Հայրենի հողին վրայ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Իսթանպուլ Երե­ւան թռի­չիքի տե­ւողու­թիւնը ու­ղիղ եր­կու ժամ է։ Մենք բազ­մա­մարդ խումբով գրա­ւած էինք ինքնա­թիռը եւ կը վա­յելէինք այդ բազ­մա­մար­դութե­նէ յա­ռաջա­ցած ան­կարգու­թեան հա­ճոյ­քը։ Ընդմիշտ կ՚եր­թե­ւեկէինք նրբանցքնե­րու մի­ջեւ ու­րախ տպա­ւորու­թիւններ գո­յաց­նե­լով ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին։ Վեր­ջա­պէս հա­սանք Երե­ւան, Զո­ւարթնոց օդա­կայա­նը եւ ԻԼ 82 անիւ­նե­րը թռաւ Զո­ւար­թա­նոցի վազքուղիին եւ շար­ժակնե­րու աղ­մուկը հետզհե­տէ նո­ւազե­ցաւ ու վեր­ջա­պէս կանգ առաւ պող­պա­տեայ թռչու­նը։

Ու­րախ ու զո­ւարթ սկսանք դուրս գալ ինքնա­թիռէն եւ ահա պա­տահե­ցաւ ամե­նասոս­կա­լին։

Խումբի երի­ցագոյն մաս­նա­կից­նե­րէն էր օրիորդ Նի­նա Խո­րասան­ճեան, որ երսնի­վար պառ­կած էր կրպու­ղիի վրայ։ Դժուար չէ են­թադրել մեզ՝ կազ­մա­կեր­պիչնե­րուս սար­սա­փը։ Ակնթար­թի մէջ մտա­բերե­ցինք դժո­խային պատ­կերներ, շտա­պօգ­նութեան մե­քենայ, հի­ւան­դա­նոց, ոս­կո­րի բե­կանում, գոր­ծո­ղու­թիւն…։ Բա­րեբախ­տա­բար օրիորդ Նի­նա նոյ­նիսկ առանց օգ­նութեան կա­րիք զգա­լու վեր կե­ցաւ եւ բո­լորս խո­րունկ շունչ մը քա­շեցինք։

Երկրորդ հանգրո­ւանն էր ան­ցա­գիր­նե­րու ստու­գումը եւ ճամբրուկնե­րը ստա­նալը։ Մաք­սա­յին քա­նի մը պաշ­տօ­նեաներ պա­տահա­կանօ­րէն ընտրե­լով կարգ մը ճամբրու­կենր կը փոր­ձէին բո­վան­դա­կու­թիւնը ստու­գել։ Այդ պա­տահա­կանու­թիւննե­րէն մէկն ալ հան­դի­պեցաւ օրիորդ Նի­նային։ Պաշ­տօ­նեան պա­հան­ջեց որ բա­նայ ճամբրու­կը։ Մա­կերե­սային փոքր խու­զարկու­մէ մը ետք այս ան­գամ օրիորդ Նի­նայի յան­դի­մանու­թիւնով թնդաց սրա­հը։ «Անա­մօթ սրի­կայ դուն իմ թո­ռանս տա­րիքով ես հա­զիւ ինչպէ՞ս կը յանդգնիս փէ­շերդ վեր­ցուր ըսե­լու»։ Խեղճ պաշ­տօ­նեան շո­ւարած էր ամօթ­խա­ծութնէ կաս­կարմիր դար­ձած երե­սով հա­զիւ հե­կեկած՝ «Սխալ բան մը չը­սի, վե­շերդ վեր­ցուր ըսի»։ Արեւմտա­հայուն արե­ւելա­հայե­րէնի դի­մաց մատ­նո­ւած դիւ­րի­մացու­թիւն մըն էր ահա, որ յայտնո­ւած էր վե­շի ու փէ­շի շփո­թու­մով։ Երբ ճամ­բրուկնե­րը շալ­կած ուղղո­ւեցանք ել­քի դու­ռը հրա­շալի անակնկալ մըն էր որ կը սպա­սէր մեզ։ Նա­խապէս Պոլ­սոյ մէջ ծա­նօթա­ցած եւ բա­րեկա­մացած մեր հա­յաս­տանցի ըն­կերնե­րը փունջ փունջ ծա­ղիկ­ներ գիր­կերնին եկած էին մեզ դի­մաւո­րելու։

Նոյն բարձր տրա­մադ­րութիւ­նով հա­սանք «Դվին» հիւ­րա­նոց։ Հա­զիւ ճամբրուկնե­րը սե­նեակ դնե­լու հա­մար ժա­մանակ ու­նէինք, քա­նի որ մեր սի­րելի բա­րեկամ­ներ Տի­րան եւ Ծո­վինար Լոք­մա­կէօզեանը փա­փաքած էին բա­րի գալստեան հա­մեր­գով մը ող­ջունել մեր գա­լուստը։ Ուղղո­ւեցանք Արամ Խա­չատ­րեանի անո­ւան տուն թան­գա­րանը եւ ար­դէն առա­ջին պա­հէն իսկ հմա­յուե­ցանք հայ­րե­նի երկրի մշա­կու­թա­յին բարձր մա­կար­դա­կը վա­յելե­լով։

Շրջօ­րեայ պտոյտնե­րով այ­ցե­լեցինք մայ­րա­քաղա­քի եւ մեր­ձա­կայ շրջան­նե­րու պատ­մական ու տե­սար­ժան վայ­րե­րը։ Պա­րոն Կար­պիս Ու­ղուրլո­ւեան, որ­պէս փոր­ձա­ռու մաս­նա­գէտ նա­խապէս զգու­շա­ցու­ցած էր «Պոլ­սա­հայե­րը եկե­ղեցի կը սի­րեն, կա­րելի եղա­ծին չափ շատ եկե­ղեցի այ­ցե­լենք» եւ երկրորդ կա­րեւոր կէտ մը «Չըլ­լայ որ ժո­ղովուրդը անօ­թի թո­ղունք»։ Բա­րեբախ­տութիւն էր որ իր կար­գադրու­թեամբ բո­լոր շրջա­գայու­թիւննե­րու ցե­րեկո­ւայ ճա­շերը կազ­մա­կեր­պե­ցինք տեղ­ւոյն վրայ։

Մեր ուխտագ­նա­ցու­թիւնը ու­նէր մէ­կէ աւե­լի գա­գաթ­նա­յին պա­հեր։ Անոնցմէ առա­ջինն էր իրա­կանաց­նել Հան­րա­պետու­թեան Հրա­պարա­կի ճիշդ կեդ­րո­նը շամ­պայնով տօ­նել մեր հայ­րե­նի հո­ղի այ­ցե­լու­թիւնը։ Ան­սո­վոր երե­ւոյթ էր, քա­նի որ հրա­պարա­կի այդ տա­րած­քը ու­նի իւ­րա­յատուկ ան­ձեռնմխե­լիու­թիւն։ Ոչ ինքնա­շար­ժեր եւ ոչ ալ հե­տիոտն քա­լող­ներ չեն հա­տեր կա­ւիճով գծո­ւած այդ պա­րապու­թիւնը։ Իսկ մենք բազ­մութիւն խումբով ահա հոն էինք եւ ար­դէն շու­տով մօ­տեցան մի քա­նի ոս­տի­կան­ներ եղե­լու­թիւնը պար­զե­լու հա­մար։ Բա­ցատ­րե­ցինք մեր ուխտը, պայ­թե­ցան շամ­պայնի շի­շերը, նկա­րուե­ցանք խմբո­վին եւ պա­հը ան­մա­հացաւ մե­զի հա­մար։ Իրա­կանա­ցած էր Կա­րապետ Ուսթա­յի չորս տա­րի առա­ջուայ երա­զան­քը։ Այդ տա­րի Սուրբ Զա­տկի Մե­ռելո­ցի օրը եւ Մեծ եղեռ­նի յի­շատակ­ման օրը նոյ­նա­ցած էին։ Ու­ղիղ տա­րի մը առաջ էր, երբ Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբէն Սար­գիս Էր­քոլ, Ժիլ­տա Էօզույկուն եւ ես դար­ձեալ Հայստան կը գտնո­ւէինք, այս ան­գամ «Հա­յաս­տան-Սփիւռք Հա­մագու­մար»ի պատ­ճա­ռաւ։ Այ­ցե­լած էինք Պճնի գիւ­ղը եւ գիւ­ղին ԺԲ դա­րէն մնա­ցած պատ­մա­կան եկե­ղեցին։ Նոյն այդ օր որո­շած էինք որ 2000-ի Զատ­կի Սուրբ Պա­տարա­գը եր­գենք այս տա­ճարին մէջ։ Բազ­մանդամ խումբին մէջ կա­յին պա­տահ­մամբ մե­զի միացած քա­նի մը ան­ձեր, որոնք կը դժո­ւարա­նային մեր նա­խասի­րու­թիւննե­րը ըն­կա­լելու։ Այդպէս ալ չէին կրցած հասկնալ թէ փո­խանակ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճարին ին­չո՞ւ հա­մար կը գե­րադա­սենք ան­շուք գիւ­ղի մը եկե­ղեցին։ Այդ օր ու­թը-տա­սը հո­գիէ բաղ­կա­ցող խումբը բաժնուեցաւ մե­զմէ եւ Զատ­կի պա­տարա­գի հա­մար ուղղո­ւեցաւ Էջ­միածին։ Իսկ մենք մէկ օր առաջ ար­դէն այ­ցե­լած էինք մայ­րա­վան­քը եւ հոն պա­տահա­բար հան­դի­պած շատ սի­րելի հո­գեւո­րակա­նի մը՝ Ար­սէն սրբա­զանին, որուն նա­խապէս ծա­նօթա­ցած էինք Պոլ­սոյ մէջ։

Զատ­կի առա­ւօտ վեց հան­րա­շարժնե­րով ուղղո­ւեցանք դէ­պի Պճնի։ Մեզ հետ էր նաեւ Հայր Լե­ւոն Վար­դա­պետ Զէ­քիեանը, այժմու Հայ Կա­թողի­կէ Վի­ճակա­ւոր Գե­րապայ­ծառ Զէ­քինեան։

Մեզ­մէ շա­տեր թե­րեւս առա­ջին ան­գամ կ՚ըմ­բոշխնէինք Սուրբ Զատ­կի ժո­ղովրդա­կան տօ­նակա­տարու­թեան հրճո­ւան­քը։ Հա­մարեա կա­ռու­ցո­ւած տա­րինե­րու տես­քով ու­թը դա­րեր յաղ­թա­հարած եկե­ղեց­ւոյ մէջ գիւ­ղի քա­հանա­յի վկա­յու­թեամբ առա­ջին ան­գամ է, որ բազ­մա­ձայն եր­գե­ցողու­թիւն կը հնչէր։ Բո­լորս ու­շադրու­թեամբ կը հե­տեւէինք խմբա­վար Օն­նիկ Սել­վիօղ­լուի չա­փերուն եւ կը փոր­ձէինք լա­ւագոյնս կա­տարել մեր առա­քելու­թիւնը։ Խոս­տո­վանիմ որ դժո­ւար էր, շատ դժուար…։ Գիւ­ղա­ցիներ բո­լորն ալ տօ­նական տա­րազ­նե­րով խուռնե­մար բազ­մութիւն մը կազ­մած էին տա­ճարին մէջ։ Տա­ճար՝ որ փո­խանակ Պոլ­սոյ եկե­ղեցի­ներու փար­թամ ջա­հերուն կը լու­սա­ւորո­ւէր գմբե­թէն դէ­պի ներ­քեւ եր­կա­րող լու­սարձա­կով մը միայն։

«Կա­կօ՜ Կա­կօ՜»կը ձայ­նէր այդ բազ­մութեան մէջ որ­դին կորսնցու­ցած մայր մը։ «Ժո­ղովուրդ ճան էդ դու­ռը բա­ցէք խեղ­դո­ւեցանք» կը պո­ռար տղա­մարդ մը։ Իս­կոյն բա­ցուե­ցաւ խո­րանի կող­քի դուռն ալ եւ քա­միի հո­սանք մը պա­տեց եկե­ղեցին։ Այս ան­գամ ու­րիշ ձայն մը «Ո՞վ բա­ցաւ այդ դու­ռը շուտ փա­կեցէք»։ Այդ բո­լորին մէջ մենք կը փոր­ձենք եր­կիւղա­ծու­թեամբ ու ան­թե­րի եր­գե­ցողու­թիւն կա­տարել։ Գիւղի աւագ Տէր­տէ­րը ար­դէն բա­ւական շո­ւարած կ՚երե­ւի իր եկե­ղեց­ւոյ մէջ եպիս­կո­պոսի, կա­թողի­կէ վար­դա­պետի եւ բազ­մա­ձայն եւ բազ­մանդամ երգչա­խումբի մի­ջեւ։ Հետզհե­տէ կը մօ­տենար Պա­տարա­գի աւար­տը, երբ դուրսէն սկսաւ հնչել դհո­լի ու զուռնա­յի նո­ւագը։ Թէ հա­ւատա­ցեալ­նե­րու եւ թէ երգչա­խումբէն կարգ մը ան­դամնե­րու, որոնց կար­գին նաեւ ին­ծի հա­մար ան­կա­րելի դար­ձած էր կար­գա­պահու­թիւնը։ Կա­մացուք մը սպրդե­ցայ դէ­պի դուրս, ուր կը տի­րէր տօ­նական ար­տա­կարգ ոգե­ւորու­թիւն մը։ Կազ­մո­ւած էր եր­կար սե­ղան­ներ, որոնց վրայ մեր տե­ղացի բա­րեկամ­նե­րու Արամ եւ Նու­նէ Խա­չատու­րեան­նե­րու կար­գադրու­թեամբ կը մա­տու­ցո­ւէր ներ­կո­ւած ձո­ւեր, լա­ւաշ, թարմ սոխ, կա­նաչի եւ վեր­նա­շէն գի­նիներ։ Ժո­ղովուրժը կը ծե­ծէր հաւ­կիթնե­րը, կը փոր­ձեր բախ­տը եւ ապա ոմանք կը մաս­նակցէին զուռնայ փչո­ղին շուրջ կազ­մո­ւած շուրջպա­րին, իսկ ոմանք կը հե­տեւէին փահ­լե­ւանի լա­րի վրա­յի խա­ղերուն։ Ան­դին բախ­տը միայն հաւ­կիթ ծե­ծելով փոր­ձե­րու հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նե­ցող­ներ կը մաս­նակցէին երեք խա­ղաքար­տե­րէն սե­ւը գտնե­լու։ Մեր խումբի ամե­նահա­մակ­րե­լի դէմ­քե­րէն էր ող­բա­ցեալ Անդրա­նիկ տայ­տա­յը, մեր սի­րելի ըն­կե­րոջ Աբ­րա­համ Կամ­զէի հայ­րը։ Ինչպէս ըրաւ, ինչպէս յա­ջողած էր չենք գի­տեր, բայց հա­մարեա իրեն տա­րեկից բազ­մութեան մը կեդ­րո­նը ձո­ւեր կը ծե­ծէր եւ գաղտնի­քը ան­յայտ միշտ կը յա­ջողէր։ Ամէն մի կոտ­րած հաւ­կի­թէն վերջ ու­րա­խու­թեան բա­ցագան­չութիւննե­րով կը թնդար եկե­ղեց­ւոյ բա­կը։ Չէինք անդրա­դար­ձած թէ ժա­մանա­կը ինչպէս ան­ցաւ ու եկաւ ետ­դարձի ժա­մը։ Կազ­մա­կեր­պիչներս ան­գամ մը եւս շո­ւարու­մի մատ­նո­ւեցանք եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակը միայն մենք մնա­ցած էինք ու­թը-տա­սը անձ։ Ար­սէն Սրբա­զան եկած էր իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնե­լու։ «Առա­ջին ան­գամ կը պա­տարա­գեմ այս եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ինչ լաւ ընտրու­թիւն ըրած էք»։ Իսկ մենք շո­ւարած կը մտմտանք թէ ժո­ղովուրդը ո՞ւրկէ հա­ւաքենք։ Պար­զո­ւեցաւ թէ գիւ­ղա­ցիներ ամէն մէ­կը մեր խումբէն մաս մը իր տու­նը տա­րած էր հիւ­րա­սիրե­լու հա­մար։ Մեզ­մէ զատ ոչ ոգ ու­նէր տեղ հաս­նե­լու մտա­հոգու­թիւնը։ Իսկ մենք այդ գի­շերո­ւայ հա­մար ըն­դունե­լու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պած էինք «Դվին» հիւ­րա­նոցի ճա­շաս­րա­հին մէջ։

Վեր­ջա­պէս հան­րա­շարժնե­րը սիկ­նալ տա­լով յա­ջողե­ցան ժո­ղովուրդը դուրս բե­րել իրենց այ­ցե­լու­թիւննե­րէն։ Աղ ու հա­ցով դի­մաւո­րուած գիւ­ղէն հրա­ժեշտ առինք հա­րազատ­նե­րէ բաժ­նո­ւելու նման։ Գի­շերուայ ըն­դունե­լու­թեան հա­մար հրա­ւիրած էինք բո­լոր այն սի­րելի մար­դիկ, որոնց հետ նա­խապէս հան­դի­պած էինք Պոլ­սոյ մէջ։ Այսպէս այդ գի­շեր պա­տիւ ու բախ­տը ու­նե­ցանք մե­ծարե­լու Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանը, Ան­ճե­լա Աթա­բեկեանը, Վա­րազդատ Յա­րու­թիւնեանը, Արա­մայիս Սա­հակեանը, մեր սի­րելի ըն­կեր Յով­հաննէս Պա­տալեանի այ­րին Մար­կօ մա­ման, մեր հա­րազատ ըն­կերներ Կա­րինէ Յով­հաննէ­սեանը, Տիգ­րան Ամ­բա­րեանը, Կի­րակոս եւ Զո­ւարթ Հո­շեան­նե­րը, Աբ­րա­համ եւ Յաս­միկ Ազա­րեան­նե­րը եւ տա­կաւին բա­զում անուններ, որոնք այս պա­հուն ափ­սոս որ կը վրի­պին յի­շողու­թե­նէս։

Յա­ջորդ օր Ապ­րի­լի 24-ն էր։ Մէկ օր առա­ջուայ տօ­նական ու­րա­խու­թիւնը այ­սօր իր տե­ղը կը թո­ղուր ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու յի­շատակ­ման թա­խիծին։ Բա­ցի քա­նի մը ու­սուցչու­հի­ներէ որոնք կը խու­սա­փէին հե­ռու­սա­տակա­յան­նե­րու տե­սախ­ցիկնե­րուն յայտնո­ւելէ ամ­բողջ խումբով ուղղո­ւեցանք Ծի­ծեռ­նա­կաբերդ։ Լուռ քայ­լե­ցինք դէ­պի բար­ձունք եւ խո­նար­հե­ցանք ան­մար ջա­հի առ­ջեւ թո­ղելով մեր ձեռ­քի ծա­ղիկ­նե­րը։

Նոյն օր գի­շերո­ւայ ժա­մերուն խումբի թե­րահաս պա­տանի­ները ստա­նալով նոր յօ­ժարու­թիւնը, կրկին ան­գամ այ­ցե­լեցին Եղեռ­նի յու­շարձա­նը։

Յա­ջորդ օր ետ­դարձ էր։ Այդ առա­ւօտ բո­լորս արթնցանք սե­նեակ­նե­րու դու­ռե­րու թա­կոցով։ Ամէն մարդ իրա­րու կը ձայ­ներ «Դուրս ելեք։ Պա­տըշ­գամբ ելէք։ Դի­մաց նա­յեցէք» ըսե­լով։ Ամ­բողջ եօթը օր ամ­պե­րու ետին թաք­նո­ւած Արա­րատը իր պայ­ծառ տես­քը մա­տու­ցած էր բո­լորիս, որ­պէսզի դրոշ­մո­ւի մեր յի­շողու­թեան մէջ եւ պատ­ճառ դառ­նայ կրին ու կրկին ան­գամ զինք վա­յելե­լու ցան­կութեան հաս­տա­տու­մին։

Մենք Սա­յաթ Նո­վացի­ներս կը սի­րենք Հա­յաս­տա­նը, որով­հե­տեւ նախ սի­րած ենք Հա­յաս­տանցին։ Կը սի­րենք Հա­յաս­տա­նը։ Որով­հե­տեւ մեր ինքնու­թեան մէջ ան­բա­ժան ու ան­խորտա­կելի կեր­պով կը հնչէ հա­յերէն եր­գը։ Հա­յաս­տա­նը իր մշա­կոյ­թով, պատ­մութիւ­նով եւ մա­նաւանդ ալ բնակ­չութիւ­նով գե­րադաս է, որուն ապա­ցոյցն է ամէն առ­թիւ այ­ցե­լելու ցան­կութիւ­նը եւ հետզհե­տէ այ­ցե­լելէ ալ աւե­լին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ