ՀՀնախագահ Արմէն Սարգիսեանի որոշմնագիրով Նիկոլ Փաշինեան նշանակուեցաւ վարչապետի պաշտօնին։ Այս մասին որոշումը հրատարակուեցաւ նախագահական կայքէջի վրայ, «Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի համաձայն յարմար գտնուած է Նիկոլ Փաշինեանի իբրեւ վարչապետ նշանակումը»։
Ապա խորհրդարանը կատարեց իր անդրանիկ նիստը, ուր նախագահ Արմէն Սարգիսեան անդրադարձաւ երկրին մատնուած բազմաբնոյթ եւ խոր ճգնաժամին։ Նախապատուութիւն պահանջեց ճգնաժամը յաղթահարելու եւ պառակտումները վերացնելու համար։ Ան նշեց որ, նոր օրէնսդիր մարմինը ապագայի նկատմամբ իրատես եւ ռազմավարական ծրագիրներ մշակելու եւ գործադրելու առիթ ունի։ «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները ձեզմէ կ՚ակնկալեն առկայ խնդիրներու լուծումը եւ Հայաստանի զարգացման ու ապագային ուղղութիւնները ճշդելու կամք դրսեւորելը»։
Սարգիսեան ապա շարունակեց. «Ապագան պէտք է ձեւաւորուի հզօր, հաւասարակշռեալ եւ յառաջդիմական պետականութեան մը տեսլականով։ Ապագան անջատօրէն այս կամ այն կուսակցութեան շահերը չէ, այլ համազգային կերպով բոլորիս համատեղ պատմական յիշողութիւնով մը ագուցուած եւ միաժամանակ մեր զաւակներուն եւ նախնիներուն հանդէպ պարտականութիւն մըն է»։
Նիստը սկսած էր Ամենայ Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի օրհնութեամբ։ Վեհափառ Կաթողիկոսն ալ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի յարձակողական եւ ընդլայնման նպատակներուն դիմաց Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններւն դիմագրաւած ներքին ու արտաքին դժուարութիւններուն։ Գարեգին Բ. նշեց թէ խնդիրներու լուծման համար քաղաքական գործիչները եւ ամբողջ հասարակութիւնը պարտադիր են իրենց վիճակած քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը արդարացնելու։ «Պէտք է գիտակցինք թէ ազգային եւ հասարակական զօրակցութենէ դուրս այլընտրանք մը չունինք» ըսաւ Կաթողիկոսը։
Միւս կողմէ խորհրդարանի առաջին նիստը կայացաւ ընդդիմութեան, բողոքներու եւ քննադատութիւններու մէջ։ Հայաստանի գլխաւոր ընդդիմութիւնը կը ներկայանայ Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ռոպերտ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան Դաշինք»ը։ Քոչարեան նախապէս յայտարարած էր, որ խորհրդարանի մէջ պաշտօն պիտի չստանձնէ։ Դաշինքի երեսփոխանները խորհրդարանի առաջին նիստին մասնակցեցան ձերբակալեալ չորս համակիրներու դիմանկարները կրող վերնաշապիկներով։
Ընդդիմադիր պատգամաւորները իշխող կուսակցութեան անդամներու ելոյթները խափանել փորձեցին սեղանները հարուածելու միջոցաւ աղմկելով։
Լարուածութեան պայմաններու մէջ իսկ շուրջ վեց ժամ տեւող նիստի ընթացքին իշխող «Քաղաքացիական Դաշինք» կուսակցութենէն Ալեն Սիմոնեան խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ։ Ընդդիմադիր պատգամաւորները խորհրդանշական կերպով ձերբակալեալ երկու երեսփոխաններու թեկնածութիւնը առաջադրեցին եւ քուէարկութեան աւարտը առանց սպասելու լքեցին դահլիճը։
Ձերբակալեան երեսփոխաններէն մէկն է «Իզմիրլիեան» Բժշկական Կեդրոնի տնօրէնը, որ իր անձնակազմին վրայ ճնշում բանեցուցած էր 20 Յունիսի ընտրութիւններու նախօրեակին, իսկ Կորիս քաղաքի քաղաքապետն ալ կը մեղադրուի կաշառքով ձայներ հաւաքելով։
«Հայաստան Դաշինք»ի երեսփոխան Արամ Վարդեվանեան ըսաւ թէ երեսփոխաններու ձերբակալումը ներհակ է սահմանադրութեան։
Հայաստանի մէջ պատգամաւորները ունին անձեռնմխելիութիւն։ Իսկ իշխանութիւնը կը պնդէ թէ անոնց ձերբակալութիւնը կայացած էր նախքան որ երեսփոխան ընտրուին։
Միւս կողմէ հետզհետէ կը ձեւաւորու նաեւ նախարարաց խորհուրդը այսպէս Մհեր Գրիգորեան նշանակուած է իբրեւ Փոխ Վարչապետ, Կարէն Անդրէասեան Արդարադատութեան, Տիգրան Խաչատրեան Ելմտական, Վահան Քերովբեան Տնտեսութեան, Վահրամ Տումանեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի, Անդրանիկ Փիլոյեան Արտակարգ Իրավիճակներու, Անահիտ Աւանէսեան ալ Առողջապահութեան նախարարներ ըլլալով նշանակուեցան։