ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԷՆ
Այս տարի 12-րչ անգամ կայացաւ «Իսթանպուլի Օփէրայի Փառատօն»ը։ Հնագիտութեան թանգարանի պարտէզին մէջ կախարդական լուսաւորումով մը ունկնդրեցինք Վակնըրի, Մոցարտի, Ռուսինիի, Կունոյի, Քամիլ Սեն Սանի, Նեսենեթի, Պիզէի, Վերտիի եւ Պուչինիի նման յօրինողներու գործերէն ընտիր նմոյշներ։ Նուագախումբը կը ղեկավարէր Ճան Օքան։
4Յուլիս երեքշաթի գիշեր, պարոք շրջանի օրինակներէն բաղկացող համերգ մը սարքուեցաւ, ուր Փաուլօ Վիլլայի վարած նուագախումբի ընկերակցութեամբ բեմ ելան Օթիլիա Իփեք, Էլիֆ Թուղպա Թեքըշըք, Քաան Պուլտուլար, Գէորգ Դաւիթեան եւ Սուաթ Արըքան։
Համերգի ընթացքին լսեցինք նաեւ Օլեքսանտըր Սամոյնենքոյի գունագեղ ջութակի մենանուագները եւ պարոք շրջանի նուագարաններէն լութի վրայ Հալէ Կէօքչէի նուագածութիւնը։
Օսմանեան կայսրութեան ԺԷ դարու վերջերուն թուրք դասական երաժշտութեան ալ մաս կազմող լութը անցեալին գործածուած է նաեւ շումերական, եգիպտական, բաբելոնական եւ հռոմէական երաժշտութեան մէջ։
Ան լաւթա անունով վերամշակուած է արաբներու կողմէ եւ ապա յայտնուած արեւմտեան երաժշտութեան մէջ։ Պարտիմ նշել որ Գէորգ Դաւիթեան իր պարիթոն ձայնով հմայեց ունկնդիրները։ Զինք լսելու պահուն կը մտաբերէի Օսմանեան Կայսրութեան մէջ օփերայի երաժշտւթեան հիմնադիր Տիգրան Չուխաճեանը։ Երեւակայութիւնները զիս կը տանէին այժմու կապելաներով ծանօթ «Չիչեք Փասաժի» տարածքը, ուր անցեալին գործած էր Նաում Օփերայի թատրոնը։
Համերգի աւարտին, երբ դուրս եկանք Հնագիտութեան թանգարանի պարտէզէն ոչ հանրակառքերու աղմուկը, ոչ եգիպտացորեն կամ բոկեղ ծախողները պոռչտուքը չէին կրցած արգելք ըլլալ մեր վայելած երաժշտական խնճոյքին տպաւորութիւնը խափանելու։