Նախորդ շաբաթ օր Ատրպէյճան ազատ արձակեց 15 հայ ռազմագերիներ, որոնք պատանդ վերցուած էին զինադադարի յաջորդող օրերուն։ Յայտնի է որ անոնց ազատ արձակումը տեղի ունեցած է որոշ սակարկութիւններու հետեւանքով, քանի որ Հայաստան ալ նոյն օր Ատրպէյճանին յանձնած է ականապատուած տարածքներու քարտէզը։ Ամէն պարագայի ռազագերիներու տուն դարձը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է, ոչ միայն անոնց ընտանեկան պարագաներուն, այլեւ ամբողջ հայ աշխարհի մէջ եւ սակայն կը շարունակէ որպէս խոչընդոտ մնալ այն իրողութիւնը, ըստ որուն Ատրպէյճան կը շարունակէ խուսափիլ իր մօտ գտնուած գերիներու ստոյգ թիւը յայտարարելէ։ Այլ խօսքով Ատրպէյճան կը շարունակէ ռազմագերիները որպէս պատանդ շահագործելու անընդունելի քաղաքականութիւնը։
Սահմանային խախտումները եւս կը շարունակուին միշտ օրակարգի վրայ պահելով նոր յարձակումի մը հաւանականութիւնը։ Թէեւ այս պահուն իրաւացի չէ լայնածաւալ զինեալ գործողութեան մը հաւանականութիւնը, բայց հակառակորդը կը նախընտրէ լարուած իրավիճակը յարատեւ դարձնելու իր ռազմավարութիւնը։