Եւրասիոյ Տնտեսական Միութենէ ներս Յունուար- Յունիս 2021 շրջանի հողամշաման արդիւնաբերութեան աճը արձանագրուած է 0,6 տոկոսով։ Հայաստան անդամ երկիրներու մէջ ապահովեց գիւղատնտեսական բերքի մեծագոյն աճը 6,4 տոկոսով։
Յանձնախումբի տուեալներու համաձայն նոյն շրջանին Ղազախստան 3,2, Ղրկզիստան 1,5 եւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը 0,2 աճ արձանագրած են։
Եւրասիա Տնտեսական Միութիւնը հիմնուած է 29 Մայիս 2014-ին Պելառուս, Ղազախստան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահներուն ստորագրած համաձայնագրով մը։ Հայաստան կազմին անդամակցեցաւ 9 Հոկտեմբեր 2014-ին։
Միւս կողմէ կը նշուի թէ 2021-ի առաջին կիսամեակին Հայաստանի տնտեսական աշխոյժութիւնը 5 տոկոսով գերեզանցած է նախորդ տարուան նոյն տարեշրջանը։
Յունուար- Յունիս ամիսնու ընթացքին Հայաստանի արտածումը 23,3 եւ ներածումն ալ 7,9 տոկոսով աճած է։ Նոյն շրջանին ԱՄՆ տոլարի դիմաց հայկական դրամի արժէքը եղած է 522, 08