Մռայլ հնձուորի մանգաղը կը ճօճուի համայն աշխարհի վերեւ եւ մերթ ընդ մերթ կը հնձէ նաեւ Իսթանպուլահայ կեանքեր խոր յուզում յառաջացնելով համայնքէ ներս։ Արդարեւ զոհաբերման տօնի ոչ աշխատանքային օրերու ընթացքին Մռայլ հնձուորի գերանդին աշխատեցաւ անդադար ցաւ ու վիշտ պատճառելով բոլորիս։
Այդ հունձքի շարքէն եղաւ «Մարմարա» թերթի բազմամեայ աշխատակից Կարօ Համամճեանը։ 65 ամեայ Կարօն իր կեանքի 43 տարիները նուիրած էր թերթին պաշտօնավարելով տպագրութեան եւ խմբագրութեան զանազան բաժիններու մէջ։
Կարօ Համամճեան նաեւ մաս կը կազմէր Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։ «Մարմարա»ի խմբագրապէտ Ռոպէր Հատտէճեան թերթի 24 Յուլիսի համարով կը յայտնէր իր ափսոսանքը այս դառն կորուստին համար։ «…Տխուր եմ, շատ տխուր։ Քեզ կորսնցուցած ըլլալու ցաւը անմխիթար ցաւ է ինծի, իմ կողակցիս Սիւզանին ու ամբողջ ընտանիքիս համար։ Դուն՝ «Մարմարայի Կարօն» չկաս այլեւս ու քու մահով բան մը փրթաւ մեր ու շատերու կեանքէն» կ՚ըսէր Հատտէճեան իր աշխատակցին ուղղեալ անկարելի նամակին մէջ։
Կարօ Համամճեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ 24 Յուլիս շաբաթ օր Հալըճըօղլուի Հայոց Գերեզմանատան մէջ։
Կարօ Համամճեան վարակուած էր 1 Յուլիս թուականին Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ սրահին մէջ կայացած ժողովի մը ընթացքին։ Ժողովի պահուն կողք կողքի նստած էին Կարօ Համամճեան, «Ժամանակ» թերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեան, Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ «Սուրբ Գիրք» հրատարակչատան անձնակազմէն Թամար Գարասու։ Այս վերջինն է, որ պսակաձեւ ժահրի ազդեցութիւնը տարաւ բաւականին թեթեւ, իսկ մնացեալ երեքը հարկադրուեցան հիւանդանոցի բուժումի։ Բարեբախտութիւն է տեսնել թէ դարմանումը դրական արդիւնք տուած է Արա Գօչունեանի եւ Յարութիւն Էպէօղլուի համար։ Անոնք այժմ կը բոլորեն ապաքինման շրջանը։
Տխուր լուր մը հաղորդուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի շրջանակներէն,որ կը գուժէր մահը պոլսահայ հոգեւորականաց դասու աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն Մինաս Աւագ Քահանայ Ճիհանկիւլեան։ Ան եւս վարակուած էր պսակաձեւ ժահրէն եւ 19 Յուլիսին կնքեց իր մահկանացուն 88 տարեկան հասակին։
Տէր Մինաս Քահանայ Ճիհակիւլեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 20 Յուլիսին Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին, ուրկէ փոխադրուեցաւ Պալըքլըի Հայոց Գերեզմանատունը։
Մահուան ցնցիչ երրորդ լուրը այս անգամ կը հասնէր քաղաքի Ասիական հատուածէն՝ Գատըգիւղէն։ Պոլսահայ համայնքը յոյսէր սնուցած էր Լէօ Սուրէն Հալէպլիի հանդէպ, որ իր լաւ պատրաստուած ինքնութեամբ կրնար կարեւոր ներդրում ունենալ համայքի զարգացման։ Հալէպլի հազիւ 40 տարեկան էր,երբ սրտի անսպասելի կաթուածի մը հետեւանքով հրաժեշտ կ՚առնէր մեզմէ։ Ան նախնական ուսումը ստացած էր Փանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանը՝ որմէ ետք յաճախած էր Ռոպերթ Քոլէճ։ Համալսարանական ուսումը աւարտեց Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան դպրոցը, ուր նաեւ մասնագիտացաւ Եւրոմիութեան համակերպման քաղաքատնտեսական պայմաններու ուսումնասիրութեամբ։ Ան ուսանողական տարիներուն իսկ իր մասնակցութիւնը բերած էր ընկերային կազմակերպութիւններու։ Անդամակցած էր Վարժարանի Թուրք Ուսանողաց Միութեան։ Նաեւ հիմնադիրը եղած էր նոյն հաստատութեան մէջ Հայ Ուսանողաց Միութիւնի մը։ Իր կեանքի մէջ շատ կարեւոր հանգրուան մը կը կազմէ սոյն երկու միութիւններու համատեղ նախաձեռնութիւնը Հրանդ Տինքի մահուան յաջորդող օրերուն։ «Ինծի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունէր, այն փորձը երբ կը տեսնէի թէ կանխակարծիքները թոթափելով ինչպէս կարելի է հակադրուած տարրերու համագործակցութիւնը»։ Լէօ Հալէպլի նաեւ կը պատրաստուէր Թուրքիոյ մէջ հայ անհատի մը պետական բարձրաստիճան պաշտօնակատար ըլլալու նախափորձին։ Արդարեւ ԵՄ-ի շրջագծով կը կազմուէր գրասենեակ մը, ուր պաշտօն ստանձնելու հրաւիրուած էր նաեւ Լէօ Հալէպլի։ Սակայն ինչ-ինչ պատճառներով այդ նախաձեռնութիւնը կիսաւարտ մնաց եւ Հալէպլի իր ուսումը ազ աւելի զարգացնելու միտումով մեկնեցաւ արտասահման։
Լէօ Հալէպլիի թաղումն ալ կատարուեցաւ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցիի մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան աւարտին Ուզունչայըրի Հայկական Գերեզմանատունը։
Այս բոլորը կը զուգադիպին այնպիսի շրջանի մը, ուր երկիրը ինչպէս աշխարհի զանազան անկիւններ կը փորձէ մասամբ ձերբազատուիլ համավարակի կանխարգիլման համար գործադրուած միջոցներէն։ Ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ վարակման դէպքերը զգալիօրէն աճած են եւ հասած օրական մօտ 15 հազարի վարակման տուեալներու։ Սա եռապատիկն է ընդամէնը տասը օր առաջ արձանագրուած վարակման դէպքերուն։ Երեւոյթը մտահոգիչ է եւ զանազան երկիրներէ ներս, ուր իշխանութիւնները կը հարկադրուին չեղեալ համարուած կանխամիջոցները վերահաստատելու։