«Ոճրագործը եւ Պահչելին նոյն լեզուով կը խօսին»

ՀՏՓ կու­սակցու­թեան հա­մանա­խագահ Փեր­վին Պուլտան իր կու­սակցու­թեան խմբա­կի ժո­ղովի ըն­թացքին անդրա­դար­ձաւ Տե­նիզ Փոյ­րա­զի սպա­նու­թեան։ Ան իր ելոյ­թին մէջ ըսաւ հե­տեւեալ­նե­րը. «Ոճ­րա­գոր­ծի յատ­կա­նիշ­նե­րը ընդհա­նուր դի­մագիծ մը կը ներ­կա­յաց­նէ՝ թէ ի՞նչ է այդ ընդհա­նուր դի­մագի­ծը։ Մեր կու­սակցու­թեան հան­դէպ «մի­ջատի նման ոչնչաց­նե­լու» կոչ ընող ցե­ղաս­պան լե­զուն է։ «Դեռ ին­չե՞ր պի­տի տես­նէք» ըսե­լով սպառ­նա­ցող լե­զուն է։ «Վեց մի­լիոն ընտրող­նե­րու ձայ­նը քա­լաշ­նի­քոֆի փամ­փուշտներ են» ըսող յօ­դուա­ծագ­րի լե­զուն է։

Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թեան պետ Տեւ­լեթ Պահ­չե­լի Տե­նիզ Փոյ­րա­զի սպա­նու­թեան մա­սին ըսած էր հե­տեւեալը. «Ես ձե­զի ըսեմ թէ ո՞վ է Տե­նիզ Փոյ­րազ։ Ան ՓՔՔ-ի դաշ­տա­յին միաւորումնե­րու մաս­նակցու­թեան պա­տաս­խա­նատուն է։ Մարտնչե­լու հա­մար ՓՔՔ-ի ճամ­բարներ եր­թալ փա­փաքող­նե­րը ինք կ՚ուղղոր­դէր»։

Պահ­չե­լիի այս խօս­քե­րուն անդրա­դառ­նա­լով Փեր­վին Պուլտան ըսաւ որ ոճ­րա­գոր­ծը եւ Պահ­չե­լի նոյն լե­զուն կը գոր­ծա­ծեն։ «Պահ­չե­լի իր ելոյ­թով ստանձնած է ոճի­րը» ըսաւ Փեր­վին Պուլտան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ