Ինչպէս կը նախատեսուէր, վարակման դէպքերը զգալիօրէն բարձրացած են կանխամիջոցներու թուլացման հետ ուղիղ համեմատութեամբ։ Յունիս ամսու վերջերուն արդէն հասած էինք օրական 5 հազարի վարակման երեւոյթին։ Յուլիսի սկիզբէն արդէն վերացուեցան առօրեայ կեանքը դժուարացնող բազմաթիւ կանխամիջոցներ։ Վերացան հանրային փոխադրամիջոցներու համար պարտադրուած սահմանափակումները։ Նոյնիսկ վերացաւ բացօթեայ տարածքներու վրայ դիմակ կրելու պարտադրութիւնը։ Վրայ հասաւ զոհաբերման տօնի ոչ աշխատանքային ինն օրեայ արձակուրդը եւ այդ բոլորի հետեւանքով ալ վարակման դէպքերը հասան 17 հազարի կամ այլ խօսքով եռապատիկ աճեցան բաղդատմամբ քանի մը շաբաթ առաջուայ տուեալներու։ Կ՚արժէ նշել որ երեւոյթը շատ ալ տարբեր չէ այլ երկիրներու մէջ, ուր իշխանութիւնները նոյնպէս թուլացուցած էին կանխարգելման միջոցները։ Այս գործընթացքի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի նաեւ ինչ-ինչ պատճառներով պատուաստումէ խուսափելու մտադրութիւնը։ Արդարեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ հասարակութեան մօտ ճնշում կը բանեցնեն քաղաքացիները պատուաստելու համոզելու համար։ Սակայն այդ ճնշումներ ալ կը դիտուի իբրեւ մարդու իրաւունքներու բռնաբարում եւ քաղաքացիներ այս անգամ կը դիմեն բողոքի ցոյցերու, որոնց կ՚արձագանգէ բաւականին լայն զանգուած մը։
Իսկապէս մտահոգիչ է գոյացած երեւոյթը, քանի որ բժիշկներ խստիւ կը պահանջեն պատուաստումը, յայտնելով թէ վարակումէն խուսափելու ամենաազդու միջոցն է ան։ Խնդիրը ունի նաեւ անարդարութեան ուրիշ երեւոյթ մը, քանի որ համեմատաբար աղքատ երկիրներու մէջ գրեթէ անկարելի է պատուաստանիւթ ապահովել։ Միւս կողմէ վիճելի է նաեւ պատուաստումի ապահոված անվտանգութիւնը։ Հոս ալ կը գոյանան հակասական տուեալներ։ Կարգ մը շրջանակներ կը յայտնեն թէ վերջերս վարակուածներու մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն պատուաստ չստացողները։ Սակայն այս ալ ինքնին կրնայ վիճելի ըլլալ, քանի որ թերթիս երկրորդ էջի մէջ արձանագրուած վարակման հետեւանքով մահացման դէպքերը կը վերաբերին կրկնակի պատուաստուած անձերու։ Այս պահուն մասնագէտներ կը զգուշացնեն համավարակի չորրորդ հոսանքի մասին, որ արդէն ժահրն ալ բնոյթ փոխելով ապահոված է որոշ դիմադրութիւն։ Այժմէն կը խօսուի յառաջիկայ երկու տարիները եւս պսակաձեւ ժահրի սպառնալիքով անցնելու տխուր հաւանականութեան մասին։ Մինչդեռ բոլորս դէպքի յայտնուած օրերուն կը կարծէինք թէ ամէն ինչ կրնայ աւարտիլ շաբաթներու կամ առաւելագոյնս ամիսներու ընթացքին։ Այժմ արդէն թեւակոխած ենք երկրորդ տարին եւ ըստ երեւոյթի տակաւին երկար կը սպասենք այս աղէտէն կատարեալ կերպով ազատուելու համար։