ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Տարիքի յառաջացման վրայ երբ կը բարդուի աշխարհակործան համավարակէ խուսափելու կանխամիջոցները, երբ ալ աւելի կը դանդաղի օրուայ հոսքը, կարծես աւելի յաճախ կը մտաբերենք անցեալէն յուշեր։ Անցեալ՝ որ շնորհիւ բազմաթիւ ընկերներու միասնութեան, ապրուած է մեծ եռանդով։ Այդ ապրումները կրկնելու հնարաւորութիւնը այլեւս կը բացակայի մեր սերունդէն։ Իսկ նոր սերունդը, աւաղ շատ խելօք կը թուի։ Ծիծաղով կը լսէ մեր զարմանալի գործերը եւ կը դժուարանայ ընկալելու այդքան հոգեմաշ ձեռնարկներ կազմակերպելու պատճառը։
1996-ի Սեպտեմբեր ամիսն էր, Ուստա Կարապետի հետ եկած ենք Հայաստան։ Իմ երրորդ իսկ իր առաջին այցելութիւնն է Հայաստան։ Իմ առաջին այցելութեան օրօք, 1986-ին Հանրապետութեան Հրապարակին կը հսկէր Լենինի արձանը, տեղադրուած արտակարգօրէն գեղեցիկ պատուանդանի մը վրայ։ Երկրորդ այցելութեանս Լենինի արձանը վերացած էր, իսկ պատուանդանը կը սպասէր նոր քանդակ մը հիւրընկալելու։ Նոյնիսկ ոմանք կարծիքներ կը ներկայացնէին զանազան անուններու մասին, որոնց մէջ ամենաուշագրաւը կը դառնար Արամ Ասատրեանի անունը, իբրեւ նոր ժամանակներու խորհրդանիշ։ Այս երրորդ այցելութեան պատուանդանն ալ վերացած էր, տեղի տալով զանազան վարկածներու թէ ո՞ր մեծահարուստի տան պարտէզը պիտի զարդարէ։
Հմայուած հրապարակի գեղեցկութենէն, նստած էինք կեդրոնական նամակատան աստիճաններուն։ Կարապետ յանկարծ առաջարկեց «Կազմակերպենք ու 2000-ի Զատկին բոլոր ընկերներով հաւաքուինք այստեղ, հրապարակի ճիշդ կեդրոնը» ըսաւ ու աւելցուց «Չորս տարի ունինք մեր առջեւ, կրնանք պատրաստուիլ»։ Այսքանը բաւարար էր որ ուխտէինք նոր մարտահրաւէր մը, որուն պարգեւելիք յաղթանակի քաղցրութիւնը զգացած էինք պահուն իսկ։
Սայաթ Նովա Երգչախումբի կազմէն բազմաթիւ ըենկերներ անցնող 24 տարիներու ընթացքին գաղթած էին զանազան երկիրներ, որոնց հետ կապը պահած էինք, բայց երբեք չէինք հանդիպած։ Պոլիս վերադառնալով մեր այդ կամքը պարզեցինք ընկերներնուս։ Ինչպէս շատ անգամ կը պատահի, միաձայնութիւն մը գոյացաւ իսկոյն։ Ապա սկսանք քննարկել մեր առջեւ յայտնուելիք զանազան դժուարութիւններու յաղթահարման եղանակները։ Բոլոր ցանկացողներու մասնակցութիւնը ապահովելու համար պայման էր կարելի եղած նուազագոյն ծախսով աւարտել նախատեսուած ուխտագնացութիւնը։ Ճիշդ դասաւորելու էինք երթուդարձի թուականը, Զատկի արձակուրդէն լաւագոյնս օգտուելու համար։
Գոյացած էր ակնկալուած հետաքրքրութիւնը։ Երգչախումբի անդամներուն մեծամասնութիւնը ոգեւորուած էին ծրագրէն։ Արտասահմանի մեր նախկին ընկերները նոյնպէս համաձայն էին հայրենի երկրի մէջ մէկտեղուելու։ Աւելին՝ բազմաթիւ բարեկամներ փափաք յայտնած էին այս ճամբորդութեան միանալու։ Այդ տեսակի դիմումները ալ աւելի թափ ստացան երբ հետզհետէ կը մօտենար ճամբորդութեան թուականը։
Իսթանպուլ- Երեւան չուերթները այդ տարիներուն կ՚իրականանային «Հայկական Աւիաուղիներ» ընկերութեան կողմէ։ Տրուած ըլլալով թէ գոյացած էր մօտ 250 հոգինոց ուղեւորներու խումբ մը, մեր վրայ իրաւունք կը տեսնէինք տոմսակի գինին համար սակարկելու։ Նոյնը ըրինք նաեւ Երեւանի «Դվին» հիւրանոցին համար։ Ներքաղաքային եւ մերձքաղաքային շրջօրեայ պտոյտներուն համար վարձեցինք վեց հանրաշարժներ, անշուշտ դարձեալ լուրջ ու անխնայ սակարկութիւններով։
Բոլոր մանրամասնութիւնները կարգադրելէ ետք, Մարտ ամսու մէջ դիմեցինք այս տեսակի ուղեւորութիւններու փորձառու արհեստավարժ անունի մը՝ Կարպիս Ուղուրլեանին։ Պարոն Ուղուրլեան դէպի Խորհրդային Հայաստան բազմաթիւ շրջագայութիւններ կազմակերպելէ ետք ընդհատած էր իր աշխատութիւնը։ Իրեն պարզեցինք մեր մշակած ծրագիրը եւ այդ ծրագրին համար մասնակիցներէ պահանջուած գումարը։ Առաջին պատասխանը եղաւ «Մոռցէք այդ գումարը՛ այդքան դրամով կարելի չէ Հայաստան ճամբորդել»։ Երկրորդ առարկութիւնը ուղեւորներու թիւին էր։ «Այդքան մեծ խումբ երբեք չէ եղած։ Ես որ տարիներէ ի վեր այս գործը կ՚ընեմ, ամենաշատ 100 հոգի կրցած եմ հաւաքել»։ Համոզուած էր թէ մինչեւ մեկնումի օրը բազմաթիւ հրաժարողներ պիտի ըլլան։ Բայց պատահեցաւ հակառակը եւ վերջին օրերուն մենք էր որ կը հարկադրուէինք նոր դիմումները մերժելու։ «Հայկական Աւիաուղիներ» ընկերութեան Պոլսոյ ներկայացուցիչ «Թաւըր Թրեւըլ» ընկերութեան հետ նստանք երկրորդ սակարկութեան։ Այս անգամ կը պահանջէինք թռիչքի ժամը յետաձգել, որպէսզի Կեդրոնական եւ Գարակէօզեան վարժարաններու ուսուցիչներ եւ աշակերտներ եւս հասնին ճիշդ ժամուն։ Նշեմ որ պոլսահայ ուսուցիչներ առաջին անգամ այս առթիւ ճամբորդած եղան դէպի Հայաստան։ Նախապէս համայնքի «շրջահայեաց» վարչականները ամէն գինով արգելք հանդիսացած էին դէպի Հայաստան ուսուցիչներու այցելութիւնը արգիլելու համար։ Ինչ զարմանալի երեւոյթ, Պոլսահայոց ամենազգուշ տարրերը միշտ սիրած են գրաւել աթոռներ, ոչ թէ յառաջացողին ձեռքէն բռնելու, այլ ոտքէն բռնելով ետ քաշելու համար։ Աւիաընկերութիւնը այս չուերթին համար տրամադրած էր իր կազմի մեծագոյն ինքնաթիռը՝ «ԻԼ 82», որ ունէր 300 ուղեւոր ընդունելու տարողութիւն։
Երբ հսկայ ինքնաթիռը վազքուղիի վրայ սուրալէ ետք անիւները վերցուց կրպուղիէն, բոլորս լցուած էինք անբացատրելի հրճուանքով։
(Շարունակելի)