Եթէ «ցեղասպանութիւն» եզրը Թուրքիոյ մէջ սարսափազդու ընկալումի մը տեղի կու տայ, պատճառը պարզ է։ 1915 թուին հայ ժողովուրդը իր հարազատ երկրին մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ արդի թուրք քաղաքական մտքի ծրագիրով եւ երկրի բոլոր մահմետական ժողովուրդներու ձերամբ։ Կատարուածը մեծ ոճիր մըն էր, որուն հետ մինչեւ օրս կարելի չէ եղած առերեսուիլ։ 1915-ին եւ յաջորդող տարիներուն պատահածը անշուշտ որ հայերով սահմանուած չէր։ Իրենց բաժինը ստացան նաեւ Օսմանեան երկրի բոլոր քրիստոնեաները։ Իսկ պահանջատէր դարձողը միայն հայութիւնն էր։
Ասորիները՝ որ երկար տարիներ լռութեան դատապարտած էին իրենց արհաւիրքը, հազիւ վերջին տասնամեակներուն դէպի Եւրոպա գաղթելով է, որ սկսան ասորիներու ուղուած ցեղասպանութեան, կամ յատուկ անուանումով Սէյֆոյի մասին խօսիլ։
Մենք միշտ նշեցինք թէ ցեղասպանութիւնը գաղափարախօսութեան մը հետեւանքն է եւ այդ գաղափարախօսութեան յարմար պայմանները գոյանալով կրնայ գործադրուիլ ամենուրէք։ Եթէ Թուրքիոյ տարածքին զոհերը քրիստոնեաներն էին եւ ոճրագործները մահմէտականներ, երեք տասնամեակ անց զոհերը դարձան հրեայ եւ ցեղասպանները գերմանացի քրիստոնեաներ։ Ռուանտայի ոճրագործները եւ զոհերը ոչ քրիստոնեայ էին, ոչ իսլամ եւ ոչ ալ հրեայ, իսկ Պոսնա Հերցեկովինայի մէջ դերերը կրկին բաշխուած էին իսլամներու եւ ուղղափառ քրիստոնեաներու միջեւ, ուր դարձեալ իսլամները զոհի դերին մատնուեցան։
2014 թուի 3 Օգոստոս թուականը իմ յիշողութեան մէջ դրոշմուած է եզդիներու ցեղասպանութեամբ, կամ ինչպէս իրենք կ՚ըսեն 74-րդ Հրովարտակի գործադրութեամբ։
Այդ օր գիշերուայ ուշ ժամերուն էր՝ երբ Տիյարպէքիրէն ճամբայ ելած 50 հայեր Թուրքիա-Վրաստան սահմանագծի վրայ կը սպասէինք սահմանի գործողութիւններու վերսկսման։ Այդ սահմանադուռը կը գործէ ցերեկուայ ժամերով եւ երեկոյեան ժամերուն կը դադրի պաշտօնէութեան աշխատանքային օրը։ Ուրախ զուարթ սահմանադուռի բացումը սպասող խումբը իսկոյն շանթահար եղաւ «Իսլամ Պետութիւն» կոցուած անիծեալներու խումբի եզդիաբնակ Շենկալ լեռը արշաւելու լուրով։ Ամէն եկող նոր լրատուութիւնով կը կրկնապատկուէր սարսափը։ Ահաբեկիչներ յանուն իսլամի անխնայ կը սպաննէին անզէն ու խաղաղ ժողովուրդ մը։ Կը գերեվարէին կանայք եւ ապա որպէս գերի վաճառքի կը դնէին Մուսուլ քաղաքի շուկային մէջ։
1915-էն ուղիղ 99 տարի ետք անգամ մը եւս կը կատարուէր մեծ ոճիրը։ Ինչպէս 99 տարի առաջ, այս անգամ ալ աշխարհի «քաղաքակիրթ» երկիրները պատահածը կը դիտէին նոյն անփութութեամբ։
Հարկ է նշել թէ եզդիներու մատնուած այդ աղէտի մէջ իրենց բաժինը ունէին կրնօնափոխ ըլլալով իսլամացած ցեղակիցները։ Պարզանիի զինուորները յարձակումէն ժամէր առաջ լքած էին իրենց դիրքերը եւ ժողովուրդը թողած անպաշտպան։ Ինչպէս վերեւ ալ նշեցինք ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է, որ կանխելու միակ միջոցն է համամարդկային դիմադրութիւնը եւ զօրակցութիւնը։
pakrates@yahoo.com