Հաւանաբար ամբողջ աշխարհի համար աննախադէպ խնդիրներու պատճառ դարձած պսակաձեւ ժահրի համավարակը իր բացասական հետեւանքները իր բացասական հետեւանքները բեռցուց նաեւ սփիւռքահայ դպրոցին վրայ։ Համացանցի մէջ հանդիպելով լիբանանահայ դպրոցներու խնդիրներու մասին Վարուժ Թէնպէլեանի յօդուածին ինքնաբերաբար զուգահեռներ կազմեցինք նաեւ պոլսահայ կրթական կեանքի խնդիրներուն հետ։
Ստորեւ որոշ կրճատումներով մեր ընթեցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք այս խիստ կարեւոր եւ այժմէական յօդուածը։
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
(Տարբերակ21)
Օգոստոս 3, 2021
Լիբանանի մէջ, հայ դպրոցը, նաեւ բոլոր դպրոցները կը դիմագրաւեն գոյութենական տագնապ մը։ Տագնապը իր գոյութիւնը զգալի սկսած էր դարձնել ելեւմտական վերջին սուր տագնապէն եւ լիբանանեան թղթադրամ գահավիժումէն առաջ, երբ տնտեսական նահանջի նախանշաններ սկսած էին ի յայտ գալ՝ պատճառ դառնալով բազմաթիւ ծնողներու գործազրկութեան։ Տնտեսական տագնապին վրայ հետագային եկան բարդուելու Covid-19-ի եւ 4 Օգոստոսին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ստեղծած բազում դժուարութիւնները։
Մեր հետաքննական այս յօդուածին նպատակն է խօսիլ հայ դպրոցի դիմագրաւած տագնապին մասին, նշել անոր տուն տուող պատճառները, ընդգծել իսկական առօրեայ դժուարութիւնները, նիւթական ապահովելու տաղտուկը, պիւտճէ հաւասարակշռելու կարելիութիւնը, օժանդակութեան կարիքը, ծնողներու մասնակցութեան պատկերը։ Կարճ. խօսիլ բոլոր դժուարութիւններուն մասին եւ զանոնք սեփականութիւնը դարձնել ընթերցող լայն հասարակութեան Լիբանանի թէ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ։
Ստոյգ թիւեր չկան, սակայն կ՚ենթադրուի, որ շուրջ 5500 աշակերտներ կը յաճախեն հայկական 18 վարժարաններ։ Մեր այս աշակերտներուն ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է այսօր։ Տագնապը մեծ է, իսկ լուծման հեռանկարները համազգային ճիգ կը պահանջեն։
Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապի ազդանշանները սկսած էին ի յայտ գալ 17 Հոկտեմբեր 2019-էն առաջ, որ սկզբնակէտը կը նկատուի յաջորդող ընկերային պոռթկումներուն։ Covid-19-ի բռնկումին առընթեր զարգացող այս շարժումները, որոնք ճամբաներու փակման ոճը նաեւ որդեգրած էին, առցանց ուսուցման ձեւը դարձուցին պարտադիր՝ զուգահեռ անոր համաշխարհային որդեգրումին։
Առցանց դասաւանդումը դարձաւ կրթական-դաստիարակչական եղանակ, բայց նաեւ անկէ առաջ արհեստագիտական մարտահրաւէր մը, որ կարելի էր արագօրէն լուծել։
Արհեստագիտական հարցերուն լուծումը եղած է դիւրին, սակայն առցանց դասաւանդումը ստեղծած է կրթական-դաստիարակչական նոր իրավիճակ մը, որուն գնահտումը ցարդ կը դրսեւորէ աւելի ժխտական քան դրական արտայայտութիւններ։
Առցանցի կարգ մը դրական երեսներ կը նշմարուին երկրորդականի դասարաններու պարագային։
Բայց այլ տեղ, գիտելիքէն անդին, աշակերտներն ալ ունին իրենց նախասիրութիւնը կամ գնահատանքը առցանց դասաւանդութեան մասին։
Մեր տնօրէններն ու ընդհանրապէս կրթական պատասխանատուները կը նախընտրեն ֆիզիքական ներկայութեամբ դասաւանդութիւնը, բայց արդեօք, մասնաւորաբար Covid-19 համաճարակին ենթադրեալ աւարտէն ետք, տնտեսապէս տագնապահար Լիբանանի մէջ կարելի պիտի ըլլա՞յ մօտիկ ապագային վերաբանալ դպրոցները…։
Համաճարակը, տնտեսական դժուարութիւնները, առաւել 4 Օգոստոտսի պայթումը աղէտալի վիճակ մը ստեղծեցին երկրին մէջ։ Իսկ լիբանանեան թղթադրամ արժէքին աննախադէպ գահավիժումը այլ ելք չէր ձգեր մեր համայնքային թէ քաղաքական պատասխանատուներուն, բացի միջամտելէ ու մեր ծնողներուն բեռը առաւելագոյնս թեթեւցնելու միջոցներ որոնելէ։ Մեր դպրոցներուն մէկ մասը անվճար յայտարարուեցաւ, իսկ ուրիշներ մասնակցութեան սակեր ճշդեցին, բայց ոչ մէկ ծնողքի կամ աշակերտի դժգոհելու առիթներ ստեղծուեցան։ Բայց թէ մեր դպրոցներուն պիւտճէները ինչպէ՞ս կը գոյանան՝ այլ հարց է ան։ Մեր կրթական պատասխանատուները, բոլորը կը խոստովանին, որ ընդհանրապէս բարերարներու տրամադրած, եւ այս օրերուն ժողովրդայնացած՝ ֆրէշ տոլարն է միայն կ՚օգնէ թեթեւցնելու կրթական մեր հաստատութիւններու բեռը։
Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր կացութեան ահաւորութեան նշումը երբեմն զարմանքով կը դիտուի շատերու կողմէ։
Այս թոհուբոհին մէջ կ՚ապրին նաեւ մեր ուսուցիչները։ Մեր տնօրէններուն եւ կրթական պատասխանատուներուն ցուցաբերած հոգատար վերաբերումը իսկապէս խրախուսիչ է, թէեւ անոնք ալ կ’ընդունին, որ բաւարար չէ եւ աւելի պէտք է կատարել մեր ուսուցիչներուն համար, որոնք թէ՛ սիւներն են մեր կրթական-դաստիարակչական համակարգին, եւ թէ միաժամանակ իրենց կարգին ծնողներ են՝ իրենց ապրուստի առօրեայ հոգերով եւ մտահոգ իրենց զաւակներուն ապագայով։ Մեր հետաքննական այս յօդուածի շրջագիծին մէջ, ուզեցինք նաեւ լսել մեր ուսուցիչներուն կարծիքները, բայց ընդհանրապէս հանդիպեցանք մերժողական կամ խուսափողական պատասխաններու։ Այս հանգրուանին զայն կը կապենք ընդհանրապէս մեր իրականութեան մէջ հրապարակային յայտարարութիւններ կատարելու մշակոյթի մը բացակայութեան կամ վարժութեան չգոյութեան։
Նախ մեր հարցումներուն պատասխանած պատասխանատուները հաստատեցին, որ բոլոր վարժարաններուն մէջ ալ, մեր ուսուցիչները անխափան ստացած են իրենց ամսականները եւ պիտի շարունակեն ստանալ յառաջիկայ տարի։ Աւելին, բոլորը կը ծրագրեն միջոց չխնայել եւ անպայման ձեւեր գտնել բարելաւելու հայ ուսուցիչին տնտեսական վիճակը։ Ազգային վարժարաններու պարագային, «Ազգային ուսումնական խորհուրդը որոշեց 2017-ի պետական յետնեալ բոլոր յաւելումները վճարել մեր ուսուցիչներուն։ Չորս տարուան յետնեալ գումարները պիտի վճարուին։ Նաեւ՝ ուսուցչական կազմերուն եւ պաշտօնէութեան, յառաջիկայ տարուան ամսականները 25 առ հարիւրով պիտի աւելնան», ըսաւ Աւագեան՝ աւելցնելով, որ այլ քայլ մը կրնայ ըլլալ պարբերաբար պոնիւս տալու դրութիւնը։ իր կարգին Գալուստ յայտնեց, որ «եթէ մենք պիտի պահենք մակարդակը մեր դպրոցներուն, այս աշխատավարձերով կարելի չէ շարունակել։ Եթէ վաղը ուսուցիչ մը գայ եւ ըսէ. ես կէսօրէ ետք ստիպուած եմ ուրիշ գործ աշխատելու, որպէսզի զաւակիս կաթը ապահովեմ, տանս վարձքը ապահովեմ, կրնա՞մ արգելք հանդիսանալ»։ Պրն. Գալուստ իր կարգին համաձայն է պոնիւսի դրութեան եւ կոչ ուղղեց ղեկավարութիւններու, պատկան մարմիններու՝ ձեռք ձեռքի տալով ֆրէշ տոլարով եկամուտներ ապահովելու հայկական թէ ոչ հայկական աղբիւրներէ։ Նոյն տրամադրութեան մէջ է ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Վարժարաններու Տնօրէնը՝ Պրն. Վասիլեանը։ «Եկող օրերուն, կը յուսանք յաւելեալ յատկացումներ կատարել ուսուցիչներուն։ Ղեկավարները պէտք է անդրադառնան, բարերարները պէտք է անդրադառնան, թէ ուսուցիչին վիճակը որքան ծանր է այս օրերուն, եւ պէտք է արմատական լուծումներու մասին մտածուի», ընդգծեց ան։
Նոյն մթնոլորտը կը տիրէ նաեւ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ։
Անցեալ տարեշրջանը առցանց դասաւանդումի տարի մը եղաւ գլխաւորաբար Covid-19-ի համաճարակին պատճառով։ Ամիսներէ ի վեր տեղի ունեցող պատուաստումները կը խոստանան հաւաքական ախտամերժութիւն ստեղծել, եւ առ այդ՝ բնական վերամուտ մը ունենալ։
Բայց բնական վերամուտի մը հաւանականութիւնը կը թուի շատ աղօտ հեռանկար մը ըլլալ՝ ոչ որովհետեւ Covid-19-ի տարբերակներ սկսած են ի յայտ գալ, այլ որովհետեւ առցանց դասաւանդումը կամ խառն՝ առցանց եւ ֆիզիքական ներկայութեամբ մը դրութիւն մը աւելի խնայողական կրնայ ըլլալ մեր դպրոցներուն համար։
Մեր հարցումներուն պատասխանող չորս դպրոցներու պատասխանատուները գրեթէ ունէին նոյն պատկերացումները։ Անոնք կը գիտակցէին թէ Ֆիզիքական ներկայութեամբ ըլլալու պարագային, մեր դպրոցներուն ծախսերը պիտի բազմապատկուին երկու կամ երեք անգամով։
Նկատի առնելով հանդերձ մեր ծնողներուն տնտեսական դժուարութիւնները, մեր դպրոցներու պատասխանատուները յառաջիկայ տարուան համար ի մտի ունին ծնողային մասնակցութեան տարբերակներ։ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը յառաջիկայ տարուան համար կը մտածէ առնուազն մուտք եւ զանազանք գանձել։ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Վարժարաններու Տնօրէն Պրն. Վասիլեան գալ տարուան համար կ՚առաջադրէ նկատի առնել վճարելու կարողութիւն ունեցողներու պարագան։ «Կան ծնողներ, որոնք հանգիստ են եկամուտով, ինչո՞ւ համար պէտք չէ վճարեն», ըսաւ ան։
Լիբանանահայ դպրոցներուն դիմագրաւած տագնապը շատ մեծ է, եւ գոհունակութեամբ նշմարեցինք, որ պատասխանատուները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն իրենց դպրոցները այս աղէտէն նուազագոյն վնասներով դուրս բերելու համար։ Անոնք կը հաւատան, որ տագնապին յաղթահարումը տեղական ուժերէն վեր է եւ համազգային, համասփիւռքեան ճիգ կը պահանջէ։
Մեր հարցումներուն պատասխանող կրթական պատասխանատուները՝ բոլորը կը հաւատան, որ լիբանանահայ դպրոցներու կանգուն պահպանումը կարեւոր է ամբողջ սփիւռքին հանար, որովհետեւ իր բոլոր դժուարութիւններով, Լիբանան միակ տեղն է՝ իրեն յատուկ քաղաքական, ընկերային, ժողովրդագրական, պայմաններու բերումով, որ կրնայ տակաւին մարդուժ տրամադրել ամբողջ սփիւռքին՝ միաժամանակ գոհացնելով իր ներքին կարիքները։ Բայց երբ հարց տուինք այս աղէտէն նաեւ կրթական պատասխանատուներու միասնական ճիգերով դուրս գալու կարելիութեան մասին, մեր կարգ մը տնօրէնները անկեղծ եղան ըսելու, որ գործնական եւ իրապաշտ չեն նկատեր կրթական մարզին մտահոգութիւնները միացեալ մարմինով մը հետապնդելու ձեւակերպում մը։
Լիբանանահայութեան եւ անոր կրթական հաստատութիւններուն դիմագրաւած աղէտը մէծ է եւ բեռը ծանր՝ մանաւանդ լիբանանեան թղթադրամի անհամեմատ գահավիժումին հետեւանքով։ Դրամական այս աղէտը սակայն, կրնայ դիւրացնել արտաքին օժանդակութիւններու հոսքը՝ մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ ֆրէշ տոլար ըսուած դրութեամբ, դուրսէն առաքուած գումարներ հրաշքներ կրնան գործել Լիբանանահայութեան համար։ Այս ուղղութեամբ, արդէն իսկ իւրաքանչիւր դպրոց կամ մարմին գնահատելի աշխատանք կը տանի, բայց կարիքը մեծ է, իսկ միջոցները՝ սահմանափակ։ Համասփիւռքեան, համազգային օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի։
Կը մնայ յուսալ, որ լիբանանահայութեան եւ հոն գործող կրթօճախներու առաքելութեան հաւատացող հայեր՝ ի սփիւռս աշխարհի, եւ որոնց թիւը քիչ չէ, գիտակցաբար բանան իրենց քսակները եւ կազամակերպուած շրջագիծի մը մէջ սատար հանդիսանան այս գաղութի վերականգնումին։