Նախորդ տարուայ Մարտ ամիսէն սկսելով մինչեւ օրս աշխարհի զանազան երկիրներու վրայ մարդկային ծանր կորուստներու պատճառ դարձած, նաեւ տնտեսական ճգնաժամերու տեղի տուած պսակաձեւ ժահրի համավարակը հետզհետէ մտած է մարման փուլին։ Թէեւ գիտնականներ կը զգուշացնեն հաւանական նոր ալիքներու մասին։ Այս ալիքներու նորայայտ տարբերակն է «Տելթա» կոչեցեալը, որ այս պահուն իսկ Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերուած է վարակման 134 դէպքեր։ Զանազան երկիրներ զգալիօրէն կը թուլացնեն կանխազգուշացման միջոցները։ Այդ շրջանակով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ալ 21 Յունիսին կատարած յայտարարութիւնով աւետեց թէ 1 Յուլիսի դրութեամբ վերջ կը գտնեն փողոց ելլելու մասին բոլոր սահմանափակումները։ Նոյնպէս պարտադիր չըլլար բաց տարածքներու մէջ դիմակ կրելը։ Հանրային փոխադրամիջոցներու համար կիրարկուող բոլոր սահմանափակումները եւս կը վերանան 1 Յուլիսէն սկսեալ։
Կանխամիջոցներու թուլացման առումով շատ կարեւոր գործօն մըն է զբօսաշրջութեան շուկայի մատնուած ճգնաժամը։ Արդարեւ այս շաբթու մէջ վերսկսած է Ռուսասանէն դէպի Թուրքիա զբօսաշրջութեան հոսանքը։
Ինչպէս յաճախ այս անգամ ալ Էրտողան իր յայտարարութիւնով պատճառ դարձաւ նոր բանավէճի մը, երբ անդրադարձաւ կէս գիշերէ ետք երաժշտութիւն ածելու արգելքին։ Այդ արգելքը արդէն նորութիւն մը չէր եւ տարիներէ ի վեր բարձր ձայնով երաժշտութիւնը արգիլուած էր կէս գիշերէն ուշ ժամերուն համար։