Ծիրանափող որ կ՚ըսենք հաւանաբար աշխարհի ամենապարզ նուագարաններու շարքէն պէտք է դասել։ Եղած ու չեղածը ծիրանի փայտէ պատրաստուած փող մըն է, որ սակայն կը պարգեւէ անհաւատալիօրէն զգացական դրդրում մը, որու միջոցաւ հայը կը նկարագրէ իր ամբողջ էութիւնը։
Թերեւս այս պատճառաւ է, որ աւելի քան դար մը առաջ մեծն Կոմիտաս հրապարակած էր հաստատ համոզում մը, ըսելով որ «Հայոց ազգային նուագրանը փողաւոր գործիքներն են»։
Իրաւ ալ Հայաստանի մէջ շատ տարածուն այդ նուագարանը դիմադրեց խորհրդային տարիներուն իր հանդէպ ցուցաբերուած բոլոր դժկամութիւնները։ Խորհրդային գաղափարախօսութիւնը մերժած էր տուտուկը զայն համարելով սգահանդէսի նուագարան։ Հայաստանի մէջ մինչ օրս ընդունուած սովորութիւն է թաղման թափօրի տուտուկով կատարումը։ Բայց եկան ժամանակներ եւ նաեւ անկանխատեցելի հետաքրքրութիւններ, որոնց շնորհիւ տուտուկը վերագտաւ իր արժանի յարգանքը։ Կ՚արժէ յիշել որ ԱՄՆ-ի Ըրաքի դէմ գործադրած Ծոցի Առաջին պատերազմի օրերուն CNN- հեռուստակայանը ամէն երեկոյ պատերազմի լուրերը կը հաղորդէր տուտուկի նուագակցութեամբ։ Մեծ տուտուկահար Վաչէ Յովսէփեանի ձայնագրութիւնը շնորհիւ Բիդըր Կեպրիելի վերամշակումին յանկարծակիօրէն արժանացաւ համաշխարհային ուշադրութեան։ Մարդիկ իմանալ կ՚ուզէին այդ կախարդական նուագի գաղտնիքը։ Եւ այդ նոյն տարիներուն էր որ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան նման ուշադրութեան կ՚արժանանար յօրինելով «Կլատեաթէօր» ֆիլմի երաժշտութիւնը։
6 Յուլիս թուականը ամբողջ աշխարհին կը յայտներ գոյժը տուտուկի մեծ վարպետ Ճիվան Գասպարեանի։ Արմատներով մշեցի ընտանիքէ մը եկած Ճիվան Գասպարեան ծնած էր 1928 թուականին Կոտայքի Ցոլակ գիւղը։ Փոքրիկ տարիքին հայրազուրկ մնալով մանկութիւնը անցաւ որբանոցի մէջ։ Փոքր տարիքէն իր մէջ արթնացած էր երաժշտութեան յատկապէս տուտուկի հանդէպ սէրը։ Իր ներշնչման աղբիւրն էր կինօթատրոններու մէջ անձայն ֆիլմերու ընկերակցող երաժիշտները։ Գասպարեան յառաջացաւ իր այդ ուղիին մէջ հետզհետէ դառնալով առասպելական անուն մը։ Հրապարակեց աւելի քան 20 սկաւառակներ, համերգներ սարքեց աշխարհի բազում երկիրներու մէջ։ Ճիվան Գասպարեան հիւրահամերգներով այցելեց նաեւ Թուրքիա եւ Պոլսոյ մէջ բեմ բարձրացաւ նշանաւոր Քարտեշ Թիւրքիւլեր խումբի ընկերակցութեամբ։
Պոլսոյ մէջ ծանօթացաւ ու բարեկամացաւ «Քալան» ընկերութեան տնօրէն Հասան Սալթըքի հետ ու այդ բարեկամութենէ ծնաւ նոր ալպոմ մը, ուր Գասպարեան կը նուագէր ժողովրդական երաժշտութեան մեծանուն վարպետ Էրքան Օղուրի հետ։ Գասպարեան ապա Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի միութեան հիմնադրութեան 50-ամեակի առթիւ կրկին այցելեց Պոլիս եւ իր երաժշտութիւնով անգամ մը եւս հմայեց բոլորը։ Յաղթանակով լեցուն կեանքի մը աւարտին ՀՀ նախագահը եւ վարչապետը ցաւակցական գրութիւններով ողջունեցին անոր մեծ վաստակը։
Մեզի կը մնայ մխիթարուիլ այն գիտակցութիւնով թէ կեանքը ժամանակաւոր է իսկ գործը յաւիտենական։ Ուրեմն Ճիվան Գասպարեան այսուհետեւ կը շարունակէ իր գործով եւս մնալ մեզ հետ եւ չի թառամիր իր յիշատակը։