ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայելիի փոխարէն

Անուանի ար­ձա­կագիր Քե­մալ Եալ­չըն Քէօլ­նի մէջ այ­ցե­լելով իր վա­ղեմի բա­րեկամ Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանը հի­ւան­դա­նոցի սե­նեակին մէջ «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն կ՚աւե­տէ թէ սրբա­զանը կը բո­լորէ ապա­քին­ման շրջա­նը։

Եալ­չը­նի «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն ուղղեալ գրու­թեան մէջ կը յի­շուի եղեւ­նու ծա­ռին զինք հա­տել ջա­նացող կա­ցինի դէմ բո­ղոքը. «Դուն զիս չէիր կրնար հա­տել, բայց ի՞նչ ընեմ որ բռնակդ ինձմէ է»։

Ոչ թէ դի­տումնա­ւոր, այլ պա­տահա­կանօ­րէն այս շա­բաթո­ւայ «Ակօս»ին մէջ տեղ գտած ան­ջատ գրու­թիւննե­րով ակա­մայ կը տա­րուինք մտա­ծելու հայ մար­դու տար­բեր կեր­պարնե­րու մա­սին։ Նախ մեր սի­րելի բա­րեկամ Հեն­րիկ Անա­սեան էր որ պատ­մո­ւած­քի մը ձե­ւաչա­փին մէջ նիւթ կ՚ու­նե­նար այ­լա­սերած հա­յու մը կեր­պա­րը։ Ամեիկա հաս­տա­տուած հա­յաս­տանցի մը, որուն հա­մար ոչ մէկ նշա­նակու­թիւն ու­նէր հա­յու­թեան հետ առնչուած որե­ւէ բան։ Նե­րառեալ մայ­րե­նին, հա­յերէն եր­գը, գիրն ու գրա­կանու­թիւնը։ Երկրորդ յօ­դուա­ծը Մա­րիամ Մուղդու­սեանն էր, որ «Ար­տա­գաղթ, մնա՞լ, թէ գնալ» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծին մէջ կ՚ար­ծարծէր մեր ժա­մանակ­նե­րու ամե­նակոր­ծա­նիչ երե­ւոյթնե­րէն մէ­կը, Հա­յաս­տան երկրի հա­յաթափ ըլ­լա­լու փաս­տը։

«Ակօս»ի մշտա­կան յօ­դուա­ծագիր Ծո­վինար Լոք­մա­կէօզեան եւս կ՚անդրա­դառ­նար նոյն նիւ­թին, բո­լորո­վին տար­բեր դի­տան­կիւնէ մը մեկ­նե­լով։ Ժա­մանա­կի թե­լադ­րանքը մեր թե­րու­թիւննե­րու հետ առե­րեսո­ւիլն է։ Աւար­տին հա­սած է զո­հի հո­գեբա­նու­թիւնով անի­րաւո­ւած ըլլալու պա­տմու­թիւնը։ Պար­տինք իմա­նալ թէ իւ­րա­քան­չիւր կա­տարո­ւածի մէջ ու­նինք մեր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան բա­ժինը։ Բաւ է որ փոր­ձենք բո­լորին հա­մոզել թէ ինչպէս անի­րաւո­ւած ենք։ Վեր­ջա­պէս եթէ խա­բուած ենք, խա­բողի չա­րամ­տութեան կող­քին պէտք է հա­շուի նստիլ նաեւ խա­բուո­ղիս միամ­տութեան հետ։

Մենք բո­լոր այս մտո­րումնե­րուն հա­մար օրի­նակ­ներ թո­ւեցինք «Ակօս»ի այս շա­բաթո­ւայ հա­մարէն միայն քա­նի մը յօ­դուած­նե­րը նկա­տի ու­նե­նալով։ Մինչդեռ կեան­քը լե­ցուն է նման եզ­րա­կացու­թիւններ թե­լադ­րող նման բնոյ­թի բազ­մա­թիւ օրի­նակ­նե­րով։

Այս վեր­ջերս լոյս տե­սաւ պատ­մա­բան Քա­տիր Աքը­նի նոր ու­սումնա­սիրու­թիւնը, որ իր կար­գին առե­րես­ման օրի­նակ մըն էր Թուրքիոյ սու­տի վրայ կա­ռու­ցո­ւած ար­դի պատ­մութեան հետ։ Այդ գրքի էջե­րուն մէջ կը հան­դի­պինք այնպի­սի երե­ւոյթնե­րու, որոնք ակա­մայ կրկին կը յի­շեց­նեն եղեւ­նու ծա­ռի բո­ղոքը ընդդէմ կա­ցինին։ Ափ­սո­սան­քով կը լցո­ւինք ան­գամ մը եւս կար­դա­լով՝ այն զար­մա­նալի խլու­թիւնը, որ­մէ տա­րուած էր պոլ­սա­հայ քաղ­քե­նին հան­դէպ ճա­րահատ հայ գեղ­ջուկին։ Սաս­նե­ցի հա­յը ահա­զանգ կը հնչեց­նէր իր մատ­նուած քրտա­կան ահա­բեկ­չութեան մա­սին, իսկ Պոլ­սոյ փափ­կա­սուն պա­րոնայք չէին լսեր այդ աղա­ղակը ըսե­լով թէ բա­նակ­ցութիւննե­րը յա­ջող կ՚ըն­թա­նան Երիտ­թուրքե­րուն հետ եւ հի­մա ժա­մանա­կը չէ այդ բա­նակ­ցութիւննե­րը խան­գա­րելու։

Պատ­մութիւ­նը ան­շուշտ կրկնու­թիւն է՝ եթէ չենք յա­ջողիր ան­ցեալէն դա­սեր քա­ղելու։

Կ՚ար­ծես ամէն ինչ այսքա­նով ալ սահ­մա­նուած չըլ­լար։ Իս­կա­պէս հե­տաքրքիր է այս շա­բաթո­ւայ «Ակօս»ի յօ­դուած­նե­րու եւ ոչ միայն յօ­դուած­նե­րու, նոյ­նիսկ լու­րե­րու նման նշա­նակու­թիւն պար­զե­լու երե­ւոյ­թը։ Ահա­ւասիկ օրի­նակ մը եւս՝ հա­մայնքա­յին չորս հաս­տա­տու­թիւններ կամք մը կը դրսե­ւորեն եւ հին­գե­րոր­դը այդ կամ­քը խա­փանե­լու կ՚աշ­խա­տի եւ այդ ալ կ՚ընէ ողջմտու­թեան, բա­նիմա­ցու­թեան, շրջա­հայեացու­թեան ու վեր­ջա­պէս հա­մայնքը ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րէ զերծ պա­հելու պատ­ճա­ռաբա­նու­թեամբ։

Ափ­սո­սալու եւ զայ­րա­նալու իրա ւունք չու­նինք, մեզ­մէ պակ­սո­ղը ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւնն ու վճռա­կամու­թիւնն է։

pakrates@yahoo.com