28Յուլիս թուականէն այս կողմ Թուրքիոյ օրակարգի գլխաւոր նիւթը դարձած է անտառային տարածքներու հրդեհները, որոնք կը շարունակուին ամբողջ շաբաթուայ մը ընթացքին ընդմիշտ նոր բռնկումներով։ Հրդեհի առաջին դէպքը պատահած էր Անթալիոյ Մանաւկաթ գաւառը եւ այդ աղէտը փճացուցած էր անտառային տարածքները, որոնք վերածուեցան մոխիրի կոյտերու։ Թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերու տուեալներով անցնող մէկ շաբաթուայ ընթացքին 34 տարբեր քաղաքներու մերձակայ 174 անջատ հրդեհներ տեղի ունեցան, որոնցմէ 161-ը կարելի եղաւ հսկել։ Իսկ 9 անձեր իրենց կեանքը կորսնցուցին փոցերու մէջ, որոնց մէկ մասը հրշէջներ էին, իսկ մէկ մասն ալ խաղաղ բնակիչներ։ Այրուած անտառներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ անասուններու կողքին, կարելի չեղաւ նաեւ գոմերու մէջ մնացած անասունները փրկել։ Այս պահուն բոցերու դէմ պայքարը կը շարունակուի Մուղլա, Անթալիա, Սփարթա, Այտըն եւ Տենիզլի քաղաքներու շրջակայքը։
Հրդեհներու կարեւոր դրդապատճառը կը համարուի եղանակի բարձր ջերմութիւնը, տեղումներու բացակայումը եւ ուժգին հիւսիսային քամին։
Հրդեհները զանազան վայրերու մէջ կը սպառնան նաեւ բնակավայրերուն, որու հետեւանքով բազմաթիւ գիւղեր եւ հիւրանոցներ պարպուեցան։
Այս բոլորին մէջ կառավարութեան ուղղեալ ծանր քննադատութիւններ ու մեղադրանքներ կը հնչեն հրդեհներուն օդային ճամբով միջամտելու նիւթին շուրջ անճարակութեան պատճառաւ։
Թուրքիա անցեալին նման աղէտներուն կը միջամտէր հրշէջ ինքնաթիռներով։ Իսկ այս վերջին հրդեհի օրինակով յայտնի եղաւ թէ պետութիւնը հրաժարած է այդ օդանաւներէն օգտուելու գաղափարէն եւ նոյնիսկ օդաչուներն ալ աշխատանքէ հեռացուցած։
Այս բոլորը կը կատարուին քաղաքական նախասիրութիւններով, քանի որ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան գործիչները, գլխաւորութամբ նախագահ Էրտողանի, դիրք բռնած են «Թուրք Օդային Հաստատութիւն» ոչ պետական կազմակերպութեան դէմ։ Նոյնիսկ կառավարութիւնը պաշտօնանկ ըրած էր այդ միութեան վարչակազմը եւ տեղապահ նշանակած։
Անտառային հրդեհները իր հետ բերին նաեւ ընկերաքաղաքական նոր ճգնաժամ մը։ Բազմաթիւ ընկերային ցանցերէ ներս տարածուեցաւ «Անտառները ՀՏՓ-ականները կը հրկիզեն» սուտ լրատաուութիւնը։ Այդ սուտի տարածման իրենց ելոյթներով նպաստեցին նաեւ կարգ մը քաղաքական գործիչներ եւ պետական այրեր։ Մանաւկաթի մէջ իրենց առոգանութենէն շփոթելով երկու եղբայրներու դէմ լինչ գործադրուեցաւ, պնդելով թէ քիւրտեր են եւ եկած են անտառը հրկիզելու։ Մինչդեռ աւելի ետք պարզուեցաւ թէ այդ երկուքը հրդեհի վայր փութացած էին կատարուած աշխատութիւններու օժանդակելու համար։ Երկու եղբայրներ մազապուրծ փրկուեցան դաժան սպանութենէ։ Այդ նոյն մթնոլորտի մէջ է որ Քոնիայի Մերամ գաւառի մէջ ալ 7 հոգինոց ընտանիք մը զոհ դարձաւ ատելութեան ոճիրի։
Ինչպէս որ բնապահպաններ ահազանգ կը հնչեցնեն էգոլոկիական աղէտի մը դիմաց ընկերաբաններն ալ նոյն եղանակով կը զգուշացնեն ընկերային ճգնաժամի մը դիմաց։ Ճգնաժամ մը, որ դիւրաւ կրնայ վերածուիլ քաղաքացիական պատերազմի։ Գաղտնիք չէ որ Թուրքիոյ մէջ նման գրգռութիւնները շուտով կը հասնին իրենց նպատակին եւ ժամերու ընթացքին կրնայ պատահիլ այն ինչ, որու հետեւանքները կարելի չէ վերացնել նոյնիսկ երկար տարիներու ջանքերով։
Հրդեհը ինքնին կը սպառնայ նաեւ կարգ մը ջերմաելեկտրական կայաններու, քանի որ բոցերը արդէն հասած են անոնց տարածքներուն։
Եթէ ցարդ կը խօսինք անտառային հրդեհներու մասին, անդին զանազան քաղաքներու մէջ կը պատահի թուփերու կամ արտերու հրդեհներ, որոնք ընդհանրապէս չեն արժանանար յատուկ ուշադրութեան։ Այս տեսակի հրդեհները աւելի յաճախ կը տեսնուին Թրաքիոյ դաշտային վայրերը, որոնք համեմատաբար աւելի դիւրաւ հսկողութեան տակ կ՚առնուին։ Կայ անտառային հրդեհներու մի այլ երեսակ եւս, որ դարձեալ իր կարգին կարեւոր հարցականներ կը պարունակէ։ Այլեւս գաղտնիք չէ որ թրքական բանակը քրտաբնակ քաղաքներու դաշտային տարածքներու վրայ ինք կը հրահրէ հրդեհներ, անվտանգութեան պատճառաբանութիւնով։ Զինուորները կը պնդեն թէ այդ քաղաքներու անտառային տարածքներու մէջ ահաբեկիչներ թաքնուած են եւ անոնք յայտնաբերելու համար դիտումնաւոր կերպով կը հրկիզեն անտառները։ Նոյնիսկ այստեղ զինուորները արգելք կ՚ըլլան հրշէջներու աշխատութեան։
Այսպէս օրինակ մը ապրուեցաւ նախ Մուշի եւ ապա Տէրսիմի լեռնային տարածքներու մէջ։ Զինուորները նոյնիսկ արգիլեցին Տէրսիմի քաղաքապետ Մեհմետ Ֆադիհ Մաչօղլուի հրդեհի վայր փութալը։
Անշուշտ որ յառաջիկայ օրերուն հրդեհը իբրեւ աղէտ պիտի հանգի, բայց պատճառ դարձած քաղաքական փոթորիկը տակաւին երկար ժամանակ օրակարգ պիտի զբաղեցնէ երկրի մէջ։