Համավարակի բերմամբ դպրոցական աշխատութիւնները որքան ալ հեռակայ եւ առցանց շարունակուին, այս տարի ալ կայացած են միջվարժարանային զանազան մրցումներ։ Այդ մրցումներէն մէկն էր «Ռութ 2021 Ռոպոթիկ Նշանակման Մրցում»ը, որուն երկրի տարածքին մասնակցող 2500 խմբակներու միջեւ Եշիւլգիւղի Վարժարանի սաներէն Միլա Տէվէճեան եւ Տէրուն Տուվարճը իրենց ուսուցիչ Աղաւնի Տուրասլանի հսկողութեան տակ միայն 6 երկվայրկեանի ուշացումով նուաճած են երկրորդութեան մրցանակը։ Բացի այդ «Ռոպոթէքս Թուրքիա» մրցումին ալ դարձեալ Աղաւնի Տուրասլանի կողմէ պատրաստած եւ Միլա Տէվէճեան ու Քրիս Էօզհալաճեանէ բաղկացող խումբն ալ «Առողջութեան Դրութիւններ եւ Թեխնոլոկեաներ» բաժնին մէջ Թուրքիոյ առաջնութիւնը նուաճեցին։
Ուսուցչուհի Այլին Ճըրըլի պատրաստած, Նիկոլ Թաշճեան, Սեւակ Իւչքարտէշ եւ Այքուն Ներսէսեանէ բաղկացող խումբը «Բնագիտութեան Գործադրական Նախագիծներ» բաժնին մէջ երրորդ հանդիսանալով իրաւունք ունեցաւ Նոյեմբեր ամսուն Էսթոնիայի մէջ կայանալիք մրցման ընթացքին Թուրքիան ներկայացնելու։
Այս յաջողութիւններու համար սրտանց կը շնորհաւորենք մրցումներուն մասնակից աշակերտութիւնը եւ զիրենք պատրաստող ուսուցիչները։