Ինչպէս ծանօթ է համայնքային չորս հաստատութիւններու՝ Գարակէօզեան Որբանոցի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի, Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի եւ Գալֆայեան Տան խնամակալութիւնները ընտրութիւն կատարելու մասին իրենց որոշումը անջատ գրութիւններով փոխանցած էին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։
Կը տեղեկանանք թէ Տնօրէնութիւնն ալ իր կարգին պատասխանած է այդ դիմումներուն, ընտրութիւններու մասին առանց դրական կամ բացասական արտայայտութիւն մը ունենալու։ Գրութիւններու մէջ կ՚ակնարկուի տնօրէնութեան 2019 թուակիր շրջաբերականին, որ առիթ կ՚ընձեռէր վարչութիւններու նուազած կազմերը լրացնել նշանակումի դրութեամբ։
Համայնքային չորս հաստատութիւններ դատարան դիմած էին եւ փաստաբաններ Սեդրակ Տաւութհան ու Սեպուհ Ասլանկիլի այս մասին բողոքը տեղին գտնուած էր Անգարայի եօթներորդ Վարչական Ատեանի կողմէ։
Դատարանը չեղեալ համարած էր Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան ընտրութիւնները առկախեալ համարող որոշումը։Ան նաեւ մերժած էր նշանակման եղանակը, յայտնելով թէ այդ մէկը կը հակասէ այս հաստատութիւններու աւանդական վարչաձեւին։ Տնօրէնութեան այս վճիռի դէմ առարկութիւնն ալ մերժուած էր վերին դատարանի կողմէ, բայց այդ նոյն ատեանը օրակարգի բերած էր իրաւասութեան խնդիր մը, ըստ որու եօթներորդ Վարչական Ատեանը իրաւասու չէր նման վճիռ մը արձակելու եւ պահանջած էր, որ խնդիրը քննարկուի Գերագոյն Ատեանի կողմէ։
Այժմ ազգային հինգ հաստատութիւններէն չորսը կը պատրաստուին նոր նամակ մը գրելու, ուր անգամ մը եւս պիտի ակնարկուի նշանակման փոխարէն օրինական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։