ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երկրի մը կործանման ականատես ըլլալ

Երկրի մը կոր­­ծանման երե­­ւոյթնե­­րը շատ ան­­գամ որոշ թե­­րու­­թիւննե­­րու կու­­տա­­­կու­­մով է, որ կ՚իրա­­կանա­­նայ։ Այդ թե­­րու­­թիւննե­­րու թե­­րեւս կա­­րեւո­­րագոյնն է քա­­ղաքա­­կանու­­թեան սի­­րոյն իրա­­ւական հա­­մակար­­գի քայ­­քա­­­յու­­մը։ Ապա­­կանա­­ցու­­մը կը սկսի ճիշդ ալ այդ հանգրո­­ւանին։ Պե­­տակա­­նու­­թիւնը յա­­րատեւ պա­­հող գլխա­­ւոր երաշ­­խիքն է օրի­­նակա­­նու­­թիւնը։ Երբ օրէն­­քը կը շա­­հագոր­­ծո­­­ւի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ, այ­­լեւս կա­­րելի չըլ­­լար պե­­տական հա­­մակար­­գը իր ըն­­թացքին մէջ պա­­հել։ Վեր­­ջերս Թուրքիոյ մէջ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան երաշ­­խիք ըլ­­լա­­­լով ըն­­կա­­­լուած բո­­լոր սկզբունքնե­­րը գետ­­նին հա­­ւասա­­րեցո­­ւած են։ Ան­­ցեալին ինքնին ու­­ժեր ներ­­կա­­­յաց­­նող իրա­­ւական հա­­մակար­­գը, բա­­նակը կամ դի­­ւանա­­գիտա­­կան թղթա­­բանու­­թիւնը ուղղա­­կիօրէն են­­թարկո­­ւած են երկրի նա­­խագա­­հին հրա­­հանգնե­­րուն։ Օրէնսդիր մար­­մին իբ­­րեւ խորհրդա­­րանը բո­­լորո­­վին հե­­ղինա­­կու­­թե­­­նէ զրկո­­ւած է նոյն ինքն Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի խօս­­քե­­­րով։ «Մենք կը թե­­լադ­­րենք, ձեռ­­քե­­­րը վեր կ՚ել­­լեն, վար կ՚իջ­­նեն ու մեր կամ­­քը կը կա­­տարո­­ւի» ըսած էր Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան ակ­­նարկե­­լով խորհրդա­­րանէ ներս իրեն են­­թա­­­կայ երես­­փո­­­խան­­նե­­­րու մե­­ծամաս­­նութիւն կազ­­մե­­­լուն։

Վեր­­ջին ամիս­­նե­­­րուն մա­­կազի­­նի նման կը հե­­տեւինք Սե­­տաթ Փե­­քերի հրա­­պարա­­կումնե­­րուն, որոնց իւ­­րա­­­քան­­չիւրը հա­­մազօր են շատ լուրջ ցնցումներ յա­­ռաջաց­­նե­­­լու ցան­­կա­­­ցած երկրէ ներս։

Կար­­ծես թէ չէին բա­­ւեր Փե­­քերի հրա­­պարա­­կած գայ­­թակղու­­թիւննե­­րը, այժմ բո­­վան­­դակ երկրով ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք «Թո­­սունճուք» կո­­չու­­մով ծա­­նօթ Մեհ­­մետ Այ­­տը­­­նի տուն դար­­ձի ոդի­­սակա­­նին։ Ան մի­­ջոց մը առաջ խոյս տո­­ւած էր երկրէն շոր­­թե­­­լով բազ­­մա­­­հազար միամիտ­­ներ, որոնք մեծ շա­­հերու ակնկա­­լու­­թեամբ ներդրումներ կա­­տարած էին անոր հիմ­­նած «Չիֆթլիք Պանք» անուն ար­­հեստա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թեան։ Այն ատեն ալ շա­­տեր հարց տո­­ւած էին թէ մար­­դիկ ինչպէ՞ս կրնան տա­­րուիլ այսքան մեծ հա­­մեմա­­տու­­թիւննե­­րու հաս­­նող շա­­հոյ­­թի մը հա­­ւանա­­կանու­­թեան։ Պարզ է պատ­­ճա­­­ռը ամ­­բողջ էու­­թեամբ առանց աշ­­խա­­­տան­­քի հարստա­­նալ երա­­զող հա­­սարա­­կու­­թիւն մը բնա­­կանա­­բար պի­­տի տա­­րուէր այս տե­­սակի խոս­­տումնե­­րէ։ Մնաց որ այս ալ բա­­ցառու­­թիւն մը չէ։ Դեռ նոր էր որ բազ­­մա­­­թիւ մար­­դիկ յան­­կարծա­­կիի եկած էին իրենց բո­­լոր ու­­նե­­­ցուած­­քը ան­­գոյ դրա­­մի մը վե­­րածե­­լով։ Նախ մա­­մու­­լի մի­­ջոցաւ քա­­րոզ­­չութիւ­­նը կի­­րար­­կո­­­ւեցաւ մեծ շա­­հոյթնե­­րու եւ մար­­դիկ մատ­­նո­­­ւեցան այդ ծու­­ղա­­­կին բա­­ւակա­­նին սուղ հա­­տու­­ցե­­­լով իրենց ագա­­հու­­թեան պա­­տիժը։ Եթէ այս բո­­լորը դի­­տենք ընդհա­­նուր հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րի մը մէջ կը տես­­նենք ան­­հա­­­տաբար խա­­բուած­­նե­­­րէն աւե­­լին։ Ամ­­բողջ եր­­կիր մըն է, որ մտած է անօ­­րինու­­թեան հո­­սան­­քի մը մէջ եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը կը կար­­ծէ թէ ի տար­­բե­­­րու­­թիւն միւսնե­­րուն ինք պի­­տի յա­­ջողի։ Մինչդեռ տո­­ւեալ պայ­­մաննե­­րու մէջ յա­­ջողու­­թեան ոչ մի նշոյլ, ամ­­բողջ եր­­կիր մը կ՚եր­­թայ կոր­­ծա­­­նու­­մի ուղղու­­թիւնով։ Այս պա­­հուն մի գու­­ցէ տա­­կաւին քա­­ջու­­թիւնը ու­­նե­­­նանք ու­­րիշնե­­րու խա­­բուա­­ծու­­թեան ծի­­ծաղե­­լու։ Բայց երկրի կոր­­ծա­­­նու­­մը հա­­մընդհա­­նուր հե­­տեւանք պի­­տի ու­­նե­­­նայ եւ ոչ ոք պի­­տի կրնայ ծի­­ծաղիլ երբ թշո­­ւառու­­թիւնը ալիք առ ալիք գայ ու թա­կէ իւ­րա­քան­չիւրիս դռնե­րը։

Նոյ­նիսկ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի տիկ­նոջ Էմի­նէ Էր­տո­ղանի «Ճա­շաբա­ժին­նե­րը նո­ւազե­ցու­ցէք» կո­չը իսկ ինքնին բա­ւական է պա­տահե­լիք­նե­րը կռա­հելու հա­մար։

Ըստ երե­ւոյ­թի ու­շա­ցանք, աւաղ՜ շատ ու­շա­ցանք

pakrates@yahoo.com