Թուրքիոյ մէջ կիներու ուղղեալ ոճիրները Յուլիս ամսուայ ընթացքին ալ շարունակած է շատ բարձր համեմատութիւն մը կազմել։ Ամսուայ ընթացքին 20 կիներ սպաննուած են իրենց աժմու կամ նախկին ամուսիններու ու նաեւ ընտանեկան պարագաներու ձերամբ։ Իսկ 14 կիներու անձնասպանութիւնն ալ բաւականին կասկածելի է։ Վերջին շշմեցուցիչ լուրը եկաւ Անթալիայէն, ուր 48 ամեայ Մուսթաֆա Մուրատ Այհան, որ ծանօթ գործատէր մըն է իր միջավայրի մէջ եւ դաժանօրէն սպաննած է 21 ամեայ համալսարանական ուսանող Ազրա Կիւլէնտամ Հայթաօղլուն։ Ոստիկանները ստուգելով երիտասարդ կնոջ վերջին անգամ Այհանի հետ տեսակցած ըլլալը, հարցաքննեցին զայն եւ ապա ստացած պատասխաններէն գոհացած ազատ արձակեցին։ Ապա տեսախցիկներու ուսումնասիրութիւնով կասկածները անգամ մը եւս ուղուած են իր վրայ եւ ան երկրորդ հարցաքննութեան խոստովանած է իր արարքը։ Ոճրագործը նաեւ ցոյց տուած է զոհուած երիտասարդ կնոջ հինգ մասի բաժանուած դիակը թաղած վայրը։