ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ո՞ւր փնտռել Սատանան

1968-ի գար­նան Փա­րիզի մէջ բռնկած երի­տասար­դա­կան ցոյ­ցե­րը շու­տով տա­րածո­ւեցաւ ամ­բողջ Եւ­րո­պային եւ օրա­կար­գի բե­րին զա­նազան նիւ­թե­րու մէջ ցարդ գոր­ծող կա­ղապար­նե­րու կոտ­րո­ւելու գոր­ծընթա­ցը։ Գե­ղարո­ւես­տէն գրա­կանու­թիւն ամէն ինչ կ՚են­թարկուէր շատ լուրջ փո­փոխու­թեան, որ­մէ զերծ չէին մնա­ցած մին­չեւ այդ տի­րող բա­րոյա­կան ար­ժէքնե­րը։ Սի­մոն Տէ Պո­ւար, Վիլ­հեմ Ռէիչ ջա­հակիր­նե­րը հան­դի­սացան սե­ռային ազա­տու­թեան մը գա­ղափա­րին։ Ինչպէս ան­հա­մար նիւ­թեր, մարդկանց սե­ռային յա­րաբե­րու­թիւններն ալ սահ­մա­նուած էին կա­ղապար­նե­րով եւ նոր հաս­կա­ցողու­թիւնը կու գար այդ կա­ղապար­նե­րը ջար­դուփշուր ընե­լու։ Ինչպէս բո­լոր յե­ղափո­խու­թիւններ, այս նորն ալ իր մէջ ու­նէր չա­փազան­ցութեան բնոյթ մը, որ ազա­տու­թիւն տեն­չա­լու հետ բե­րած էր նաեւ այ­լա­սեռ­ման լուրջ սպառ­նա­լիք մը։ Ճիշդ է որ երի­տասար­դութիւ­նը ձանձրա­ցած էր իրեն պար­տադրո­ւած սահ­մա­նումնե­րէն, բայց մո­լորած էր այդ սահ­մա­նումնե­րու բա­ցակա­յու­թեամբ գո­յացող այ­լա­սեռ­ման դի­մաց։ Քա­նի մը տաս­նա­մեակ տե­ւող այդ շո­ւարա­ծու­թեան երե­ւոյ­թը վեր­ջա­պէս յան­գե­ցաւ ամ­բողջովին տար­բեր ազ­դա­կի մը հե­տեւան­քով։ Նո­րայայտ վա­րակ մը մարդկանց կը պար­տադրէր աւե­լի զգոյշ սե­ռային կեանք։ HIV կո­չուած ժահ­րը կը պար­տադրէր աւե­լի զուսպուածութիւն։ Բայց վերջ ի վեր­ջոյ ան­գամ մը շար­ժած էին կիր­քե­րը եւ կա­րելի չէր հին ար­ժէքնե­րը նոյ­նութեամբ շա­րու­նա­կել։ Մին­չեւ այդ հա­սարա­կու­թեան մէջ զա­նազան ճնշումնե­րու հե­տեւան­քով քօ­ղար­կուած միասե­ռական հա­կումնե­րը հա­մար­ձա­կու­թիւն գտած էին հա­սարա­կու­թեան մէջ աւե­լի ազատ իրենց ներ­կա­յու­թիւնը բե­րելու։ Ան­շուշտ որ բազ­մա­թիւ եկե­ղեցի­ներ վե­րապա­հու­թեամբ կը դի­տէին այդ երե­ւոյ­թը եւ Սուրբ Գրա­յին խրատ­նե­րով կը նշէին Ղով­տի ցե­ղին պատ­մութիւ­նը։ Եկուր տես որ այդ նոյն տա­րինե­րուն կա­թողի­կէ կամ անգլիական եկե­ղեցի­ներն ալ կը ցնցուէին բարձրաս­տի­ճան հո­գեւորական­նե­րու ման­կապղծու­թեան լու­րե­րով։ Վեր­ջա­պէս գո­յացաւ հա­մաձայ­նութիւն մը եւ եկե­ղեցին յօ­ժարե­ցաւ նա­րօտով պսա­կել միասե­ռական ամուսնու­թիւննե­րը։

Այս զար­գա­ցումնե­րու հետ զու­գա­հեռ մահ­մէ­տական աշ­խարհի մէջ հետզհե­տէ թափ կը ստա­նար իգա­կան սե­ռի թլփատ­ման ան­մարդկա­յին սո­վորու­թիւն մը։ Սկսե­լով Ափ­րի­կեան եր­կիրնե­րէ հետզհե­տէ կը տա­րածո­ւէր այդ չա­րիքը, որուն հիմ­նա­կան միտքն էր սե­ռային յա­րաբե­րու­թեան ըն­թացքին կին արա­րածի հա­ճոյք ստա­նալը ար­գի­լել։ Պահ­պա­նողա­կան միտ­քը ան­գամ մը եւս հնար­քը ըրած էր ան­մարդկա­յին գոր­ծադրու­թեան մը, յա­նուն բա­րոյա­կան ար­ժէքնե­րու պահ­պանման։

Այս բո­լորը մտա­բերե­ցինք, երբ Թուրքիոյ օրա­կար­գին իրա­րայա­ջորդ կեր­պով յայտնո­ւեցան ման­կապղծու­թեան երե­ւոյթներ։ Ի՛նչ զար­մա­նալի է որ բա­րոյա­կան ար­ժէքնե­րու նկատ­մամբ այդքան բծախնդիր գտնո­ւող եկե­ղեցին եւ մոլ­լա­ները գլխա­ւոր դե­րակա­տար­նե­րը նաեւ կը հան­դի­սանան այս տե­սակի բա­րոյազրկու­թիւննե­րու։

Այս օրե­րուս Թուրքիա կը պատ­րաստուի վերջնա­կանա­պէս լքել Իս­թանպու­լեան հա­մաձայ­նա­գիրը։ Ըստ երե­ւոյ­թի նոյն ոգե­ւորու­թեամբ լցո­ւած են Հա­յաս­տա­նեան հո­գեւո­րակա­նաց դա­սը եւ Թուրքիոյ մոլ­լա­ները։ Չէ որ եր­կուքն ալ շատ դիւ­րաւ հա­մակեր­պե­ցան նոյն Սա­տանա­յին դէմ պայ­քա­րելու հա­մար։

Այս պա­հուն կ՚ար­ժէ հարցնել թէ իրաւ Սա­տանան կնոջ ազա­տու­թեա՞ն մէջ պէտք է փնտռել, թէ ոչ մոլ­լա­ներու եւ հո­գեւորակա­նաց դա­շին­քին մէջ։

pakrates@yahoo.com