ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Տուտուկի վարպետ Արսէն Պետրոսեանի երկար սպասուած երկրորդ սոլօ ալպոմը «Հոգին Ճանապարհ»ը 2021 թուականի Ապրիլէն սկսեալ իր տեղը գրաւած է տարբեր երկիրներու երաշտական խանութներու դարակներուն։
Ըստ ինձ Պետրոսեան ընդմիշտ կ՚արտադրէ այնպիսի երգեր, ուր կ՚առաջացնէ հայերու իւրայատուկ զգացումներու արտացոլում եւ արժէքի կարեւորում։
«Հոգին Ճանապարհ»ով, Պետրոսեան խոհուն երաժշտութեան որոնումով հանդէս եկած եւ վեր հանած է ազգիս շարունակուող ոդիսականը։ Ալպոմի գեղարուեստական արմատները, գեղեցիկ մեղեդիներով հիւսուած են Պետրոսեանի տուտուկի վարպետութեան շնորհիւ։ Ան այս վարպետութիւնը ստացած է ակտիվ միջազգային գործունէութիւն ծաւալելով, հետեւելով տուտուկի վարպետ Ճիվան Գասպարեանին եւ իր ուսուցիչ Գէորգ Տապաղեանի խորհուրդներուն։ Միեւնոյն ժամանակ իր ուղին հարթած է ամենատարբեր համագործակցութիւններու միջոցով՝ աշխատելով առասպելական ռոք կիթառահար Սթիվ Հաքեթի, երգահան Իհաբ Դարվիշի, ուտահար Օմար Բաշիրի ու այլոց հետ։
Տուտուկը կը համարուի որպէս փայտափողային ընտանիքին պատկանող առաւել դինամիկ եւ արտայայտիչ գործիքներէն մէկը։ Իսկ Պետրոսեան տուտուկով կրնայ փոխանցել եւ արտայայտել իր տոհմի հարուստ պատմութիւնը այնպիսի երանգներով, ուր մինչեւ հիմա չենք նկատած։ Անոր նուագումները ոմանք կրնան ընկալել որպէս Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի հին մեղեդիներու նորագոյն ոսկեայ արտացոլումը։
Որքա՞ն տեւած է այս ալպոմի պատրաստութիւնը։ Ինչպիսի՞ երգեր կը պարունակէ։
Ալպոմի պատրաստութիւնը տեւած է մօտ հինգ տարի, իսկ ձայնագրութիւնները աւելի քան երկու ամիս։ «Հոգին Ճանապարհը», բաղկացած է Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան տարբեր դարաշրջաններուն պատկանող տասնմէկ երգերէ։
18 դարու բանաստեղծ Պաղտասար Դպիրէն մինչեւ մեր օրեր Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագրութիւններէ բաղկացող ալպոմս կը ներկայացնեմ ձեզի։ Ան իր մէջ կը պարունակէ Հայկական երաժշտութեան բազմաթիւ ճիւղեր, հոգեւոր երաժշտութենէ մինչեւ աշուղական եւ դասական զանազան նմոյշներ։
Մինչ ալպոմի աւարտումը, սկսած են Հայաստանի սեւ օրերը եւ երկիրը յայտնուած է պատերազմի մէջ։ Ի՞նչ զգացիք եւ ինչպէ՞ս աւարտին հասցուցիք ալպոմը։
2020-ի ամռան ամիսներուն ձայնագրութիւնները կատարուած էին։ Երբ մենք ձայնագրութեան աշխատանքները կ՚ընէինք սկսաւ պատերազմը։
Շատ ծանր օրեր ապրեցանք։ Ընթացքը շատ լարուած էր։ Ամէն օր նոր տխուր բաներ կը պատահէին։ Ես մինակ գործս աւարտել կը մտածէի։ Քանի օրեր անընդհատ աշխատեցանք։ Լուրջօրէն մտահոգուած էի ազգիս համար եւ յուզուած, բայց անսանձալիօրէն որոշեցի իմ գործը աւարտին բերել։ Սթիւտիոյի մէջ կը գիշերէի։ Ընկերներս կ՚երթան կու գային, ինձ առանձին չձգեցին։
Գործընկերներուս հետ սթիւտիոյ բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով աւարտին հասցուցինք մեր գործը։
Քրոջս ամուսնոյն եղբայրը նահատակուեցաւ։ Ընկերներս մահացան։ Բոլորն ալ հարազատ էին, բոլորն ալ մերն էին առանց արեան կապի։ Արուեստագէտի համար աւելի ծանր են այս բոլորը։
Կարծես ձեր կեանքի մէջ ստիպուածութիւն մըն է երաժշտութիւնը։ Յօրինել տուտուկով, վերանայիլ եւ ծանօթացնել հայկական երաժշտութիւնը։ Սա ձեր կեանքի մեծագոյն իմաստն է։ Ձեր նոր ալպոմի մէջ ինչերէ՞ ներշնչուած էք։
Այս ալպոմը իմ անձնականի հետ կապուած է։ Սա իմ հոգու ճանապարհն է։ Ստեղծագործութիւններ կան, որոնք իմ ընտանիքէ ներշնչուելով նուագած եմ։ Ընտանիքս Ջաւախքցի են՝ իսկ արմատներով երկու կողմէն ալ Էրզրումցի են։ «Շօրօր» նուագած եմ որպէս անդրադառնալով իմ արմատներուն եւ Ջաւախքին բնորոշ պարեղանակի իւրայատուկ զգացողութիւնը ցոյց տալու համար։ Հայրական կողմէ տատիկիս հայրը՝ Արտաւազդ Յովհաննիսեան Ջաւախքցի գիւղական երաժիշտ մըն էր եւ տուտուկահար։
Այս ալպոմին մէջ ստեղծագործութիւն մը ունիմ, որ հայրիկիս նուիրած եմ։ Ես 14 տարեկան էի, երբ ինք մահացաւ։ «Նազանի» ստեղծագործութիւնը անոր նուիրեցի։ Որովետեւ փոքր ժամանակիս հայրս ինք կ՚ուզէր, որ «Նազանի» երգեմ։ Բոլորովին զգացմունքային էր։ Իրականութեան մէջ այս զգացմունքը հասկնալի է ամէն ինչով։ Հայրիկս հիմնականին շատ կ՚ուզէր որ ես երաժիշտ դառնամ։ Մայրս ալ օգնեց ինձ։ Ես լաւ ընտանիք ունեցած եմ։ Իմ ընտանիքիս մէջ երաժշտութիւնը միշտ սիրուած եւ յարգուած է։ Այդ է պատճառը որ իրենք ուզած են որ ես երաժիշտ դառնամ։ Ընտանիքներ կան, որ իրենց երախային երաժշտութեան հետ զբաղուելէն չեն ախորժիր։ Երբեք իմ ընտանիքս անոնցմէ չէ եղած։
Ձեր առաջին սոլօ ալպոմը ՝ Charentsavan: Music for Armen Duduk-ը 2015 թուականին մեծ յաջողութիւն արձանագրած եւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն համերգներով ներկայացուած էր։ Հիմա ձեր նոր ալպոմ՝ «Հոգին Ճանապարհ»ը համավարակի պայմաններով ինչպէս կը ծանօթացուի՞։
Ձայնասկաւառակը թողարկուած է բրիտանական հեղինակաւոր ARC Music ընկերութեան կողմէ եւ արդէն իսկ միջազգային մետիայի ուշադրութեան արժանացած։
Շաբաթ օր «Աչըք Ռատիօ»ի մէջ Քութայ Տերինի միջոցաւ ալպումը առաջին անգամ Թուրքիոյ մէջ լսելի դարձաւ։ Նաեւ կը լսուի Աւստրալիա, Գանատա, Նոր Զելլանտա, Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Ռուսատան։ Ալպոմը երեք ամիս շարունակ լաւագոյն «Թափ 20»ի մէջ է։ «Թրանս Կլոպալ Վորլտ Միւզիք» աղիւսակին մէջ, ուր կը քուէարկեն աշխարհի տարբեր երկիրներէ երաժշտական քննադատներ, երաժշտագէտներ, փառատօնի կազմակերպիչներ, ռատիօ հաղորդավարներ։
Այս ամիս Լոնտոնի «Սոն Կլայնս Մակազին»ի մէջ ալպոմը լաւագոյն տասնեակի մէջ 6-րդ էր։
Ֆրանսա, Գերմանիա, Նիտերնալնտ, Չեխիա, Անգլիա նաեւ Ռուսաստան եւ աշխարհի այլ երկիրներ հարցալրոյցներ կատարեցին լրագրներու եւ ռատիոյ կամ պարբերականներու համար տարբեր լեզուներով։
A.G.A Trio-ն եւ Արսէն Պետրոսեանի անուան քառեակը համավարակէ առաջ ելոյթներ ունեցած էր ամբողջ Եւրոպայի տարածքին, Կեդրոնական Ասիա, Մերձաւոր Արեւելք, Կովկաս եւ այլ երկրներ։ Շրջագայած էիք որպէս մենակատար՝ Միացեալ Նահանգներ։ Ափսոս մինչեւ հիմա Համավարակի պատճառաւ այս ալպոմը միայն համացանցով տարածուեցաւ։ Տարբեր երկիրներու մէջ այժմ համերգներ ո՞ւնիք։
Այժմ Արսէն Պետրոսեան քառեակի հետ համերգային շրջագայութիւն մը ունինք, որպէսզի ներկայացնենք ալպումը։ Յուլիսի վերջին Զուիցերիա, Ֆրանսա, Չեխիա եւ Իտալիոյ մէջ վեց համերգներ պիտի սարքենք։
Ապա մտադիր ենք աշնան ամիսներուն Հայաստանի մէջ համերգ մը կազմակերպելու։
Նաեւ աշնան A.G.A Trio-ի հետ նոր ալպոմի մը աշխտութիւններուն պիտի սկսինք։ Յուսամ այս ծրագիրը լոյս կ՚ընծայենք յաջորդ տարուայ մէջ։