Նախքան պսակաձեւ ժահրի համավարակի ընկերային կեանքը խափանելը սովորաբար ամառուայ ամիսներուն մշակութային ու գեղարուեստական յատուկ եռուզեռ մը կը տիրէր Իշխանաց Կղզիներու մէջ։ Անցեալին ըլլայ Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակը, ըլլայ Կազդուրման Կայանի պարտէզը հիւրասիրած են զանազան միջոցառումներ։ Այս երկրորդ տարին է, որ այդ բոլորէն հեռու կը մնանք խուսափելով մահաբեր վարակումէ մը։ Իսկ երբ Յուլիս ամիսէն վերջ սահմանափակումները հետզհետէ թուլացան այս առումով ալ որոշ աշխուժութիւն մը կը նկատուի։
12 Օգմսիոս Հինգշաբթի երեկոյ Գնալը Կղզիի Ջուրի Մարզաձեւերու Ակումբի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեանի յիշատակման միջոցառում մը։ Նախաձեռնութեան մտայղացողն էր իրաւաբան Էլիֆսու Տիլեք Շեն։ Ան կ՚ընդվզէր այս մեծ կորուստին միայն քանի մը օր օրակարգ զբաղեցնելէ ետք մոռացման մատնուելուն դէմ։ Նախ պատրաստեց նման միջոցառումի պատշաճող յայտագիր մը, հրաւիրեց այժ յայտագիրը իրակացնելու յարմար ատենախօսներ եւ արուեստագէտներ ու ապա սկսաւ այդ ձեռնարկը իրականացնելու համար յարմար վայրի մը որոնման։ Առաջին հերթին այցելեց Գնալը Կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ վարչութիւնը յուսալով թէ հոն պիտի գտնէ իր ոգեւորութիւնը կիսող մարդիկ։ Սակայն մերժուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նման միջոցառում մը անցնելու իր ցանկութիւնը։ «Տակաւին քառասունքը չէ ելած» ըսած էին իր խօսակիցները։ Յայտնի է որ անոնց պատկերացումը սահմանուած էր «Հոգեհանգիստ» հասկացողութեամբ եւ դժուարացած էին անկէ աւելին ընկալելու։ Բարեբախտաբար Մարզակումբի վարչութիւնը ձայնակցած էր այս իմաստալից հանդիպման եւ դռները լայն բացած Էլիֆսու Տիլեք Շենի դիմաց։
Այսպէս հինգշաբթի երեկոյեան ժամերուն մշակութասէր զանգուած մը փութացած էր ակումբ հետեւելու համար Ճիվան Գասպարեանի յիշատակման հանդէսին։
Էլիֆսու Տիլեք Շեն ստանձնած էր նաեւ հանդիսավարի պաշտօնը եւ իր ողջունի խօսքը արտասանելու համար բեմ հրաւիրեց նախ Իշխանաց Կղզիաց քաղաքապետ Էրտեմ Կիւլը։ Քաղաքապետը իր հակիրճ ելոյթին մէջ ողջունեց կատարուած ձեռնարկը եւ պատրաստակամութիւն խոստացաւ նման բնոյթի բոլոր միջոցառումներուն զօրակցելու համար։
Ապա բեմ եկաւ մենակատար Սերճան Կազերօղլու, որ լաւ պատրաստուած երգացանկով մը արժանացաւ մասնակիցներու գնահատանքին։ Ապա կարգաւ խօսք առին Բագրատ Էսդուգեան եւ Յակոբ Մամիկոնեան մեկուսելով մեծ վարպետի կենսագրութեան եւ յատկապէս ալ տուտուկ կոչեալ այդ պարզ ծիրանափողին ստեղծած անհաւատալի զգացումներու մասին։
Օրուայ միակ սայթաքումն էր թեխնիքական այն թերութիւնը, որու հետեւանքով երրորդ ատենախօս Օսման Քէօքէր չի կրցաւ ներկայացնել իր զեկոյցը, քանի որ կարելի չէր եղած իր պատրաստած տեսանիւթերը ցոլացնել էկրանի վրայ։
Ապա կարգով ելոյթ ունեցան Կիւլսեւեն Մետար, որ հայերէն եւ քրտերէն երգերով ողջունեց Ճիվան Գասպարեանի յիշատակը։ Մետար յայտնութիւն մը եղաւ բոլորին համար, թէ իր քնքոյշ ձայնով եւ թէ հոգեհարազատ մեկնաբանութիւնով։ Ապա բեմ եկաւ տուտուկահար Էմրէ Սընանմըշ, որ նախ նուագեց Ճիվան Գասպարեանի երգացանկէն ընտրուած գործեր եւ ապա քրտական մեղեդիներ։ Իբրեւ օրուայ ոգալ աստղեր Մարալ Այվազ եւ Թաթիանա Պոսթան։ Անոնք եւս իրենց կատարումներով մեծ գոհունակութիւն պատճառեցին միջոցառման վայրը ամբողջովին լեցուցած հանդիսատեսներու համար։ Յայտագրի շարունակութեան մէջ Էլիֆսու Տիլեք Շեն իր ողջունի խօսքը արտասանելու համար խօսափողը յանձնեց ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, որ ինչպէս պիտի սպասուէր իրմէ քաղաքական բնոյթ ճառախօսութեան մէջ անդրարձաւ համաշխարհային խղաղութեան անհրաժեշտութեան եւ այդ տողերով ալ արժանացաւ ներկաներու խանդավառ ծափողջոյններուն։
Այսպէսով ամառային մշակութային ձեռնարկներու բոլորովին անգոյ դարձած պայմաններուն մէջ Գնալըի Եկնակամարին տակ տեղի ունեցաւ բարձրորակ եւ յատուկ նշանակութիւնով միջոցառում մը, որուն համար կ՚արժէ շնորհաւորել թէ նախաձեռնողները եւ թէ մասնակցողները։