Համաշխարհային առումով ընդունելութիւն գտած միջոցառում մը ըլլալով «Պատուոյ երթ»ը զանազան երկիրներու մէջ կը հանդիպի պահպանողական շրջանակներու յարձակումներուն։ Օրին արձագանգած էինք Թուրքիոյ մէջ երթի մասնակիցներուն ուղղուած ոստիկանական բռնութիւնը։ Վրաստանի մայրաքաղաք Թբիլիսի մէջ ալ հակաԼԿՊԹ-ի խմբակներ յարձակում գործեցին «Թբլիսի փրայտ», «Շեմ» (ամօթ) շարժումի գրասենեակներուն։
Պատահածներու հետեւող մօտ 50 լրագրողներ ծեծի ենթարկուեցան։ Նաեւ դաշունահարուեցաւ լեհացի զբօսաշրջիկ մը։ Աւելի վերջ հասած տեղեկութիւններու համաձայն լեհ զբօսաշրջիկը դաշունահարուած է ականջի օղին պատճառաւ միասեռական կարծուելով։
Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցիի հոգեւորականները »Պատուոյ երթ»ի դէմ բողոքի ցոյցերու գլխաւոր կազմակերպիչներն էին։ Անոնք նկարահանուեցան նաեւ լրագրողներու խոշտանգման ընթացքին։ Յարձակումներէն բաժին հասաւ նաեւ Թբիլիսիի մարդու իրաւունքներու շէնքին։ Տեղական եւ միջազգային զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ ԼԿՊԹ անհատներու դէմ ատելութեան դրդումով գործադրուած յարձակումները մեղադրող յայտարարութիւններ կատարեցին։
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշուիլի եւ Թբիլիսի քաղաքապետ Քաքհա Քալատհէ իրենց ելոյթներով խստիւ դատապարտեցին յարձակումները։ Մեղադրանքները ընդհանրապէս ուղուած են վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշուիլիին եւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյն։
Միւս կողմէ յարձակումներու ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած «ԹՎ Փիլվելի» հեռուստակայանի նկարահան Ալեքսանդր Լաշքարաւա 11 Յուլիսին մահացաւ իր տան մէջ։ Նոյն հեռուստակայանի թղթակից Միրանտա Պաղարթուրեա վկայեց թէ Լնշքարաւան շուրջ 20 հոգիի կողմէ 20 վայրկեան տեւեական ծեծի ենթարկուած էր։