Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան պատգամաւոր Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու 6 Յուլիսի գիշերուայ ուշ ժարերուն ազատ արձակուեցաւ բանտարկուած Սինճանի արգելանոցէն։
Կերկերլիօղլու ամիսներ առաջ իր կրկնօրինակած «Թուիթը»եան գրառումի մը պատճառաւ մեղադրուած էր ահաբեկչութեան քարոզութիւն ընելով։ Ամբողջովին յերիւրածոյ եւ քաղաքական միտումներով վերագրուած այդ մեղադրանքին համար ան դատապարտուած էր 2,5 տարուայ ազատազրկումի։ Դատարանի վճիռէն անմիջապէս վերջ Խորհրդարանի մէջ վերացուեցաւ իր երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը եւ բժիշկ Կերկերլիօղլու բանտարկուեցաւ։ Ան փորձած էր իր իրաւունքը պաշտպանել Սահմանադրական Ատեանի մօտ եւ այս վերջինն ալ միաձայնութեամբ հաստատեց որ յափշտակուած է երեսփոխանի խօսքի իրաւունքը եւ պահանջեց շուտափոյթ կերպով ազատ արձակումը։ Այդ «շուտափոյթ»ն իսկ գործադրուեցաւ վճիռէն հազիւ վեց օր ետք։ Կերկերլիօղլու ազատ արձակուելէն անմիջապէս վերջ ուղղուեցաւ իր կուսակցութեան կեդրոնը, ուր լրագրողներուն բացատրեց շարունակուած գործընթացը եւ աւարտը։ «Զիս բանտարկողները կարծեցին թէ նման քայլով մը դիւրաւ պիտի լռեցնեն զիս։ Վճիռի միաձայնութիւնը իր մէջ շատ բան կը խօսի։ Խորհրդարանի անդամակցութիւնս չեղեալ համարուած պահուն գոռացած էի –Կեցցէ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը-ըսելով։ Այս պահուն կը կրկնեմ նողն կարգախօսը յայտարարելու համար թէ պիտի շարունակեմ նոյն պայքարը ուր որ թողած էի»։
Այժմ կը սպասուի թէ Խորհրդարանի նախագահութիւնը հետեւելով Էնիս Պերպերօղլուի փորձին վերահաստատէ Կերկերլիօղլուի ալ երեսփոխանութիւնը։
Նոյն ժամերուն ազատ արձակուեցաւ նաեւ Կերկերլիօղլուի որդին Սալիհ Կերկերլիօղլուն,որ բերման ենթարկուած էր Սիճանի բանտին առջեւ հօրը ազատ արձակումը պահանջող բողոքի ցոյց կատարելուն համար։