Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու դէմ հերթական անարգութիւններէն մէկն ալ տեղի ունեցաւ 11 Յուլիս Կիրակի գիշեր Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ դէմ։ Եկեղեցւոյ գտնուած Քաղկեդոնի հրապարակի վրայ գիշերուայ ուշ ժամերուն բարձրաձայն երաժշտութիւնով զուարճացող բազմութենէն երեք անձեր մագլցեցան եկեղեցւոյ պատերուն եւ շքամուտքի վրայ պարեցին երկար ժամանակ։ Այդ պահերը նկարահանուեցան ու տեղադրուեցան համացանցին, որու միջոցով դէպքը լսելի դարձաւ հանրութեան։ Այդ գայթակղութեան դէմ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. իսկոյն շփման անցաւ պատկան իշխանութիւններու հետ, որոնցմէ ստացաւ դէպքի մասին մանրամասնութիւններ։ Մինչ այդ Գատըգիւղի հոգեւոր հովիւ Տէր Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան արդէն փութացած էր եկեղեցի եւ տեղեկութիւններ ստացած գիշարապահէն։ Եկեղեցւոյ պաշտօնեայի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն ան իսկոյն առարկած է կատարուածին դէմ, բայց երիտասարդները զինք նկատի չեն ունեցած։ Այսուհետեւ գիշերապահը եղելութենէն տեղեակ պահած է ոստիկանութիւնը, բայց ոստիկաններու գալուստով բազմութիւնը արդէն ցրուած ու անհետացած է։ Յաջորդ օր նախագահ Էրտողան, Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իսթանպուլի Կուսակալը յայտարարութիւններով մեղադրած են կատարուածը։ Սոյլու նաեւ յայտնած է թէ բերման ենթարկուած են եկեղեցւոյ դէմ անարգանք ցուցաբերողները եւ փոխանցուած դատախազութեան։
Դատախազը պարող երկու մեղադրեալներու համար վճռած է տնային կալանքի, իսկ երրորդը անպարտ հռչակած։
Պատրիարքարանն ալ իր կարգին յայտարարութիւնով մը մեղադրած է սրբատեղիի հանդէպ ոտնձգութիւնը։ Միւս կողմէ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Ներքին Գործոց Նախարարին ուղղեալ պաշտօնական հարցագիր մը տուած է, ուր կը հարցնէ թէ եկեղեցւոյ առջեւ շրջօրեայ հերթապահութիւնեամբ զբաղող ոստիկանները ինչո՞ւ համար չեն միջամտած հայկական եկեղեցիի հանդէպ նման ոտնձգութեան։
Կասկած չկայ որ անարգանքի բնոյթով նման ոտնձգութիւնները համարձակութիւն կը գտնեն երկրի մէջ տիրող անպատժելիութենէ։ Նշենք որ թուրք պատժական օրէնքը նման դէպքերը կը դատապարտէ 126-րդ յօդուածով, որ կը պատկանի կրօնական արժէքներուն հրապարակաւ նախատինքին եւ կը սահմանէ վեց ամիսէն մինչեւ մէկ տարի բանտարկութիւն։