­­տէ ճամբրուկ ձեռքնե­­րին, հա­­սեր են Իս­­թանպու­­լի Հայ­­տարփա­­շա կա­­յարա­­նը, այստե­­ղէն բա­­ցուող տե­­սարա­­նի մա­­սին մօ­­րաքոյրն կ՚ըսէ. «Կա­­րապետ, տղաս, ասես երկնքի ամ­­բողջ լոյսն այստեղ է իջել»։

Անա­­տոլիայէն Իս­­թանպուլ եկած բո­­լոր ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու պէս, անոնց առա­­ջին ապաս­­տա­­­նը եւս Գումգա­­բուի Պատ­­րիար­­քա­­­րանն էր։ Գումգա­­բու տե­­ղաւո­­րուե­­լէ ետք տար­­բեր աշ­­խա­­­տանքնե­­րով կը զբա­­ղի։ Ի վեր­­ջոյ աշ­­խա­­­տանք կը գտնէ վա­­ռարա­­նագոր­­ծի մը մօտ, որու քով նա­­խապէս՝ Քըր­­շե­­­հիր, աշ­­կերտու­­թիւն ըրած էր։

Չորս տա­­րի Տի­­յար­­պե­­­քիր զին­­ծա­­­ռայու­­թե­­­նէ ետք կը վե­­րադառ­­նայ Իս­­թանպուլ։ Որ­­պէս զի­­նուոր՝ ծա­­ռայած էր Քա­­նու­­նի ազ­­գա­­­նուան տակ։ Կա­­րապե­­տը գլխուն փոր­­ձանք չբե­­րելու հա­­մար եկած-չե­­կած բնակ­­վարչու­­թիւն վա­­զեց։ Քա­­նի որ ազ­­գա­­­նուննե­­րէն–եան վեր­­ջա­­­ւորու­­թիւնը պի­­տի հա­­նուէր, ժա­­մանա­­կին Պետ­­րո­­­սեանէն «Պո­­տոսեան» փո­­խուած մեր ազ­­գա­­­նու­­նը ամե­­նավերջ բնակ­­վարչու­­թեան պաշ­­տօ­­­նեայի երաշ­­խա­­­ւորու­­թեամբ դար­­ձաւ Պո­­տոտո­­ղան։

Մի քա­­նի տա­­րի անց ամուսնու­­թեան տա­­րիքի հաս­­նե­­­լով՝ պապս իր հա­­մաերկրա­­ցինե­­րու միջ­­նորդու­­թեամբ ամուսնա­­ցեր է Նա­­րին­­կիւլի հետ։ Կնոջ մայ­­րը՝ Թա­­գու­­հին, ծնած էր 1899 թո­­ւին։ Մեզ հա­­մար ան Մեծ յա­­յա (մեծ մայ­­րիկ) էր։ Մենք հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցանք տես­­նե­­­լու եւ լսե­­լու զինք։ Մեծ յա­­յան վախ­­ճա­­­նուեց 2000 թո­­ւակա­­նին։ Ամու­­սի­­­նը՝ Քա­­լայ­­ճը Յա­­կոբը, իր­­մէ բա­­ւակա­­նին մեծ էր։ 1915-ի գա­­զանու­­թիւննե­­րը վե­­րապ­­րած մէկն էր։ Իր չորս քոյ­­րե­­­րու հետ միասին ցե­­րեկ­­նե­­­րը կը թաք­­նո­­­ւէին, գի­­շեր­­նե­­­րը՝ կը փախ­­չէին։ Եոզ­­ղա­­­տի լեռ­­նե­­­րով փախ­­չե­­­լուն գի­­շեր մը լե­­գենդ դար­­ձած Ին­­ճիօղ­­լու Սա­­մուէ­­լի ու անոր ըն­­կերնե­­րու կող­­մէ գտնո­­ւելով ողջ-առողջ կը յանձնո­­ւի Եոզ­­ղա­­­տի ամե­­րիկեան մի­­սիոնար­­նե­­­րու որ­­բա­­­նոց։ Ամուսնա­­նալով Յա­­կոբի հետ՝ այդտե­­ղէն որոշ ժա­­մանակ անց կու գան Իս­­թանպուլ։

Պապս յա­­յայիս հետ եր­­կու տղայ ու­­նե­­­ցաւ։ Վար­­դա­­­նը եւ Յա­­կոբը։ Երե­­խանե­­րուն դրին իրենց հայ­­րե­­­րու անուննե­­րը։ Առաջ­­նե­­­կը ու­­նե­­­նալէ ետք պապս կրկին ծա­­ռայու­­թեան կան­­չո­­­ւեց «20 դա­­սակար­­գի զօ­­րակոչ» ըսո­­ւած՝ ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու ան­­զէն աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին գու­­մարտակ­­նե­­­րուն ծա­­ռայու­­թեան տա­­նող հա­­մակար­­գի մը մի­­ջոգաւ։

Օր­­թա­­­գիւղ, Տե­­րեպո­­յուի վա­­ռարա­­նագոր­­ծի խա­­նու­­թի պա­­տին՝ ամե­­նագե­­ղեցիկ տե­­ղը, կա­­խուած էր Մար­­շալ Ֆեվ­­զի Չաք­­մա­­­քի նկա­­րը, որ, կը հա­­ւատա­­յին թէ, իրենց փրկած է մա­­հէն։

Ողջ-առողջ ետ գա­­լէ վերջ, այս ան­­գամ ալ գլուխնե­­րուն ու­­րիշ փոր­­ձանք մը եկաւ՝ Ու­­նե­­­ւորու­­թեան հար­­կը։ Աշ­­քա­­­լէ աք­­սո­­­րուե­­լէ հա­­զիւ փրկո­­ւեցաւ։ Շա­­րու­­նա­­­կեց լաւ-վատ վա­­ռարա­­նագոր­­ծութեամբ զբա­­ղիլ։

Տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը չնո­­ւազե­­ցան։ Այ­­նուհե­­տեւ պայ­­թե­­­ցան 1955 թ. Սեպ­­տեմբե­­րի 6-7-ի դէպ­­քե­­­րը։ Տնե­­րու դի­­մաց հա­­ւաքո­­ւած խառ­­նամբո­­խին դէմ յան­­դի­­­ման, այդ ժա­­մանակ տա­­կաւին հնգա­­մեայ երա­­խայ հայրս տանն էր, իսկ պապս, հօ­­րեղ­­բայրս, հօրս քե­­ռինե­­րը, տան բո­­լոր տղա­­մար­­դիկ դրան առաջ կռո­­ւի կը պատ­­րաստո­­ւէին։ Դրկիցն ըսաւ, որ այստեղ ոչ մի յոյն չկայ, եւ Փոր­­թա­­­քալ Եոքու­­շով ներ­­քեւ վա­­զող խառ­­նամբո­­խի եր­­թա­­­լէն ետք անոնք խո­­րունկ շունչ քա­­շեցին։

Յա­­ջորդ առա­­ւօտուն Տե­­րէպո­­յու պո­­ղոտան լի էր կտո­­րեղէ­­նով, հա­­գուստնե­­րով եւ թա­­լանո­­ւած տնե­­րէն դուրս նե­­տուած այլ իրե­­րով։

Պա­­պուս վա­­ռարա­­նագոր­­ծա­­­կան խա­­նութ այ­­ցե­­­լող ըն­­կերնե­­րու գե­­րակ­­շիռ մա­­սը կամ պո­­ղազ­­լըեան­­ցի էին, կամ ալ պու­­րունքըշ­­լա­­­ցի։ Թաշ­­չը Ար­­տա­­­շը, Թո­­փալ Ար­­թի­­­նը, Ալա­­կու­­շը։ Երբ կը հա­­ւաքո­­ւէին, քննար­­կո­­­ւող նիւ­­թը, ամե­­նայն հա­­ւանա­­կու­­թեամբ «ջար­­դը» կ՚ըլ­­լար։ Կը պատ­­մէին Եոզ­­ղա­­­տի մէջ իրենց ապ­­րածնե­­րու, վե­­րապ­­րե­­­լու, վե­­րապ­­րած ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ կեան­­քը կորսնցու­­ցած ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րու ապ­­րած ամէն մի սար­­սա­­­փի մա­­սին։ Հրանդ Տին­­քի խօս­­քով՝ «Իւ­­րա­­­քան­­չիւրը մէ­­կական փաս­­տա­­­թուղթ էր»։ Մէկ էլ յան­­կարծ թո­­շակա­­ռու գնդա­­պետ մը կու գար։ Գնդա­­պետի գա­­լուն պէս, բնա­­կանա­­բար, թե­­ման կը փո­­խուէր։ Մեն­­տե­­­րեսի կողմնա­­կից գնդա­­պետի հետ նրանց ընդհան­­րութիւնն այն էր, որ բո­­լորն ալ դէմ էին իրենց վատ յու­­շե­­­րու հա­­մար պա­­տաս­­խա­­­նատու Ինէօնի­­ւին։

Պա­­պիս ապ­­րածնե­­րը մեծ ան­­դունդ բա­­ցին անոր եւ հա­­ւատ­­քի մի­­ջեւ։ Կի­­րակի մը եկե­­ղեցին, «Տէր հայր, ձեզ հարց մը կրնա՞մ տալ» ըսե­­լով, մօ­­տեցաւ քա­­հանա­­յին։ Պատ­­մեց Աբ­­րա­­­համի եւ Իսա­­հակի պատ­­մութիւ­­նը։ «Երբ Աս­­տո­­­ւած մա­­տաղ­­ցու Իսա­­հակի փո­­խարէն ոչ­­խար ու­­ղարկեց, Անա­­տոլիա ժո­­ղովրդիս կո­­տորուելու ժա­­մանակ ոչ մի ծա­­ռայ չու­­նէ՞ր, որ ու­­ղարկեր», ըսե­­լով՝ վրդո­­վուած հե­­ռացաւ եկե­­ղեցիէն։ Հա­­յերէն չէր հասկնար, սա­­կայն հա­­յատառ թրքե­­րէն հրա­­տարա­­կու­­թիւններ կը կար­­դար։

Պապս հօրս, հայրս ալ մեզ պատ­­գամ մը թո­­ղած է։ Ան­­գամ մը կռիւ ընե­­լու հե­­տեւան­­քով ոս­­տի­­­կանու­­թիւնէն զան­­գե­­­ցին պա­­պիս։ Յա­­ճախոր­­դը, որուն հետ վի­­ճած էր պապս, գան­­գա­­­տած էր, թէ պապս անոր կրօ­­նին, աղօթ­­քին ու դրօ­­շին հայ­­հո­­­յած է։ Թէեւ անոնք վստահ էին, որ պա­­պիս զրպար­­տած են, չնա­­յած գի­­տէին, որ ան իրա­­ւացի է, սա­­կայն պապս փրկո­­ւելու հա­­մար ոս­­տի­­­կանու­­թեան պե­­տի տա­­նը զէ­­րոյից վա­­ռարան հա­­ւաքեց։ Այդ պատ­­ճա­­­ռով կ՚ըսէր՝ ոչ ոքի հետ մի վի­­ճիր, դու ոչ մի բան ես։ Հայրս ալ մեզ նոյ­­նը կ՚ըսէր…»։

Հայրս այս իրա­­դար­­ձութիւննե­­րու մեծ մա­­սի ակա­­նատեսն էր։ Ան­­ցած շա­­բաթ «Երկնաց Հօր» մօտ գնաց։ Պապս՝ վա­­ռարան սար­­քող Կա­­րապե­­տը ու հայրս՝ Ալա­­թուրքա­­ճը Մո­­րուք Յա­­կոբը։

Գրի­­գոր Զոհ­­րա­­­պի «Ի հե­­ռաս­­տա­­­նէն» եր­­կին յի­­շատա­­կուած Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Թարգման­­չաց նա­­խակրթա­­րանը հպար­­տութեամբ սո­­վորե­­լէ ետք հայրս գնաց Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րան։ Ֆի­­նան­­սա­­­կան պատ­­ճառնե­­րով ին­­նե­­­րորդ դա­­սարա­­նէն թող­­նե­­­լով դպրո­­ցը՝ բռնեց Չու­­խա­­­ճը Խա­­նի ճամ­­բան։ Տաս­­նեօթ տա­­րեկա­­նին որ­­բա­­­ցաւ։

Այդ ժա­­մանակ բո­­լորին ածա­­կան տա­­լու սո­­վորու­­թիւն կար։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւրը ածա­­կան­­նե­­­րով կը ճա­­նաչո­­ւէին։ Հայրս ալ ստա­­ցաւ «Մո­­րուք Յա­­կոբ» կո­­չու­­մը։ Սա­­մաթեացի Հա­­ճի Փար­­լա­­­կը, ժա­­մանա­­կի յայտնի եւ մեծ ըն­­դե­­­լու­­զողնե­­րէն մէ­­կը, հօրս որ­­պէս իր ժա­­ռան­­գորդ կ՚ըն­­դունի։

Թրքա­­կան ըն­­դե­­­լու­­զումը հին օս­­մա­­­նեան ոճի զար­­դա­­­գոր­­ծա­­­կան ար­­տադրու­­թիւն էր։ Յառա­­ջացաւ այս մասնագիտութեան մէջ։ Ան հիմ­­նա­­­կանին կը պատ­­րաստո­­ւէր ալ­­մաստ քա­­րերու շրջա­­նակի վրայ։ Ջրի հետ չի պի­­տի շփո­­ւի։ Սա­­կայն հայրս տաս­­նեակ երախ­­տա­­­պարտ յա­­ճախորդներ ու­­նէր, որոնք անոր ըն­­դե­­­լու­­զած զար­­դե­­­րով ծով կը մտնէին, բաղ­­նի­­­քը կը լո­ւացուէին, աման կը լո­­ւային եւ կեան­­քում ոչ մի խնդիր չէին ու­­նե­­­նար։

Հա­­մայնքա­­յին գոր­­ծե­­­րով ալ զբա­­ղուե­լով՝ հայրս եր­­կու ան­­գամ Պա­­քըր­­քիւղի եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղական խոր­­հուրդի ան­­դամ եղած է։ Այդ պաշ­­տօ­­­նի ըն­­թացքին ընդգրկո­­ւած է նաեւ այն ժա­­մանա­­կի Հա­­յոց Պատ­­րիարք Գա­­րեգին Գա­­զան­­ճեանի Խորհրդակ­­ցա­­­կան մարմնին։ Ջան­­քեր գոր­­ծադրած է Իս­­թանպու­­լի հայ հա­­մայնքի գոյ­­քը աւե­­լի բար­­ւոք պայ­­մաննե­­րով պահ­­պա­­­նելու հա­­մար։

Հայրս Քափալը Չարշը­ի վար­­պետնե­­րէն տար­­բե­­­րուող առա­­ւելու­­թիւն մը եւս ու­­նէր։ Օր մը իսկ բեր­­նէն հայ­­հո­­­յանք դուրս չե­­կաւ, աշ­­կերտնե­­րուն, են­­թա­­­վար­­պետնե­­րուն չվի­­րաւո­­րեց։

Մեր ար­­հեստա­­նոցում ես հօրս հա­­մար Րաֆ­­ֆի, Փա­­րամազ, Ար­­փիար Ար­­փիարեան, Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժան կը կար­­դա­­­յի, ան ալ մեզ հա­­մար Գա­­րեգին Պեշ­­կէօթիւ­­րեանի «Եկ իմ սրին­­գը», Չա­­րեն­­ցի «Ես իմ անուշ Հա­­յաս­­տա­­­նին» կը կար­­դար։ Կը լսէինք Պա­­րոյր Սե­­ւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» կամ ալ «Մեզ հայ են ասում»ը։ Սա­­կայն աւե­­լի յա­­ճախ Ճեմ Գա­­րաճա կը լսէինք…։

Սեպ­­տեմբե­­րի 12-էն ետք Էօզա­­լի իշ­­խա­­­նու­­թեան գա­­լու ժա­­մանակ Քա­­փալը­­չար­­շըի ար­­հեստա­­ւորա­­կան շի­­նու­­թիւննե­­րը տե­­ղափո­­խուե­­ցան, ոս­­կերչա­­կան սեկ­­տո­­­րը տե­­ղայ­­նա­­­ցաւ եւ հան­­րայնա­­ցաւ, որու պատ­­ճա­­­ռով շատ առեւտրա­­կան­­ներ կամ երկրէն փա­­խան, կամ թո­­ղեցին իրենց մաս­­նա­­­գիտու­­թիւնը։ Տի­­րան Շե­­նենց, Արամ Ֆեն­­կեանենց, Բար­­սէղ Սե­­մեր­­ճեանենց տե­­ղերը պե­­տու­­թեան աջակ­­ցութեամբ մեծ կա­­պիտա­­լով ոս­­կերչու­­թեան սեկ­­տոր մտնող­­նե­­­րուն մնա­­ցին։

Այս հա­­մակար­­գով, ուր կա­­պիտա­­լը կը ճնշէ աշ­­խա­­­տու­­ժը, վար­­պե­­­տու­­թեան եւ ար­­հեստի անար­­ժէք դար­­ձած ժա­­մանա­­կաշրջա­­նին վար­­պե­­­տու­­թիւնը առա­­ջին գծի դուրս բե­­րած շատ վար­­պետնե­­րու հա­­մար Քա­­փալը­­չար­­շըն այ­­լեւս այն կեդ­­րո­­­նը չէր, ուր աշ­­կերտ ու­­ղարկե­­լով՝ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ կ՚ըսէին. «Ոս­­կէ ապա­­րան­­ջան թող ըլ­­լայ դաս­­տա­­­կին»։

Եթէ պատ­­մածնե­­րուս մէջ անուննե­­րը փո­­խենք, անոնք կա­­րող է նմա­­նուին պոլ­­սա­­­հայ բազ­­մա­­­թիւ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու պատ­­մութիւննե­­րուն։ Չեմ ու­­զեր պա­­պէս հօրս, հօր­­մէս ալ ինձ փո­­խան­­ցո­­­ւածը մէջս պա­­հել։

Ումբեր­­տօ Էկոն խօսք մը ու­­նի՝ «Եր­­ջա­­­նիկ մար­­դիկ պատ­­մութիւն չեն ու­­նե­­­նար»։

Մենք՝ Անա­­տոլիայի հա­­յերս, շատ պատ­­մութիւններ ու­­նինք։ Յույսով եմ՝ հե­­տագայ պատ­­մութիւննե­­րու վեր­­ջում մենք ալ եր­­ջա­­­նիկ կ՚ըլ­­լանք…։

Լոյ­­սե­­­րու մէջ հանգչի՜ր, Հա՛յր, քեզ եր­­բեք չենք մո­­ռանայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ