ԳԱՅՈՒՇ ՉԱԼԸՔՄԱՆ ԿԱՒՐԻԼՈՖ
Երկու տարի առաջ էր, երբ ընկերներ իմաց տուին թէ զիս ալ ուղարկել կ՚ուզեն Պէյրութ, Միջինարեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Կանանց Բ. Համագումարին մասնակցելու համար։ Մեծ ոգեւորութեամբ ընդառաջեցի այդ հրաւէրին։ Առաջին անգամ 2013-ին, ճիշդ ալ «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերու նախօրեակին Տիյարպեքիրի մէջ կազմակերպուած էր այս խորագրով համագումար մը, որուն երկրորդ փուլին եւս մասնակցելու հրաւէր կը ստանայի։ Իսկոյն գրադարանէն վար արի Պէյրութի վերաբերեալ բոլոր նիւթերը եւ սկսայ յատկապէս լիբանանահայ պատմութիւնը ուսումնասիրելու կամ գոնէ վերաքաղ մը ընելու աշխատութեան։ Ապա վրայ հասաւ պսակաձեւ ժահրի համավարակը, որու հետեւանքով անցեալ մէկ ու կէս տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ յետաձգուեցաւ նախագիծը։ Լիբանանի ներքին անկայունոթիւններու մէջ վերջապէս հասաւ հրաւէրի յստակացումը։ Թուրքիայէն գացող պատուիրակութիւնը նուազած էր 15-էն եօթնի։ Նման կրճատում եղած էր այլ երկիրներու համար ալ, որուն պատճառաւ փոխանակ 200-ի, 100 կիներ հրաւէր ստացան։
Մինչ այդ Պէյրութէն իւրաքանչիւր օր կը ստացուէր «Այստեղ վիճակները շատ վատ են» ըսող լսումներ։ Միւս կողմէ ընտանեկան ու ընկերներու անմիջական շրջանակէն ալ կ՚ենթարկուէի «Ի՞նչ գործ ունիս, ինչո՞ւ կ՚երթաս»ի նման ճնշումներու, որոնք մերթ ընդ մերթ կը պղտորէին նաեւ վճռակամութիւնս։ Բայց վերջին պահուն հրաժարելով անիրաւութիւն ըրած պիտի ըլլայի այսքան սուղ պայմաններու տակ երթալու իրաւունքէն զրկուած անծանօթի մը հանդէպ։ Ոչ, ես այդ չէի, կարելի չէր նման անիրաւութիւն մը գործել։
29 Յուլիսին երեսփոխաններէ, կուսակցութեան հիմնադրութեան մէջ պարտականութիւն ստանձնած ընկերներէ, անկախ ֆեմինիստ գործիչներէ բաղկացող խումբով մը ուղղուեցանք Պէյրութ։
Յաջորդ առաւօտ ճշդուած ժամուն մեկնարկեց «Միջինարեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Կանանց Բ. Համագումար»ը։ Կ՚ափսոսայի տեսնելով թէ համագումարի մասնակցող միակ հայն եմ։ «Երանի Հայաստանէն ալ պատուիրակութիւն մը ըլլար» մտաբերած պահուս նկատեցի «Ժողովրդավարական յեղափոխութիւնը պիտի իրականացնենք կանանց միասնութեամբ» կարգախօսը, որ գրուած էր քրտերէն, ասորերէն, արաբերէն, պարսկերէնի կողքին նաեւ հայերէնով։ Պատին վրայ մայրենիով գրուած մէկ նախադասութիւնը իսկ բաւական եղած էր զիս պատող մենակութեան զգացումի փարատման։
Թէեւ համագումարը կը կայանար Պէյրութ, բայց ինչպէս վերոնշեալ վերտառութիւնը, բազմաթիւ մանրամասնութիւններու մէջ նկատելի էր թուրքիացի քիւրտ կանանց քաղաքական պայքարի փորձառութիւններու մէջ ձեւաւորուած փափկանկատութիւնը։ Արաբական երկիրներէ եւ Պարսկաստանէ եկած կիներու ելոյթներու հասարակաց եզրը կը ձեւաւորուէր կրօնական պարտադրանքներու տակ քաղաքացիական համակարգի մը բացակայութեան վրայ։ Իսկ ֆեմինիստ առաջարկներով ներկայացողները, խնդիրը կնոջ իրաւունքներու սահմանումով ընկալողները ընդհանրապէս քիւրտ կանայք էին։
Պաղեստինի պատուիրակութեան սահմանէն ետ ղրկուիլը ստուեր թողուց համագումարին։ Կարգ մը երկիրներէ եկած ատենախօսներ իրենց ելոյթներով եկած երկրի պետական պաշտօնակատարի մը տպաւորութիւնը գոյացուցին։ Ոմանք ալ տարուած էին իրենց կրօնական, դաւանանքային նախապաշարներով։ Այսպէս երբ կ՚ակնարկուէր Իրանի մէջ կնոջ իրաւունքներու ոտնակոխման նիւթին, Հարաւային Լիբանանէն շիա կին մը կ՚առարկէր ըսելով թէ Իրանի կիներու վայելած ազատութիւնը Լիբանանի մէջ երազելն իսկ անկարելի է։
Կիներու պայքարին համաշխարհայնացման ձօնուած համագումարի կարեւոր բացթողումներէն մէկն ալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կանանց բացակայութիւնն էր։ Կարեւոր էր այս ներկայութիւնը, քանի որ կնոջական աշխոյժ դիմադրութենէ զուրկ եւ իրարու հակադրուած երկու պետութիւններու կիներ, այս համագումարով պիտի գտնէին երկխօսութեան դաշտ մը, որ նոյնիսկ կրնար ճամբայ բանալ որոշ չափով փոխըմբռման, եւ ինչու չէ, նաեւ ապագայի բարեկամութեան մը առաջին քայլերուն։ Անշուշտ իմ այս տեսլականը ներկայ պայմաններու մէջ կարելի է անհնար ու երազային գտնել։ Բայց միշտ հաւատացած եմ թէ այրիշխան յարձակողական ոգին զսպելու կարող միակ ուժը կանանց միասնական պայքարն է։
18 երկիրներէ 100 կիներու մասնակցութեամբ կայացող համագումարի աւարտին որոշուեցաւ ջանքերը միաւորելու նպատակաւ համագործակցութեան խարիսխի մը կազմութիւնը։ Համագումարի աւարտական յայտարարագրի մէջ կայացած որոշումները Հիւլյա Օսմանաղաօղլուի թարգմանուղեամբ ձեւաւորուեցան հետեւեալ կերպով։
-Կը յայտարարուի «Միջինարեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի կանանց Ժողովրդավարական Համագործակցութիւն»ի շուտափոյթ հիմնադրումը։ Համաշխարհային մարդու իրաւունքներու ու ազատութիւններու, ժողովրդավարութեան եւ լրիւ հաւասարութեան հիմքերու վրայ հասարակութիւն մը ձեւաւորելու հեռանկարով ռազմավարութիւն մը պիտի մշակուի։
-Սոյն նպատակներուն համար վեցամսեայ աշխատաշրջանով շրջանային յանձնախումբ մը պիտի կազմուի։
-Կիները ստրկացնելու, վաճառելու, տգիտութեան մատնելու, շահագործելու, աքսորելու, բռնաբարելու, մեկուսացնելու եւ նման յանցագործութիւններու դէմ պայքարող բոլոր կազմակերպութիւններու հետ շփման միջոցներ պիտի որոնուին։
-Պայքար պիտի մղուի բռնատիրական, այրիշխան համակարգերու կիները անտեսող դիրքորոշումներուն դէմ։
-Յիշատակել ազգային խորհրդանիշ դարձած կիներու վաստակը։
-Զուգահեռներ կազմել շրջանային, ազգային եւ միջազգային գետնի վրայ։ Ցանցերու միջոցաւ իրազեկել տարուած պայքարի ընձեռած փորձութիւնները։
-Պայքարիլ կրօնական, գաղափարական կամ ազգային ամէն տեսակի չափազանցութեան դէմ։
Երկօրեայ համագումարի աւարտին սկսան իմ Պէյրութեան օրերը։ Նախապէս ալ, նիստերէ ետք ընկերներով ելած գիշերնային պտոյտներու ընթացքին նկատած էինք քաղաքը պատող սուգի հոգեբանութիւնը։ Տեղացիներու հանդիպիլ համարեա անկարելի էր քաղաքին այն վայրերը, որոնք կը դիտուէին իբրեւ զբօսաշրջական գօտի։ Կը հանդիպէինք մարդկանց, որոնք մեզ նման կամ գործի բերմամբ, կամ ալ պարզապէս զբօսնելու նպատակով եկած են ընդհանրապէս հարեւան երկիրներէ։ Լիբանանեան թղթադրամի արժեզրկումը օտար երկրացիներու համար առիթ մը դարձած կ՚երեւի։ Տեղացին դէպի նաւահանգիստ նայելով կ՚ապրի նախորդ Օգոստոսի մեծ պայթումին սարսափը։ Իսկ մենք, զբօսաշրջիկներս՝ Ռաուշէի ժայրերու տեսարանով հրապուրուած, անընդհատ նկարուելով զբաղած ենք։
Կիրակի օր հիւրանոցէն տեղափոխուեցայ սիրելի բարեկամներս Սիլվա եւ Ալէքս Քէօշկերեաններու բնակարանը։ Ըլլայ իրենց հետ, ըլլայ Հաճնայ կամ Պուրճ Համուտի բարեկամներուս մօտ լսեցի նոյն կամ նման մտահոգութիւններ։ Լսեցի «Քախրապա» եւ «Իշտիրաք» բառերը, որոնց իմաստը ընկալելն անգամ դժուար էր ինծի համար։ Մէկը կը մատնանշէր պետութեան մատակարարած ելեկտրական հոսանքը, իսկ միւսը քաղաքացիներուն իրենց միջոցներով, կեներաթորի դրութեամբ արտադրուած հոսանքը։ Ըմպելի ջուրի եւ դեղորայքի հասանելու դժուարութիւններու կողքին յարատեւ դարձած սղաճը ալաւելի կը դժուարացնէ Լիաբանանի ժողովուրդի առօրեան։ 4 Օգոստոսը Պէյրութի իմ վերջին օրն էր, եւ նաեւ տարելիցը նախորդ տարուայ մեծ պայթումին։ Այդ նոյն օր Իսրայէլ կրկին սկսած էր ռմբակոծել երկրի հարաւային տարածքները։
Այս պայմաններու մէջ շատ են ունեցածը ծախելով գաղթի ճամբան բռնած լիբանանցիները։
Իսկ անոնց թողած վայրերը փոխադրուողները, ինչպէս յաճախ կը պատահի, փոխանակ քարը քարին վրայ դնելու, ալաւելի կը քանդեն արդէն եղածն իսկ։
Եթէ յիշենք Պոլսոյ Կետիկփաշա կամ Թարլապաշը թաղամասերը, շատ աւելի յստակ կարելի է պատկերացնել Պէյրութի մէջ կատարուածն ալ։