Թուրքիոյ հայ համայնքի վաստակաւոր կրթական մշակներէն հաշուեպահ եւ հաշուեքննիչ Եդուարդ Գովան մահացաւ 94 տարեկան հասակին։ Ան ամբողջ կեանք մը նուիրած էր մասնագիտութեան եւ ետին կը թողու բազմարժէք հրատարակութիւններ յատկապէս տնտեսագիտութեան եւ ընդհանուր բառարանագիտութեան կալուածէն ներս։
Ծնած էր 1927 թուականին Իսթանպուլ։ Աւարտած էր Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը եւ ապա Իսթանպուլի Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը։ Տակաւին համալսարանական տարիներուն մուտք գործած էր հաշուեպահական ասպարէզ եւ 1955-ին հիմնած իր սեփական գրասենեակը։ 1961-1981 թուականներուն Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ ուսուցչագործեց, որպէս հաշուեպահութեան ուսուցիչ։ Ամբողջ 40 տարիներ որպէս խորհրդատու ծառայեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանին։ Իր այդ ծառայութիւնները երախտապարտութեան մետայլով մը պարգեւատրուեցաւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կողմէ։
Եդուարդ Գովանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Յուլիս ուրբաթ, ժամը 13.00-ին Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։