Արդէն մէկ տարիէ աւելի է որ Հրանդ Տինք վարժարանի մէջ ալ, ինչպէս գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրները դասապահերը ընդհանրապէս առցանց, հեռաւոր ձեւաչափով կ՚անցկացուին։ Չնայած բորոլ դժուարութիւններուն՝ 2020-2021 ուսումնական տարուայ մեր դպրոցի 14 շրջանաւարտները մեկնեցան Հայաստան՝ ուսումը այնտեղ շարունակելու։ Այս գործընթացը մեր առաքելութեան գագաթնակէտն ենք միշտ համարած։ Մեր շրջանաւարտները աւանդաբար շատ յաջող կը մասնակցին աւարտական քննութիւններուն, ինչը մեզ համեստօրէն հպարտանալու առիթ կ՚ընձեռնէ։ Հետաքրքիր է, որ առաջին տարիներուն Հայաստանի մէջ կը զարմանային, որ օտար ափերուն կրթութիւն ստացած աշակերտները նման բարձր ցուցանիշներ կը գրանցեն թէ՛ դասերու, թէ՛ աւարտական քննութիւններու ընթացքին։ Հիմա շատերուն համար այս հանգամանքը սովորական բնոյթ ստացած է. Իսթանպուլի Հրանդ Տինք վարժարանի սաներէն պէտք է լաւ առաջադիմութիւն ակնկալել։ Այս ամէնը նաեւ պոլսահայ համայնքի ձեռքբերումն է, անոնց շնորհիւ իրականութիւն կը դառնայ, քանզի առանց իրենց սրտցաւ վերաբերմունքի միայնակ կը մնայինք եւ չէինք յաջողէր։
Հայաստան մեկնած մեր 14 շրջանաւարտներէն 12-ը (Ալվարդ Աւագեանը, Էմմանուելա Բաղդասարեանը, Ժաքլին Բաղրամեանը, Սիրուշօ Գէորգեանը, Էդիկ Դանիելեանը, Մարիամ Խաչատրեանը, Ալիսա Յովհաննիսեանը, Սվետլանա Ղուկասեանը, Սենիկ Մկրտչեանը, Սամուէլ Պետրոսեանը, Սաշիկ Պետրոսեանը, Գայանէ Ստեփանեանը) հիմնական դպրոցի աւարտական վկայականներ ստացան եւ ներկայիս աւագ դպրոցներ եւ համարժէք այլ ուսումնական հաստատութիւններ ընդունուելու գործընթացի մէջ են։ Իսկ երկուքը՝ Արէն Սարգսեանը եւ Անի Սարգսեանը, նոյն ուսումնական հաստատութեան աւագ դպրոց պիտի շարունակեն իրենց ուսումը՝ հետեւաբար աւարտական վկայական չեն ստացած։ Ալվարդ Աւագեանը հիմնական դպրոցը աւարտեց գերազանց առաջդիմութիւնով ստանալով յատուկ՝ «կարմիր» վկայական։
Բարի եւ յաջողութիւններով լի երթ կը մաղթենք մեր աշակերտներուն։ Անչափ շնորհակալ ենք բոլոր այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք մեզ զօրավիգ կ՚ըլլան եւ մեր առաքելութեան կ՚աջակցին։ Անոնց օգնութիւնով մեր վարժարանի պատմութեան եւս մէկ գեղեցիկ եւ մնայուն էջ հնարաւոր եղաւ կերտել։