Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ կայացաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Կանանց Բ. Համագումարը։
30-31 Յուլիս թուականներուն կայացող համագումարին Լիբանան, Իրան, Մարոք, Ռոժաւա, Թուրքիա, Թունիս, Բաղեստին, Աֆղանստան, Եգիպտոս եւ այլ երկիրներէ աւելի քան 100 կիներ մասնակցեցան։ Համագումարի նիստերու ընթացքին կանայք քննարկեցին յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրները։ Հաստատեցին շարունակուող պատերազմներու եւ բախումներու ընթացքին կանանց ուղղեալ առեւանգման, բռնաբարման եւ բռնութեան երեւոյթները։ Ակնարկեցին ժողովրդական շարժումներու, յեղափոխութիւններու եւ բողոքի ցոյցերու ընթացքին կանանց դերակատարութիւնը եւ արձանագրուած ձեռքբերումներու շահագործման եղանակները։
Անոնք համագումարի աւարտին յայտարարեցին կայացած որոշումները։
Այսպէսով յայտարարուած եղաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի կանանց ժողովրդական դաշինքի մը հիմնադրութիւնը։
Մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու միջազգային չափանիշներու համապատասխան, ժողոդրավարական եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւն մը կառուցելու ռազմավարական տեսլադաշտ մը պիտի գոյացնեն։ Այդ նպատակին համար վեցամսեայ աշխատանքի ժամկէտով պիտի կազմուի յանձնախումբ մը։ Յանձնախումբի պարտականութիւնն է համագումարի առաջարկները կեանքի կոչել։ Որոշուած է նաեւ բռնի տեղահանութեան, բնակչութեան փոխանակման, քաղաքական բնոյթով մահափորձներու, անգրաճանաչութեան, աղքատութեան, գործազրկութեան եւ ընկերային կեանքէ արտաքսման նման երեւոյթներու դէմ պայքարող նախաձեռնութիւններուն մասնակցիլ։
Բռնատիրական եւ աւատապետական գաղափարախօսութեան, նահապետական աւանդութիւններու եւ կնամերժ բոլոր գաղափարախօսութիւններու դէմ պայքարիլ։
Յիշատակել ազգային կուռքի վերածուած կիներու վաստակը։ Կրօնական, գաղափարական կամ ազգային բնոյթի ամէն տեսակ չափազանցութեան դէմ պայքարիլ։