Յուլիսի 1-ին, հինգշաբթի երեկոյ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ ժողով մը կայացաւ դպրոց ունեցող թաղական խորհուրդներու եւ խնամակալութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Ժողովին ներկայ էր Սահակ Բ. Պատրիարքը, Պատրիարքական Փոխանորդ Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանը եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
Ժողովի գլխաւոր օրակարգն էր համայնքային վարժարաններու առկայ տնտեսական դժուարութիւններու յաղթահարման որոնումը։ Ինչէպէս ծանօթ է Պետրոս Շիրինօղլու միջոցէ մը ի վեր կը թելադրէ կարգ մը դպրոցներու իրարու հետ միացումը եւ այս եղանակով ալ ծախսերու կրճատում։ Սակայն դպրոց ունեցող թաղականութիւնները մեծաւ մասամբ համակարծիք չեն այս առաջարկին։
Ժողովի ընթացքին Պատրիարք Մաշալեան ընդգծեց միացեալ միտքեր ածելով խնդիրները լուծելու կարեւորութիւնը։ Այդ առումով ալ առաջարկեց Պատրիարքարանի հովանաւորութեան ներքեւ անկախ յանձնախումբի մը կազմութիւնը, որուն բաղադրիչները պիտի ըլլան դպրոց ունեցող հաստատութիւնները։
Ժողովի աւարտին նման յանձնախումբի մը կազմութեան համար նախագիծ մը ձեւաւորուեցաւ։ Այդ նախագծի համաձայն իւրաքանչիւր վարժարանի վարչութեան ատենապետը յանձնախումբի լիակատար անդամը պիտի համարուի։ 13 անդամներէ բաղկացող յանձնախումբը իր անդրանիկ ժողովին պիտի կազմէ նաեւ դիւանը։ Այս կազմին պիտի կցուին նաեւ Պատրիարքարանէ հոգեւորական մը եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն անդամ մը, որոնք պիտի ունենան դիտորդի հանգամանք, պիտի կրնան կարծիք յայտնել, բայց քուէարկութեան իրաւունք պիտի չունենան։
Յանձնախումբը նաեւ պիտի ձեւաւորէ ուսման, լեզուի, գեղարուեստի, մարմնամարզութեան, երկրաշարժի դիմադրութեան եւ դպրոցներու տարողութեան նման նիւթերով զբաղող ենթայանձնախումբեր։ Յանձնախումբը մանրամասնութեամբ պիտի ստուգէ դպրոցներու ելմտական ցուցակները, պիտի վերաքննէ ծախսերը եւ պիտի աշխատի պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը ապահովելու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան 3 Յուլիս շաբաթ առաւօտ «Աչըք Ռատիօ»ի կայանէն սփռուող «Ռատիօ Ակօս» հաղորդումին մասնակցելով բացատրութիւններ տուաւ ընթացող աշխատութիւններու մասին։ «Հաւանաբար յառաջիկայ տարի աւելի ծանր պիտի զգանք տնտեսակն ճգնաժամի ազդեցութիւնները։ Ուրեմն պարտաւոր ենք այժմէն կանխամիջոցներու մասին մտածելու։ Նախ պէտք էր դպրոցներու միջեւ երկխօսութիւնը ապահովող հարթակի մը գոյութիւնը»։
Պատրիարք Սրբազանը կարգ մը դպրոցներու փակման մասին հարցումին ըսաւ հետեւեալը. «Մենք նախատեսած ենք անկախ յանձնախումբ մը։ Կը տեսնենք որ փակենք կամ չփակենք, միացնենք կամ չմիացնենք ըսողները նիւթին մասնագէտները չեն։ Պէտք է նիւթը քննարկեն ուղղակի ենթակաները։ Իսկ անոնց քննարկումը ի՞նչ արդիւնքի կը յանգի ճիշդն ասած ես ալ չեմ գիտեր»։ Ան նաեւ նշեց որ Պոլսահայ համայնքը իր դպրոցները մատակարարելու կարողութիւն ունի, բայց այդ կամքը դրսեւորելու դրութիւնը կը բացակայի։