Իսթանպուլի յոյն համայնքի վաստակաւոր լուսանկարիչ Նիկոլաս Մանկիլաս Ապրիլ ամսուայ մէջ մահացած էր վարակուելով պսակաձեւ ժահրէն։ Ան երկար տարիներ աշխատած էր, որպէս Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքի պաշտօնական լուսանկարիչը։ Իր այդ առաքելութեամբ կերտած էր պատմութեան յատուկ շերտի մը վաւերագրական յիշողութիւնը։ Իր մահը մեծ յուզում յառաջացուցած էր յատկապէս պաշտօնակիցներու շրջանակին մէջ։
Ենիգիւղի Փանայիա Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ վարչութիւնը որոշած է Մանկինասի յիշատակին լուսանկարչութեան մրցում մը կազմակերպել «Մենք եւ մեր աւանդութիւնները» խորագրով։ Այս խորագրէն մեկնելով եկեղեցւոյ թաղականութիւնը կը նպատակադրէ փոքրամասնութիւններու ընկերային կեանքէն առնուած դրուագները ծանօթացնել երկրի հասարակութեան։
Թաղականութիւնը իր այս նախագծին համար ապահոված է Թուրքիոյ Լուսանկարիչներու Դաշնութեան (TFSF) գործակցութիւնը։
15 Յունիսին մեկնարկած նախաձեռնութեան մասնակցելու համար կարելի է դիմում կատարել մինչեւ 1 Դեկտեմբեր 2021, իսկ մրցման արդիւնքները պիտի յայտարարուին 21 Դեկտեմբեր թուականին։
Այս մրցումին համար դատակազմ մը գոյացած է հետեւեալ անուններէ՝
Ճոշկուն Արալ, Իզզեթ Քերիպար, Ալպերթո Մոտիանօ, Պերճ Արապեան, Էմինէ Իւլքերիմ, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Եորկօ Տեմիր։
Մրցման առաջինը կը պարգեւատրուի 7 հազար 500ԹԼ-ով։ Երկրորդը կը ստանայ 5 հազար, իսկ երրորդը կը ստանայ 2 հազար 500 ԹԼ.։ 2 հազար ԹԼ. Կը տրամադրուի դատակազին յատուկ մրցանակին արժանացողին։ Երեք գործեր կը ստանան խրախուսման համար շնորհուած 500ԹԼ., իսկ ցուցադրութեան արժանի գտնուած առաւելագոյն 30 գործերու իւրաքանչիւրին համար ճշդուած է 250ԹԼ պարգեւ։
Մրցումը բաց է արհեստավարժ, թէ սիրողական բոլոր լուսանկարիչներու համար։