Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 25 Յուլիս 2021, Կիրակի տեղի ունեցած արարողութիւններով յիշատակուեցան Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի հիմնադիր եւ հովանաւոր Պատրիարքները։ Արարողութեանց նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Արարողութեան ներկայ էին Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Արի Չօլաքի գլխաւորած Կազդուրման Կայանի վարչութեան անդամները։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։
Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սիրուն Սիրունեանի։
Ս. Պատարագի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց եւ վեր առաւ Կազդուրման Կայանի առաքելութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը նախ յիշեցուց, թէ՝ Կայանի նախաքայլերը նետուած էին Պոյաճըգիւղի մէջ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կողմէ, իսկ Գնալը Կղզիի մէջ հաստատութիւնը զարգանալ սկսած էր Շնորհք Պատրիարքի կողմէ։ Յաջորդաբար հաստատութիւնը հովանաւորութիւնը վայելած էր նաեւ Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. պատիարքներուն։ Հաստատութեան հիմնական նպատակը եղած էր, համայնքիս կարելիութենէ զուրկ պատանիները ի մի համախմբել եւ անոնց համար դառնալ ամրան բոյն մը։ Այս առումով, Մեր Հոգեւոր Պետը սոյն առաքելութիւնը որակեց որպէս սիրոյ առաքելութիւն։ Անցեալին նիւթապէս կարող անձինք մտածած էին այլոց զաւակները եւ անոնց համար իրենց նիւթականն ու կարելիութիւնները սպաս դրած էին։ Հետեւաբար, Կայանը դարձած էր Գնալը Կղզիի ժողովուրդին աչքին բիբը։
Համավարակի սահմանափակումները, դժբախտաբար արգելք եղած էին, որ մանուկներ Կայանին հովանիին ներքեւ համախմբուին։ Մանուկներու ձայները դժբախտաբար երկու տարիէ ի վեր ակամայ անլսելի դարձած է համավարակի պատճառաւ։ Այս շրջագիծով, յոյս յայտնեց որ յաջորդ տարի համավարակի ազդեցութիւնը նուազի եւ Կայանը վերստին իր հիմնադրութեան առաքելութեան գծով ծառայէ մեր համայնքի զաւակներուն։
Պատրիարք Հայրը այս առիթով, գնահատեց Արի Չօլաքի գլխաւորած վարչութեան անդամները, որոնք իրենց երիտասարդական կորովով կը ջանան ծառայել կայանի ամրացման։ Բաց աստի, անդրադարձաւ նաեւ, թէ Կայանը Գարակէօզեան Վարժարանի Խնամակալութեան հոգածութեան ներքեւ կը գործէ եւ այս առումով Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորած վարչութեան անդամներուն թելադրեց, որ միշտ նիւթապէս ու բարոյապէս տէր կանգնին կայանի համայնքանուէր առաքելութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը, քարոզին մէջ անդրադարձաւ նաեւ ընտանիքի կարեւորութեան եւ համայնքային կեանքէ ներս ընտանիքի կարեւորութիւնը շեշտեց ու ըսաւ. «Ընտանիքն է ամենէն փոքր եկեղեցին, ընտանիքն է ամենէն փոքր վարժարանը, ընտանիքն է ամենէն փոքր հիւանդանոցը եւ հետեւաբար զօրաւոր հաստատութիւններու համար կարիքն ունին ամուր ընտանիքներու»։ Այս առիթով յայտնեց, թէ համայնքային հաստատութիւնները պէտք է նպաստեն ընտանիքներու եւ ընտանիքներ ալ իրենց կարգին պէտք է տէր կանգնին հաստատութիւններու։ Իր խօսքերու աւարտին, Պատրիարք Հայրը, անդրադարձաւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ վերջերս ձեռնարկած ծրագրին, որով այն ընտանիքները որոնք զաւակ ունենալու համար բժշկական միջամտութեան կը կարօտէին, անոնց պիտի սատարէին ։
Քարոզի աւարտին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, որով յիշատակուեցան Գարեգին Ա., Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքները, ինչպէս նաեւ Կազդուրման Կայանի հիմնադիրները, սատարողները, սպասաւորներն ու սաները։ Հոգեհանգստեան աղօթքի աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը եկեղեցականաց թափորով եւ «Սիոնի» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։
Եկեղեցական արարողութենէ յետոյ, Կազդուրման Կայանի մէջ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան, որ պատրաստուած էր համավարակի սահմանափակումներուն հնազանդ մնալով։