20Յունիսի արտահերթ խորհրդարանային ընտրութիւններէ ետք Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը երկրի տարածքի 2008 ընտրական տեղամասերէն ստացած տուեալներով հրապարակած է ընտրութեան նախնական արդիւնքները։
Վարչապետի տեղակալ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ընտրութեան յաղթողն է, որ ինքնին ստացած է ձայներու մօտ 54 տոկոսը։ Իր ամենամօտ մրցակից Ռոպերտ Քոչարեանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ այլ մի քանի քաղաքական շարժումներու հետ ընտրութիւններու մասնակցող «Հայաստան» դաշինքը ապահոված է ձայներու 21,4 տոկոսը։
Հանրապետութեան Գ. Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի շուրջ հաւաքուած «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը թէեւ չէ յաղթահարած անցողիկ շեմը, բայց խորհրդարան պիտի մտնէ իրաւունքի ուժով։
Աթոռները պիտի բաժնուին հետեւեալ ձեւով՝
Քաղաքացիական պայմանագիր 71 աթոռ,
«Հայաստան» դաշինք 29 աթոռ,
«Պատիւ ունեմ» դաշինք 7 աթոռ։
4 մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւններու 4 աթոռներէն 3-ը Քաղաքացիական պայմանագիրի բաժինէն է, 1-ը՝ «Հայաստան» դաշինքին։ Այսպիսով՝ «Հայաստան» դաշինքի աթոռները կը դառնան 27։
Ատկէ բացի, «Հայաստան» դաշինքը կը ստանայ լրացուցիչ 2 աթոռ, որպէսզի խորհրդարանին մէջ ապահովէ սահմանադրութեան պահանջը. ընդդիմութեան կազմը խորհրդարանին մէջ պէտք է 1/3-էն պակաս չըլլայ։
Նոր խորհրդարանը իր դէմ կը գտնէ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ խնդիրներ, որոնց լուծումը անհրաժեշտութիւն մըն է երկրէ ներս 9 Նոյեմբեր թուականէն այս կողմ գոյացած բեոեռացումները վերացնելու առումով։ Նման արդիւնքի համար պայման է ողջմտութեան եւ բարեացակամութեան ներկայութիւնը։ Բան մը՝ որ ամենապիտանին է եւ զգալիօրէն կը բացակայի Հայաստանի քաղաքական դաշտնի վրայ։
Ի վերջոյ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը, որ ամբողջ Հայաստանի կամքի դրսեւորումն էր, այժմ կը կարօտի պողպատեայ կամքի մը, որուն շնորհիւ կրնայ հաստատուիլ ժողովուրդի ակնկալութիւնը։ Այդ ակնկալութեան գլխաւոր տարրերն են երկրի անվտանգութեան հաստատումը, օրինականութեան եւ արդարութեան հանդէպ վստահութիւնը եւ տնտեսութեան մենաշնորհներ ապահոված օլկարխական համակարգէն ձերբազատումը։ Արդէն իսկ հիասթափած եւ երկրի ապագայի նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած Հայաստանի բնակչութեան եւ նաեւ սփիւռքահայութեան գօտեպնդումը երաշխիքն է այն պայծառ տեսլականին, որուն արժանի է հայ անհատը։