Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութիւնով աւարտելէն ետք անգամ մը եւս խօսած էինք Օսմանեան Բանակի ամենամարտունակ ջոկատներու Ենիչերիներու յատուկ սովորութեան մը մասին։ Երբ Ենիչերիներու պարտութիւն մը արձանագրուէր անոնք իսկոյն մեղադրանքի սլաքները կ՚ուղղէին վարչապետին եւ կը պահանջէին անոր գլխատումը։ Սուլթանը ընդհանրապէս կը կատարէր Ենիչերիներու պահանջը եւ այսպէսով պարտութեան մեղքն ալ փաթթուած կ՚ըլլար քաւութեան նոխազի մը վզին։
Այդ նոյն պատկերը ապրեցանք Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութիւնով աւարտելէն ետք։ Այս անգամ ժողովուրդի կամքով գահընկէց եղածները վրիժառութեան յարմար առիթ մը գտած եղան եւ դիմեցին Ենիչերիներու եղանակին, դաւաճան հռչակելով երկրի վարչապետը։ Իրենց մութ նպատակները իրականացնելու համար գտած էին յարմար առիթ մը եւ ամբողջ ուժով կառչած այդ առիթէն օգտուելով իրենց ժողովուրդի կողմէ արդէն մերժուած իշխանութիւնը վերահաստատելու համար։ Այդ առումով յաջողեցան նաեւ իրենց գաղափարակից զանգուած մը կազմելէ, որմէ չէին բացակայէր երկրի նախագահը, Ամենայն Հայոցը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը մինչեւ իսկ ՀՅԴ կամ ՌԱԿ եւ անոնց փողը հնչեցնողներու լայն զանգուած մը։ Կը բացակայէր ինքը միայն՝ ժողովուրդը։ Ան երբեք մտադիր չէր փորձուածը կրկին փորձելու։ Ի դէմ պարտութեան ծանր բեռին, գիտէր թէ վարչապետի հրաժարումով դիւրաւ պիտի քօղարկուի այս ծանր պարտութեան տեղի տուող բուն գործօնները։ Կրկին պիտի վերյիշուին այն քաղաքական գործիչները, որոնք մինչեւ խրամատներ երթալով մարտնչող զինուորներուն խորհուրդ կու տային դասալիք ըլլալ եւ փրկել իրենց մաշկը։ Ենիչերիներու վերեւ նշուած վարուելակերպին մէջ կայ նաեւ մի այլ երեւոյթ, որ անտեսելը խիստ վտանգաւոր է։ Վարչապետները որ Օսմանեան Պետականութեան մէջ կը յիշուէին սատրազամ անունով, շատ անգամ զոհը կը դառնային ամբոխավարութեան։ Բայց եղած են դէպքեր, ուր անոնք յաջողած են ազատել իրենց վիզը, այս անգամ գլխատուած են այդ ապստամբութիւնը կազմակերպողները, այսինքն Ենիչերիներու աւագները։
Իշխանութեան եկած օրէն այս կողմ ընդմիշտ յեղափոխութեան Թաւշեայ յատկութիւնը փառաբանող Նիկոլ Փաշինեան փորձով տեսաւ թէ կը կարօտի նաեւ պողպատի հզօրութեան։
Հայաստանի մէջ ինչպէս աշխարհի բազում երկիրները իշխանութեան համար մղուած պայքարի ետին կայ երկրի հարստութիւնը դասաւորելու խնդիր։ Նախկիններու ընտրութիւնը եղած էր բուռ մը օլիկարխներու հարստացման փոխարէն Հասարակութեան սնանկացումը։ Գիտենք թէ ներկայ դրութեան մէջ ոչ մէկ վարչակարգ կարողութիւն ունի «Ազատ տնտեսութեան շուկայ» կոչուածը մերժելու։ Նման փորձ մը իսկոյն խեղդամահ կ՚ըլլայ նախ եւ առաջ իբրեւ թէ քաղաքակիրթ երկիրներու միջամտութիւններով։ Այս մասին վառ օրինակներ են Սուրիան, Լիպիան եւ Ռումինեան։ Ռումինոյ նախագահ Չաւուշեսքու դաժանօրէն գնդակահարուեցաւ ո՛չ թէ իր իշխանութեան անօրինութիւններուն կամ անմարդկային յանցագործութիւններուն, այլ պարզապէս համաշխարհային դրամատունէն պարտք չպահանջելուն համար։ Չաւուշեսքույի սպանուած պահուն Ռումինիա օտար երկիրներուն պարտք չունեցող միակ պետութիւնն էր աշխարհի վրայ։
Ուրեմն Հայաստան չի կրնար ազգային տնտեսութիւն մը մշակել։ Բայց կրնայ օրինականութիւն հաստատել երկրի մէջ, որ ինքնաբերաբար կը նպաստէ հասարակութեան կենցաղի զարգացման։ Այդ հանգրուանէն ետք երկրի յառաջընթացը ապահովելու համար պիտանի լծակները ի ծնէ գոյութիւն ունին հայ մարդու կազմութեան մէջ։
pakrates@yahoo.com