Հրանդ Տինքի ոճիրի հետ առնչուած դատավարութիւնը արդէն աւարտած էր եւ դատակազմը վճիռներ արձակած։ Այժմ հրապարակուած է վճիռի պատճառաբանութիւնը։ 4532 էջերէ բաղկացող պատճառաբանութեան մէջ ոճիրի հետ առնչութիւն ունեցող պետական պաշտօնեաներու մասին հաստատումներու եւ գնահատումներու կողքին մանրամասնութեամբ արծարծուած են Տինքի ուղղեալ առաջին պաշտօնական ազդարարութիւնը, իրեն ուղուած սպառնալիքներու հետեւանքով Տինքի բնակարանին եւ «Ակօս» թերթին անվտանգութեան կանխամիջոցները, եւ այլ զանազան նիւթեր։
Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպանները Մարտ ամսուն դատարանի համառօտ վճիռը արձակելէն ետք առարկած էին որոշումին ըսելով թէ դատարանը նկատի չէ առած իրենց մատնանշած փաստերու հաւաքումը։ Փաստաբանները նաեւ յայտնած էին որ այս մասին մանրամասն առարկութիւնը պիտի ներկայացնեն վճիռի պատճառաբանութեան հրապարակումէն ետք։
Պատճառաբանութեան մէջ կը նշուի թէ մեղադրեալներէն Ռամազան Աքեիւրէք, Ալի Ֆուաթ Եըլմազէր եւ Ֆարուք Սարը Ֆեթուլլահական կազմակերպութեան շահերը հետապնդելով համատեղ գործած են։ «Այս մեղադրեալները իրենց դիրքին բերմամբ փոխանակ կանխամիջոցներու ձեռնարկելու եւ ընդմիջելու, ընթացք տուած են ոճիրի գործուելուն։ Ոճիրէն ետք ոչնչացուցած են նախապէս ապահովուած լսումները եւ նախապէս ալ իրենց ստացած տեղեկութիւնները չեն փոխանցած իրենց պետերուն»։
Պատճառաբանեալ վճիռը անգամ մը եւս կը հաստատէ թէ մեղադրեալ Մուհարրէմ Տեմիրքալէի հրամանին տակ գտնուող պաշտօնեաներ ոճիրէն առաջ արդէն հետապնդած էին ոճրագործը։ Մուհարրէմ Տեմիրքալէ կը պաշտօնավարէր Իսթանպուլի Ոստիկան Զօրաց հրամանատարութեան կազմին մէջ եւ պատճառաբանութեան տեղեկագրի համաձայն վճիռի գործադրութիւնը դիւրացուցած է կազմակերպութեան թելադրանքներու հիման վրայ։
Կը պարզուի նաեւ այդ շրջանին Տրապիզոն բնակուող Եասին Հայալի եւ ուսանող Էրհան Թունճելի յարաբերութիւնները։ Երկուքն ալ նոյն ընկերական շրջանակի մէջ էին եւ կը բաժնէին նոյն քաղաքական համոզումները Անոնք նախապէս ԱՄՆ-ի Իրաքի ուղղեալ յարձակումին դէմ որոշած էին վնասել Տրապիզոնի մէջ գործող ամերիկեան ընկերութիւններուն։ Նաեւ կը նշուի որ Էրհան Թունճել 2004-ին ներառուած է իբրեւ մատնիչ ոստիկանութեան լրաքաղութեան ծառայութեան եւ այդ պաշտօնէն ազատ արձակուած 23 Նոյեմբեր 2006-ին։ Նաեւ մանրամասնութիւններ կան Եասին Հայալին Հրանդ Տինքը սպաննելու համար Օկիւն Սամասթը պաշտօնակոչելու մասին։
Այս հանգրուանին կը սպասուի Հրանդ Տինք ընտանիքի փաստաբաններուն այս պատճառաբանութեան հրապարակումէն ետք իրենց առարկութիւնը ներկայացնելը։