Համայնքային ընտրութիւնները դատական լաբիւրինթոսի մէջ

Փոք­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու պատ­­կա­­­նող հիմ­­նարկնե­­րու վար­­չութեան ընտրու­­թիւննե­­րը դա­­սաւո­­րող կա­­նոնա­­գիրը բա­­րելա­­ւելու պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ առ­­կա­­­խուած էր 2013 թո­­ւակա­­նին։ Վա­­քըֆ­­նե­­­րու ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թիւնը անցնող ու­­թը տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին չէր յա­­ջողած նոր կա­­նոնա­­գիր մը պատ­­րաստել։

Հայ հա­­մայնքէն երեք ան­­հատներ իրենց իրա­­ւապաշտպան­­ներ՝ Սե­­պուհ Աս­­լանկի­­լի եւ Սեդ­­րակ Տա­­ւութհա­­նի մի­­ջոցաւ դատ բա­­ցին Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թեան դէմ։ Ան­­գա­­­րային Եօթե­­րորդ Վար­­չա­­­կան Ատեանը իրա­­ւացի գտաւ բո­­ղոքար­­կունե­­րու դի­­մու­­մը եւ չե­­ղեալ հա­­մարեց տնօ­­րէնու­­թեան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւնը։

Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թիւնը այս որո­­շու­­մին դէմ բո­­ղոքեց Բո­­ղոքար­­կու Ատեանին մօտ, սա­­կայն իր այդ դի­­մու­­մը եւս մեր­­ժո­­­ւեցաւ։ Այսպէ­­սով բա­­ցուած եղաւ ընտրու­­թիւնները կա­­յաց­­նե­­­լու ճա­­նապար­­հը։ Հայ հա­­մայնքի չորս հաս­­տա­­­տու­­թիւններ դա­­տական որո­­շու­­մին յե­­նելով Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թեան տե­­ղեկա­­ցու­­ցին 3 Հոկ­­տեմբեր 2021 թո­­ւակա­­նին խնա­­մակա­­լական ընտրու­­թիւններ կա­­տարե­­լու մա­­սին իրենց կամ­­քը։

Այս հանգրո­­ւանին Բո­­ղոքար­­կու Ատեանը չե­­ղեալ հա­­մարեց Ան­­գա­­­րայի Եօթե­­րորդ Վար­­չա­­­կան Ատեանի վճի­­ռը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով թէ, այդ դա­­տարա­­նը իրա­­ւասու չէ նման վճիռ ար­­ձա­­­կելու եւ դա­­տը պէտք է քննար­­կո­­­ւի Գե­­րագոյն Ատեանի մէջ։

Իրա­­ւապաշտպան Սեդ­­րակ Տա­­ւութհան 26 Յու­­նիս շա­­բաթ օր, «Ռա­­տիօ Ակօս» հա­­ղոր­­դումին մաս­­նակցե­­լով բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ կա­­տարո­­ւածին մա­­սին։

Ան նշեց որ դա­­տարան­­նե­­­րու մի­­ջեւ տա­­րակար­­ծութիւ­­նը կը գո­­յանայ օրէնքնե­­րը եւ անոնց գոր­­ծադրու­­թիւնը մեկ­­նա­­­բանե­­լու տար­­բե­­­րու­­թե­­­նէն։ «Այս պա­­հուն Բո­­ղոքար­­կու Ատեանին առար­­կութիւ­­նը ոչ թէ հիմ­­նա­­­կան, այլ ձե­­ւական բնոյթ ու­­նի։ Վեր­­ջա­­­պէս ընտրու­­թիւն ընե­­լու կամ չնե­­լու մա­­սին որե­­ւէ ակ­­նարկու­­թիւն չկայ։ Գի­­տենք որ Սուրբ Խաչ Դպրե­­վանք, Կեդ­­րո­­­նական, Գա­­րակէօզեան եւ Գալ­­ֆա­­­յեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րը ար­­դէն իսկ ձեռ­­նարկած էին ընտրու­­թեան նա­­խապատ­­րաստու­­թիւննե­­րուն։ Կարգ մը շրջա­­նակ­­ներ քննա­­դատած էին այդ որո­­շու­­մը։ Հի­­մա պի­­տի սպա­­սենք Գե­­րագոյն Ատեանի որո­­շու­­մը»։

Սեդ­­րակ Տա­­ւութհան մե­­ղադ­­րեց նաեւ «Ընտրու­­թիւն չէք կրնար ընել», «Ընտրու­­թիւննե­­րը ջնջո­­ւեցան», «Չէք կրնար պե­­տու­­թեան դէմ հա­­կաճա­­ռել» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ Ան աւել­­ցուց որ սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան իրա­­ւունքնե­­րու գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը կա­­րելի չէ այսպէս մեկ­­նա­­­բանել։

Միւս կող­­մէ ընտրու­­թեան որո­­շում կա­­յացու­­ցած հա­­մայնքա­­յին չորս հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը ու­­շադրու­­թեամբ կը քննար­­կեն զար­­գա­­­ցումնե­­րը եւ կը պատ­­րաստո­­ւին այդ զար­­գա­­­ցումնե­­րու զու­­գա­­­հեռ նոր քայ­­լե­­­րու դի­մելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ