Շրնաքի Պէյթուլշեպափ գաւառի Քովանքայա կամ պատմական անունով Մեղրի գիւղի բնակիչներ Հիւրմիւզ եւ Շիմունի Տիրիլ ամոլը 8 Յունուար 2020 թուականին առեւանգուած էին։ Շիմունի Տիրիլի տանջամահ եղած դիակը 70 օր ետք յայտնաբերուեցաւ իր տան մօտակայքի Հեզիլ առուակի եզրին։ Հիւրմիւզ Տիրիլի մասին մինչեւ այսօր ոչ մէկ տեղեկութիւն։ Այս խորհրդաւոր պատահարը 20 Յունիսին նոր հունի մը մէջ մտաւ Աբրօ Տիրիլի եւ այլ երկու անձերու բերման ենթարկուելով։ Ոստիկանական հայցերու լսումէն ետք բերան ենթարկուածները յանձնուեցան Շրնաքի դատախազին։ Դատարանը կանխազգուշացման միտումով ձերբակալեց Աբրօ Տիրիլը։ Իսկ միւս ամբաստանեալները ազատ արձակուեցան դատական հսկողութեան պայմանով։ Գիւղի միակ բնակիջը Աբրօ Տիրիլ այս հարցաքննութեան շրջանակով անցեալին ալ բերման ենթարկուած, բայց ոստիկանական հայցը ստանալէ ետք ազատ արձակուած էր։ Աբրօ Տիրիլի անունը մեր ընթերցողներուն ծանօթ է երբ որ Շիմունի եւ Հիւրմիւզ Տիրիլ ամոլի հարազատները «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանելու պահուն նշած էին իր անունը եւ կասկածներ յայտնած։ Աւելի ետք Աբրօ Տիրիլ ալ «Ակօս»ին յայտարարութիւններ ըրած եւ մերժած էր իրեն ուղղուած մեղադրանքները։
Տիրիլ ընտանիքի իրաւապաշտպան Օրհան Քեմալ Ճենկիզ «Ակօս»ին յայտարարութիւններ ընելով ըսաւ թէ դատախազութիւնը սկսած է խնդիրը լուրջի առնել։ «Լիարժէք կերպով տեղեակ չենք հարցաքննութեան թղթածրարի բովանդակութենէն։ Անշուշտ որ Աբրօ Տիրիլի ձերբակալութիւնը կարեւոր հանգրուան մըն է։ Դէպքի մասին նախնական տուեալները անգամ կը յուշեն թէ ան առանձին չէ գործած։ Այստեղ հարցական է նաեւ այն թէ դատախազութիւնը ինչո՞ւ համար այսքան ուշ շարժման անցած է։ Վաղուց պէտք է դատը յարուցուած ըլլար։ Հարցաքննութիւնը անկատար ընթացաւ նախ պիտի փորձենք ամբաստանագիրը տեսնել եւ ապա այդ հիման վրայ ալ իրողութիւնը հաստատել» ըսաւ Փաստաբան Օրհան Քեմալ Ճենկիզ։