Երկու շաբաթէ աւելի է, որ անտառներու հրդեհները Թուրքիոյ գլխաւոր օրակարգը կը կազմեն։ Թէեւ հրդեհներու ծագման գլխաւոր պատճառն էր եղանակային պայմանները, բայց խնդիրը շուտով ստացաւ քաղաքական բազմերանգ բնոյթ։ Կառավարութիւնը կը փորձէ հաւանական աղէտի դիմաց անպատրաստ գտնուելու մեղքը ուրիշներուն բեռցնել։ Այսպէս իշխանամէտ մամուլը առաջին օրերէն իսկ առաջ բերաւ ահաբեկչութեան վարկած մը։ Պնդում մը՝ որ շուտով արժանի արձագանգը գտաւ արդէն իսկ բեւեռացած հասարակութեան մօտ։
Միւս կողմէ ընդդիմադիր շրջանակներ ալ կառավարութիւնը կը մեղադրէին այս տեսակի հրդեհներու հանգման համար կարեւորագոյն միջոց համարուող հրշէջ ինքնաթիռներու բացակայութենէն։ Այդ ինքնաթիռները կը պատկանին «Թուրք Օդային Հաստատութիւն» անուն հասարակական կազմակերպութեան, որուն դէմ նախագահ Էրտողան վերջին տարիներուն բացայայտ պայքար հռչակած է։ Այժմ այդ հաստատութիւնը կը ղեկավարէ կառավարութեան կողմէ նշանակուած տեղապահ մը, որ իր կարգին գործէն հեռացուցած է կազմի բոլոր օդաչուները։
Այս բոլորին մէջ բնապահպաններ ալ հերթապահութիւն կը պահեն հրդեհէն փրկուած ծառերու հատման արգելք ըլլալու համար։
Կառավարութիւնը բնապահներուն կը միջամտէ Ոստիկան Զօրաց բռնութիւնով։