Երբ գործազրկութենէ տառապող Թուրքիոյ մէջ ընկերային լարուածութեան նիւթ կը դառնան Սուրիայէն եկած փախստականներու գոյութիւնը, այժմ աֆղանստանցիներու զանգուածային գաղթ մը կ՚ապրուի երկրի արեւելեան սահմաններու վրայ։ Իւրաքանչիւր օր բազմանդամ խումբերով Իրանի սահմանէն ներս կը թափանցեն աֆղանստանցի գաղթականներ, որոնք 20-25 օրուայ հետիոտն ճամբորդութիւնով հասած են Վան։ Ուշագրաւ է որ անոնք ընդհանրապէս չեն հանդիպիր սահմանապահ զօրքերու արգելքին։ Այս ալ մտածել կու տայ թէ սոյն նիւթի շուրջ իշխանութիւնը գաղտնի համաձայնութիւն մը կնքած է ԱՄՆ-ի հետ, որ կը տենչայ այդ երկրէ ներս իրեն հետ գործակցող տարրերու անվտանգութիւնը ապահովել երկրէն դուրս ելլելու միջոցաւ։