Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կայքէջէն կը տեղեկանանք թէ Հայաստանի Աստուածաշնչային Ընկերութիւնը (ՀԱԸ) 2021 թուականին կը նշէ իր հիմնադրման 30-ամեակը եւ այդ առիթով կը նախաձեռնէ շարք մը միջոցառումներուն։
Գիտաժողովը կը կայանայ Հոկտեմբերի 8-10 թուականներու միջեւ «Աստուածաշնչի թարգմանութեան եւ մեկնութեան արդի հեռանկարները» խորագիրով։
Կախուած աշխարհի համավարակի իրավիճակէն նախատեսուած է գիտաժողովը համատեղ կազմակերպել հեռակապ Zoom-ի միջոցով։ Այն հնարաւորութիւն կու տայ մասնակիցներուն դիտել առցանց կամ նախապէս ձայնագրուած ելոյթները եւ ներկայացնել իր աշխատութիւնը հետեւեալ բաժիններով.
- Աստուածաշունչի թարգմանութեան պատմութիւնը
- Աստուածաշունչի թարգմանութեան արդի հիմնախնդիրները
- Աստուածաշունչի թարգմանութեան ժամանակակից միջոցները
- Մշակութային ենթահողը։
Նախատեսուած է գիտաժողովը կազմակերպել ամէն տարի՝ այն դարձնելով տեսակէտներու եւ փորձերու փոխանակման իտէալական հարթակ։
Գիտաժողովի մասնակցութեան հրաւէրի յղումներն են՝
https://biblesociety.am/eng/237/Conference անգլերէն https://biblesociety.am/arm/237/Conference հայերէն։
Հարցերու դէպքին կը խնդրուի կապնուիլ info@biblesociety.am հասցէով։
https://bit.ly/373flZu