ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Քաղաքականութիւնը ինքնին կեանք է արդէն

Զա­նազան առիթ­­ներ կ՚ըլ­­լայ, ու կը հար­­կադրո­­ւիմ Թուրքիոյ վար­­չութիւ­­նը եւ մեր հա­­մայնքի ըն­­թացքը իրա­­րու հետ բաղ­­դա­­­տելու։ Այդ պա­­հուն ակա­­մայ կը մտա­­բերեմ կես­­րոջս խօս­­քը։ Ան բո­­ղոքե­­լով որ­­դի­­­ներուս անա­­րակու­­թեան յա­­ճախ կ՚ըսէր. «Մեծ էշը ինչ որ ընէ, փոքրն ալ նոյ­­նը կ՚ընէ»։ Իրաւ ալ ինչ զար­­մա­­­նալի նմա­­նու­­թիւններ կան մե­­րօրեայ Թուրքիոյ որ­­դեգրած կարգ մը քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րու եւ մեր հա­­մայնքա­­յին կեան­­քի մի­­ջեւ։ Պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակի օրե­­րուն կա­­ռավա­­րու­­թիւնը յա­­մառօ­­րէն կ՚ան­­տե­­­սէր Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառի խոր­­հուրդնե­­րը։ Մե­­րոնք ալ կը մտմտան դպրո­­ցական խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին, առանց լսե­­լու ու­­սուցիչ­­նե­­­րու կար­­ծի­­­քը։ Եր­­կու ու­­ժերն ալ շատ վստահ են թէ իրենք գի­­տեն ամե­­նալա­­ւը եւ եր­­բեք կա­­րիք չու­­նին այլ միտ­­քեր լսե­­լու։ Օրի­­նակի հա­­մար նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան ամե­­նայն ան­­փութու­­թեամբ կար­­ծիքներ կը յայտնէ տնտե­­սագի­­տու­­թեան մա­­սին, մեծ զար­­մանք պատ­­ճա­­­ռելով, բո­­լոր այն մարդկանց, որոնց ար­­դէն մաս­­նա­­­գիտու­­թիւնն է տնտե­­սագի­­տու­­թիւնը։ Այս երե­­ւոյ­­թը ակա­­մայ մտա­­ծել կու տայ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։ Իրաւ ալ բո­­լոր այդ կա­­ռոյցնե­­րը, որոնք պի­­տի կո­­չենք միու­­թիւն ին­­չի՞ կը ծա­­ռայեն եթէ իրենց բնա­­գաւա­­ռի յա­­տուկ նիւ­­թե­­­րու մէջ իսկ ըսե­­լիք խօսք մը պի­­տի չու­­նե­­­նան։ Օրի­­նակի հա­­մար ահա­­զանգ կը հնչե­­ցուի մեր դպրոց­­նե­­­րու երկրա­­շար­­ժի մը դի­­մաց անա­­պահով ըլ­­լա­­­լու մա­­սին։ Եթէ այս հա­­մայնքին մէջ ու­­նինք ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու եւ ճար­­տա­­­րագէտ­­նե­­­րու միու­­թիւն մը ինքնա­­բերա­­բար պի­­տի ակնկա­­լենք որ այդ պնդու­­մը իր ճշգրիտ պա­­տաս­­խա­­­նը գտնէ սոյն միու­­թեան յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով։ Սա­­կայն այդ ըսե­­լու պա­­հուն իսկ կ՚անդրա­­դառ­­նանք թէ Հայ­­Ճար ճիշդ ալ այս նիւ­­թին հա­­մար ըրած էր յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը եւ ջրած էր այս մա­­սին մտա­­հոգու­­թիւն յայտնած կար­­ծիքնե­­րը։ Ահա­­ւասիկ օրի­­նակ մը եւս, ուր վար­­չա­­­յին­­նե­­­րը կը լսեն միայն իրենց հա­­մոզու­­մը հաս­­տա­­­տող միտ­­քե­­­րը եւ ու­­շադրու­­թիւն չեն դարձներ հա­­կառա­­կին։ Իրենց հիմ­­նադրու­­թեան տա­­րինե­­րուն պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքէ ներս շատ կա­­րեւոր առա­­քելու­­թիւն մը ստանձնած էին սա­­նուց միու­­թիւննե­­րը։ Ինչ ցա­­ւալի է, որ անոնցմէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը կորսնցուց իր հե­­ղինա­­կու­­թիւնը են­­թարկո­­ւելով այս կամ այն թա­­ղակա­­նու­­թեան կամ խնա­­մակա­­լու­­թեան։

Մինչդեռ իրենցմէ կ՚ակնկա­­լուէր շատ աւե­­լին։ Բո­­լորիս ծա­­նօթ է, որ մեր նման փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը խստիւ կը զգու­­շա­­­նան քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէ։ Վտան­­գա­­­ւոր դաշտ մը ըլ­­լա­­­լով կը տես­­նեն քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը եւ զգոյ­­շօ­­­րէն կը խու­­սա­­­փին այդ դաշ­­տին մէջ նա­­ւար­­կե­­­լէ։ Սա­­կայ կայ շատ յստակ իրո­­ղու­­թիւն մը։ Կեան­­քը ամ­­բողջո­­վին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն է եւ այդ կամ այն խմբա­­կին քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէ հե­­ռու մնա­­լու ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնն ալ ինքնին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն մըն է։ Քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն մը, որ ձեռնտու է ան­­գամ մը այդ դանշտին մէջ դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րուն հա­­մար։

Ահա­­ւասիկ օրի­­նակ մը եւս, Ատըեամա­­նի մէջ ծխա­­խոտի մշա­­կու­­մով զբա­­ղող գիւ­­ղա­­­ցիներ, երբ փոր­­ձե­­­ցին սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րու դէմ իրենց ար­­դիւնա­­բերու­­թեան իրա­­ւունքը պաշտպա­­նել են­­թարկո­­ւեցան ոս­­տի­­­կանա­­կան բռնու­­թեան եւ բեր­­ման են­­թարկո­­ւելով բան­­տարկուեցան։ Այդ պա­­հուն իրենք միտ­­քով իսկ չէին անցներ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն ընե­­լու վար­­կա­­­ծը։ Բայց անոր սահ­­մա­­­նափա­­կողը քա­­ղաքա­­կան միտք էր ու­­նէր իր քա­­ղաքա­­կան ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը, որոնք նոյ­­նիսկ հասկնա­­լի չէին խեղճ մշակ­­նե­­­րու հա­­մար։

Պար­­տինք գիտ­­նալ թէ մենք պէտք է լու­­ծենք մեր խնդիր­­նե­­­րը, այլ ոչ ու­րիշներ։

pakrates@yahoo.com