ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Վաստակաւոր կրթական մշակ Վահրամ Պուրմաեանի «Դպրոցը իր հոգերով» անուն յուշագրութիւնը կարելի է նախափորձ մը համարել քանի մը տարի անց հիմնո ւելիք «Արաս» հրատարակչութեան համար։ Այդ գիրքը լոյս ընծայող մեր բարեկամները ապա հիմնեցին հրատարակչատուն մը, որ իր գործունէութեամբ պարծանք դարձաւ մերօրեայ պոլսաահայութեան։ Անշուշտ բաւականին վիճելի է այս հաստատումը, քանի «մերօրեայ պոլսահայութիւն» բացատրութիւնը բազմաշերտ հասկացողութիւն մըն է, որուն մէջ կան տարրեր, որ գէթ մէկ անգամ իսկ չեն հանդիպած այդ հրատարակչութեան օրինակներուն։
Ինչ եւիցէ, մեր այսօրուայ խնդիրը ուրիշ է։ Միջոցէ մը ի վեր մամուլի էջերէն կը հետեւինք պոլսահայ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն գաղութի վարժարաններու մատակարարման դժուարութիւնները յաղթահարելու ճիգերուն։
Ծանօթ է որ համայնքի 16 վարժարաններու տարեկան պիւտճէն կը գերազանցէ աշակերտութենէ ստացուած ուսման վարձքի սահմանը։ Հետեւաբար իւրաքանչիւր տարի մեր վարչայինները դէմ առ դէմ կը մնան ելմտական բացով մը, որ կը փորձեն հաւասարակշռել բարերարներու նուիրատուութեամբ։
Քաղաքի վաղեմի աւանդութիւնն էր եկեղեցիներու անուան տօնախմբութիւնը, ուր թաղեցիներ մասնակցած սիրոյ սեղանին կամ մատաղօրհնութեան, նուիրատուութիւնով կը զօրակցէին թաղի եկեղեցւոյ ծախսերուն։ Սոյն տօնախմբութիւնները նաեւ թաղեցիներու յանդիպման ալ առիթ կ՚ընդձերէր եւ կ՚ապահովէր ընկերային եռուզեռ մը թաղի բնակիչներու միջեւ։ Համաքրիստոնէական սովորութիւն մըն է այս, որուն նմաններուն կարելի է հանդիպիլ բոլոր քրիստոնեայ քաղաքներու մէջ։
Ժամանակի ընթացքին սակայն, այդ բարի սովորութիւնը կորսնցուց իր իմաստը, երբ համայնքի մէջ յայտնուեցան իրենց բարձր նուիրատուութիւններով ուշադրութեան արժանացող մարդիկ։ Համեստ թաղեցիները սիրոյ սեղանին վրայ իրենց մատուցուած հիւրասիրութեան կրկնապատիկով, քառապատիկով կամ եթէ կարող էր, տասնապատիկով նուէր մը կու տային եկեղեցւոյ սնտուկին եւ խնդիրներն ալ լուծուած կ՚ըլլար։
Յետոյ եկաւ ժամանակներ, ուր պոլսահայ քաղքենիութեան մէջ ծաւալող «օտար վարժարան»ի հակումը սկսաւ կրծել մեր դպրոցներու աշակերտութեան քանակը։ Շատեր հետեւելով իրարու չար օրինակին, արհամարհեցին հայ դպրոցը, գերադասելով օտար վարժարանը, որուն ուսման լեզուն ալ օտար էր։ Այլասերման պատկեր մը կը պարզուէր, ընդամէնը երկու տասնամեակի ընթացքին զգալիօրէն նուազած էր հայ վարժարան յաճախող աշակերտութիւնը։
Այդ հոսանքէն տարուողները իրենց արարքը արդարացնելու համար սկսան նաեւ հալածել հայ վարժարանի յատկանիշները, որոնց կարեւորագոյնն էր հայեցի եւ հայերէն դաստիարակութիւնը։ «Հայերէնը ինչի՞ պիտի ծառայէ՞ որ» կը հարցնէին իրենց զրոյցներուն։
Նման յիմար միտքի նոյնքան յիմար պատասխանը եկաւ մեր կրթական դրութենէն։ Դպրոցներ դիւրաւ հրաժարեցան հայերէնով ուսուցանելէ, մայրենին թողելով միայն քերականութեան ու կրօնքի դասապահերուն։ Թուաբանութիւն, կենսագիտութիւն, երկրաչափութիւն, բնագիտութիւն, տարրաբանութիւն եւ այլ գիտելիքներ հեշտօրէն փոխադրուեցան երկրի լեզուին։ Այսպէսով կը գոհացնէին «Համալսարանի մտից քննութեան ժամանակ հարցումները հայերէնո՞վ պիտի հարցնեն» առարկող անբան ծնողաց պահանջը։
Իրողութիւնը այն է թէ հայ դպրոցին առաքելութեան մասին գիտակցութիւն չունեցող ծնողքը, իր պաշտօնավարած հաստատութեան իմաստին անտեղեակ ուսուցիչը, որդեգրած ծառայութենէն փառք ու պատիւ ակնկալող միջակ թաղականը, միասնաբար կը կազմեն ամբողջի մը մասնիկները։
Այդ ամբողջի մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէ սրտցաւ զանգուած մը որուն թելադրանքները տեղ չեն հասնիր այլասերման այս հոսանքին մէջ։
Նման միտքերու տեղի տուողը եղաւ 10 Յուլիս թուակիր «Մարմարա» թերթի լրատուութիւնը, ուր կը նկարագրուէր նախորդ օր կայացած կրթական յանձնախումբի ժողովը։ Լրատուութեան համաձայն ժողովականները հարկադրաբար խորհրդակցած են կարգ մը դպրոցները միացնելու կամ փակելու մասին իրենց պարտադրուած առաջարկին շուրջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի հաստատումով, ուսման խնդիրներու մասին պաշար չունեցող մարդիկ, յղացած են իրարմէ հետաքրքրական միտքեր։
Այդ փայլուն առաջարկներու մէջ յատկապէս ուշագրաւ էր խառն ամուսնութենէ եկած աշակերտութեան համար կիրակնօրեայ դպրոց մը հաստատելու մասին եղողը։
Այլ առիթներով անցեալին ալ գրած ենք, խառն ամուսնութեան երեւոյթը եւ հետեւանքը լուրջ փոփոխութիւն սկսած է պարզել վերջին քսան տարիներու ընթացքին։ Կար ժամանակ, երբ հայ երիտասարդ մը կին թէ տղայ, ամուսնանալով այլ ազգի անհատի մը հետ, ակամայ կը հեռանար իր միջավայրէն ու նոր ինքնութիւն մը կը ստանար օտարութեան մէջ։ Պատճառները անջատաբար քննելու արժանի երեւոյթ մը ըլլալով, ներկայ դրութեան մէջ ականատես կ՚ըլլանք ընդհակառակին, ուր այս անգամ օտարն է որ կու գայ միանալ մեր հասարակութեան։ Այդ կամաւոր ներգրաւուածութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ հայ վարժարանի նկատմամբ ցանկութիւն։ Ներկայ դրութեան մէջ օրինական ոչ մէկ արգելք կայ ծնողներէն մէկը հայ եղող աշակերտին հայկական դպրոց յաճախելուն դիմաց։ Հետեւաբար մեր դպրոցներու մէջ կը հանդիպինք խառն ամուսնութենէ ծնած բազմաթիւ աշակերտներու։
Կիրակնօրեայ դպրոցի դրութիւնը կ՚իմաստաւորուի այն գաղթօճախներու մէջ, ուր կը բացակայի ամենօրեայ դպրոցը եւ պայմաններն ալ ձեռնտու չեն նման հաստատութիւն մը հիմնելու համար։ Պոլսոյ նման 16 ամենօրեայ դպրոց ունեցող գաղութի մը համար ի՞նչ կը խոստանայ կիրակնօրեայ դպրոցը։
Գալով արհեստներու դպրոցի նիւթին, մօտ քսան տարիներ առաջ վաստակաւոր կրթական մշակ մը՝ յանձին Պարոյր Էրսարաչի, խորհրդակցելով համայնքային վարժարաններու տնօրէնութիւններուն հետ, պատրաստած էր առաջարկներու ցանկ մը տեղեկագրի ձեւաչափով, որ կը համապատասխանէր այսօրուայ խնդիրներուն։ Այդ առաջարկները խստիւ մերժուեցան այդ օրերու վարչայիններու կողմէ։ Տեղեկագիրը խորհուրդ կու տար մեր հինգ բարձրագոյն վարժարաններէն մէկը արհեստի դպրոցի, մէկը գիտութեան, մէկը գեղարուեստի եւ մէկն ալ ընկերային գիտութիւններու ուղղելու մասին։ Նաեւ կ՚առաջարկէր նախադպրոցական տարիքի տղոց համար մանկամսուր- մանկապարտէզի մը հաստատումը։
Խնդիրները հաւաքական քննարկումով մը արժեւորելու կարողութենէ զուրկ վարչայիններ իրարու հետ հակաճառեցին, առանց նկատի ունենալու համընդհանուր արդիւնքը։ Ի վերջոյ Պարոյր Էրսարաչի մեր վարժարաններու կրթական մշակներու խորհրդակցութիւններով պատրաստած տեղեկագիրը բարձիթող եղաւ եւ մենք շարունակեցինք նոյն բնոյթով։
8Յուլիսի ժողովին կարեւոր ակնարկութիւններէն մէկն ալ ուսուցիչներու որակի անբաւարարութիւնն էր։ Իրենց զաւակները օտար վարժարաններ ղրկած թաղականներ, քիչ մըն ալ արդարացման կարիքով դիւրաւ գտած եղան անպաշտպան քաւութեան նոխազներ։
Գիտենք թէ կայ «Ուսուցչաց Միութիւն» եւ «Ուսուցչաց Հիմնարկ» կոչումով հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք հիմնադրութեան տարիներէն սկսեալ չեն կրցած արդարացնել իրենց անուանումին թելադրած ակնկալութիւնները։
Այս ծիրէն ներս իր վրայ դրուած յոյսերը սպառող հաստատութիւն մըն է նաեւ «ՍԷՎ» հիմնարկը։ Հիմնադիրները խումբ մը բարերարներ էին, որոնք այս նախաձեռնութեամբ կը խոստանային քանի մը տարուայ ընթացքին կուտակել խոշոր գումար մը, որուն տոկոսները պիտի դիմագրաւէին մեր վարժարաններու պիտճէի բացերը։
Որպէս եզրակացութիւն նշենք թէ դպրոց հասկացողութիւնը ունի երկու գլխաւոր բաղադրիչներ՝ ուսուցիչ եւ ուսանող։ Կազմի յաջորդ բաղադրիչներն են ծնողները եւ մատակարար մարմինները։ Անոնց վրայ դիւրաւ կարելի է աւելացնել նախկին շրջանաւարտները եւս։ Դպրոցի հոգերը բազում են։ Այս պահուն օրակարգի եկած է միայն տարեկան ելմտական ցուցակի բացը։ Երկար տարիներ այս խնդրին լուծման համար լոկ բարերարներու առատաձեռնութեան ապաւինած վարչականներ կարելի չէ որ նոր լուծում մը ձեւաւորեն։ Իսկ խնդիրը իր ամբողջութեան մէջ ուսումնասիրելու եւ լուծումներ ձեւաւորելու համար կը կարօտինք լայնածաւալ քննարկումի։